Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

Սեպտեմբեր 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

teh-1_9-23-15

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Դրօ Մսըրլեան
Դրօ Մսըրլեան
Ալիսիա Իշխանեան
Ալիսիա Իշխանեան
Ռիթա Պարոնեան եւ Սիպէլ Աւետիսեան
Ռիթա Պարոնեան եւ Սիպէլ Աւետիսեան

Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դրօ Մսըրլեան: Իր խօսքին սկիզբը ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի նահատակներուն յիշատակը: Ան նկատել տուաւ, որ այս նահատակները ինկան հայրենիքէն դուրս, սակայն հայութեան եւ հայեցի արժէքներու պահպանման համար: Անոնք ինկան, որ Լիբանանի մէջ հայութիւնը շարունակէ բարձր պահել իր պատիւն ու արժանապատուութիւնը, որ յարատեւէ հայուն համախումբ կեանքը: Ինկան իրենց ընտանիքին եւ բարեկամներուն ապահովութեան համար, բայց մանաւանդ Լիբանանի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ անդորրութեան համար:  «Մեր նահատակները այսօր մեզի կը կտակեն, որ մենք շարունակենք նուիրական այն գործը, որ սկսած են մեր նախորդ սերունդները: Անոնք մեզի կը կտակեն կառչած մնալ հայեցի ու աւանդական մեր արժէքներուն` ամուր պահելով մեր հաւատքը մեր ազգային գերագոյն նպատակներուն նկատմամբ», եզրափակեց Դրօ Մսըրլեան:

Այնուհետեւ Սիպէլ Աւետիսեան եւ Ռիթա Պարոնեան կարդացին Սեւակ Արոյեանի կողմէ գրուած սրտի խօսքը, ուղղուած` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի նահատակներուն:

Օրուան բանախօս Րաֆֆի Քէչէճեան յետադարձ ակնարկով մը արժեւորումը կատարեց Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին` թուելով ամբողջ դէպքերու շարքը.

1) Քաղաքացիական պատերազմ եւ եղբայրասպան կռիւ, որուն ընթացքին գաղութը իր մշակութային եւ քաղաքական գոյապայքարի կողքին ստիպուեցաւ նաեւ պաշտպանել իր ֆիզիքական գոյութիւնը:

2) Մեր թաղերու ապահովութիւն եւ ինքնապաշտպանութեան գործ, ուր երիտասարդները կը ներկայանային մեր ակումբները` կատարելու համար պահակութեան պարտականութիւնը:

3) Դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, երբ լիբանանահայ քաղաքական ղեկավարութիւնը մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներուն հիմնական դերակատարներուն որեւէ մէկ կողմի հաշիւներուն մէջ:

4) Ժողովուրդին տիրութիւն ընելու գործ, ուր դաշնակցական ղեկավարութիւնը կը նետուէր ասպարէզ կազմակերպելու, ղեկավարելու, ապահովելու ինչ որ անհրաժեշտ էր ինքնապաշտպանութեան գործին համար:

5) Ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու հարց, երբ պետութեան բացակայութեան մեր ակումբները ստանձնեցին նաեւ այլ տեսակի պարտաւորութիւններ` թաղային, դատական, պետական գործեր եւ այլն:

Յարութ Լափաճեան
Յարութ Լափաճեան
Հայկ Քէշիշեան
Հայկ Քէշիշեան

Քէչէճեան հաստատեց, որ եթէ չըլլային  ժողովրդային անվերապահ զօրակցութիւնը եւ կոյր վստահութիւնը Դաշնակցութեան հանդէպ,  երիտասարդական խանդավառութիւնը գործին հանդէպ, նաեւ ՀՅԴ կառոյցը, որ իր վրայ առաւ գործին ծանր բեռը, մենք պիտի չհասնէինք ներկայ օրերու վիճակին: Եզրափակելով իր խօսքը` Ր. Քէչէճեան կոչ ուղղեց վերանորոգելու հաւաքական մեր պատրաստակամութիւնը, միասնական ուժերով  յաղթական դուրս գալու նաեւ այս հանգրուանի պայքարէն` պաշտպանելով լիբանանահայ գաղութը եւ անոր ազատ ապրելու բացարձակ իրաւունքը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած քաղաքացիական պատերազմին «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ տիրող կացութեան եւ շրջանի նահատակ ընկերներուն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Հայկ Քէշիշեան, որ շուիի վրայ նուագեց «Ով կամաւոր է կռւում» եւ «Աղբերս ու ես» երգերուն երաժշտութիւնը, նաեւ Ալիսիա Իշխանեան, որ ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը: Ապա Յարութ Լափաճեան մեկնաբանեց  «Դաժան կռւում» եւ «Վեհ գաղափար Դաշնակցութեան» երգերը:

teh-6_9-23-15

Ձեռնարկի աւարտին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Օշին քհնյ. Գէորգեան կատարեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակին օրհնութիւնը, որմէ ետք նահատակներու ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը:

 

Նախորդը

Հէյլ Այցելեց Վարչապետարան Եւ Պնաշհի

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?