Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա` հրաւէրովը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմենոֆաս հիմնարկին: Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին յաջորդաբար Ժընեւի, Պենիանի (Լոզանի մօտ), Պեռնի եւ Ուալզընհաուզընի (Ցիւրիխի մօտ) շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւններ «100 տարիներու հայ-զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով: Հանդիսութիւններուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն վեհափառ հայրապետը, Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահն ու պետական ներկայացուցիչներ: Յատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի Բաբա Քունցլերի, Քրաֆթ Պոնարի, այլ զուիցերիացիներու եւ ընդհանրապէս Զուիցերիոյ այն եկեղեցիներուն ու հաստատութիւններուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ընկերային ու մարդասիրական մարզերու մէջ մեծապէս օժանդակեցին հայ ժողովուրդին` յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:
Վերոյիշեալ ձեռնարկներուն առընթեր, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ` զուիցերիական թերթերու եւ մամլոյ գործակալութիւններուն հետ: Յիշեալ առաքելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, նախարար Արթիւր Նազարեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Զուիցերիոյ մէջ պատուիրակութեան պիտի միանան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ Արմենոֆասի խորհուրդի անդամ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Արմենոֆասի նախագահ Թենի Սիմոնեան, նոյն խորհուրդի անդամ Ալեքսան Քէօշէեան եւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան: