Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

September 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

tesban_9-23-15

22 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւնը:

Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի  նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին, Լիբանանի վարչապետի ներկայացուցիչ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ դեսպան Միրա Տահեր, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ  երեք տասնեակ օտարերկրեայ դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, քաղաքական կուսակցութիւններու, կրօնական համայնքներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ,  լիբանանահայ համայնքի ազգային կառոյցներու ղեկավարներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, ՖԻՆԻՒԼ-ի կազմին մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայ սպաներ, գործարարներ, բարերարներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը ներկայացուց անկախութեան 24 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի անցած ուղին եւ ունեցած յաջողութիւնները, անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ` միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման, խաղաղութեան հաստատման, արդարութեան վերականգնման եւ  մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստանի շարք մը նախաձեռնութիւններուն, որոնք արժանացած են միջազգային հանրութեան աջակցութեան: Իբրեւ օրինակ, դեսպանը նշեց 11 սեպտեմբերին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի 69-րդ նստաշրջանին ընթացքին փոխադարձ համաձայնութեամբ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակին եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» խորագիրով բանաձեւը: Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններու մասին` դեսպան Քոչարեան գոհունակութեամբ ընդգծեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ բարձր քաղաքական երկխօսութեան առկայութիւնը, որ ամրապնդուեցաւ  այս տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարներու փոխադարձ այցելութիւններով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի Լիբանան կատարարած այցելութեամբ: Խօսելով մշակութային յարաբերութիւններուն մասին` դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի նուագախումբերը վերջին տարիներուն կը մասնակցին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող շարք մը միջազգային երաժշտական փառատօններու: Ան տեղեկացուց ներկաները, որ նոյեմբեր 2014-էն սկսեալ Հայաստանը միացաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ընտանիքին, եւ  հայաստանցի խաղաղապահները բարձր պատասխանատուութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը` նպաստելով բարեկամական Լիբանանի կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման: Դեսպանը շեշտեց լիբանանահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկու ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն` անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի խորհրդարանին եւ բարեկամ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` երեկոյին ներկայ  օտարերկրեայ դեսպաններուն, որոնց երկիրները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ օգնութեան ձեռք երկարած ոճրագործութիւններէ փրկուած հայորդիներուն:

Պաշտօնական ընդունելութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.