«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:



Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Ղազարեան: Ան յայտնեց, որ 13 ապրիլ 1975-ը լիբանանահայութեան համար եղաւ անկիւնադարձային պահ մը, երբ սկսաւ քաղաքացիական պատերազմը, որ տեւեց մինչեւ 13 հոկտեմբեր 1990: Ան նկատել տուաւ, որ այդ դաժան օրերուն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը` պաշտպանելով հայկական թաղերը, դպրոցները, եկեղեցիները: Ղազարեան ըսաւ, թէ Հայաշէնը այդ վայրագութենէն անմասն չմնաց եւ տուաւ նահատակներ, սակայն կրցաւ դիմանալ 40 տարի համախմբուելով Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին շուրջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Յակոբ Ղազարեան փափաք յայտնեց, որ հայութիւնը շարունակէ մնալ նոյն կամքով եւ նոյն հաւատքով:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ Համբիկ Միսաքեան եւ Արշակուհի Տէր Խաչատուրեան կենդանի վկայութիւններ տուին պատերազմի օրերուն Հայաշէնի շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին:



Գեղարուեստական բաժինով Քրիսթինա Սրապոնեան արտասանեց Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեանի «Քարերէն աւելի կարծր հաւատք» քերթուածը, Յարութ Պուտուրեան երգեհոնի վրայ ներկայացուց երաժշտական կտոր մը, Անի Նալպանտեան երգեց «Թռչէի մտքով տուն» եւ «Զարթիր որդեակ» երգերը, Շաքէ Պաղտասարեան մեկնաբանեց «Հեռացած ընկերներ» եւ «Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ» երգերը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` նուիրուած քաղաքացիական պատերազմին Հայաշէնի մէջ տիրող կացութեան եւ շրջանի նահատակ ընկերներուն:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համբիկ Միսաքեան: Ան հաստատեց, որ հայոց պատմութեան էջերը բազմիցս ցոյց տուած են, որ մեր ժողովուրդը հինէն ի վեր դիմադրած է պատերազմներու դժուարութիւններուն: 40 տարի առաջ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս կրցաւ դիմագրաւել դաժան պայմանները, շնորհիւ հայ քաջ մարտիկներուն: «Ունեցանք նահատակներ, որոնք իրենց զոհողութեամբ մեզ ողջ պահեցին, մեր կեանքը վերակենդանացուցին եւ նոր շունչ տուին, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը գոյատեւէ», հաստատեց Միսաքեան` աւելցնելով, որ անոնք իրենց զոհաբերութեամբ ցանեցին մեր մէջ կեանքի եւ հաւատքի զգացումը, դժուարութիւններ դիմագրաւելը եւ հայապահպանման ոգին: Շարունակելով իր խօսքը` Միսաքեան յայտնեց, որ մեր տղաքը հայկական թաղերուն մէջ պաշտպանեցին հայուն պատիւը, հայուն բնակարանը, դպրոցն ու եկեղեցին եւ դիմագրաւելով օրուան մարտահրաւէրներն ու պայմանները, աննկուն կամքով եւ հայավայել վճռակամութեամբ կրցան անմահանալ իրենց նահատակութեամբ: «Հայաշէն թաղամասը անմասն չմնաց պատերազմին պատճառած նիւթաբարոյական վնասներէն: Ունեցանք նահատակներ, սակայն թօթափելով ամէն տեսակի դժուարութիւնները` կրցանք վերակազմակերպուիլ եւ վերականգնիլ» եզրափակեց Միսաքեան:
Ձեռնարկի աւարտին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեան կատարեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակի օրհնութիւնը, որմէ ետք նահատակներու ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը: