Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Նախքան ձեռնարկը, «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբին մէջ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան օրհնեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակը, որմէ ետք կատարուեցաւ անոր քողազերծումը:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան «Թռչնոց Բոյն»-ի եկեղեցւոյ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը: Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին քաղաքացիական պատերազմի նահատակներու յիշատակը, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Կարապետեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975-ին Լիբանանի մէջ սկսած քաղաքացիական եղբայրասպան պատերազմը խլեց աւելի քան հարիւր հազար զոհեր` քանդելով ամբողջ Լիբանանը, եւ այդ ճակատագրական օրերուն լիբանանահայութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ եւ պատրաստ էր իր գոյապահպանման համար ամէն ինչ զոհաբերելու: Առ այդ, կուսակցական թէ համակիր երիտասարդները ստանձնեցին հայահոծ շրջաններու եւ թաղերու ինքնապաշտպանութեան սրբազան ու նուիրական գործը եւ անոնցմէ շատեր իրենց գարուն կեանքը զոհեցին վասն ժողովուրդի ապահովութեան` հաւաքական մեր կեանքի պատիւն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու խոր գիտակցութեամբ: Կարապետեան ըսաւ, թէ Ժիպէյլի հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան կարիքը չզգաց, սակայն մարդասիրական գետնի վրայ իր առաքելութիւնը կատարեց 1979 թուականին, երբ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ Պուրճ Համուտի ռմբակոծումներէն փախչելով ապաստան գտան «Թռչնոց Բոյն»-ին մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 40-ամեակին:
Օրուան բանախօս Րաֆֆի Տեմիրճեան սկսաւ իր խօսքը նշելով, որ «1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն 60 տարիներ ետք, հայրենիքէն տեղահանուած հայութիւնը հազիւ ծաղկման ու վերելքի մէջ էր, երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ նոր ցնցումի մը, որ պիտի խլէր նոր գարուններ եւ պիտի քանդէր տասնեակ տարիներու աշխատանքը` հարուած հասցնելով գաղութի կազմաւորման»` աւելցնելով, որ դաժան ճակատագիրը կը կրկնուէր եւ այս անգամ զոհը լիբանանահայութիւնն էր, որ նման պայմաններու մէջ կա՛մ պէտք էր յանձնուէր` արտագաղթելով եւ կա՛մ պայքարէր` պահպանելու համար գաղութը: Ան յայտնեց, որ հայութիւնը որոշեց պաշտպանել թաղամասերը եւ անհրաժեշտութեան պարագային դիմել ինքնապաշտպանութեան` կասեցնելու բոլոր փորձերը` մուտք գործելու հայկական շրջանները: Սակայն ասոր իբրեւ հետեւանք նահատակուեցան տասնեակ մը երիտասարդներ: Շատեր պահակութեան ընթացքին, ուրիշներ երբ օգնութեան կը հասնէին կարիքաւորներուն կամ սնունդ կ՛ապահովէին: «Ինչպէս երէկ` քաղաքացիական պատերազմին վստահեցանք երիտասարդներուն, այսօր ալ պէտք է ջահը յանձնենք նոր սերունդին: Երիտասարդ մարդուժով կրնանք ամրացնել մեր ազգային բերդերը», եզրափակեց Տեմիրճեան` կոչ ուղղելով համախմբուելու Դաշնակցութեան դրօշին տակ, միասնաբար մերժելու հայաթափումը, անտարբերութիւնը, անհատապաշտութիւնը, ծուլութիւնը, բարոյալքումը, ապազգային երեւոյթները, բոլոր տեսակի օտարամոլութիւնները եւ միասնականութիւնը քանդել փորձող բոլոր մարտահրաւէրները:
Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան խօսք առնելով շեշտեց, թէ սոյն ձեռնարկը պարզապէս ամեակի մը նշումը կամ յիշատակելի երեկոյ մը չէ, այլ անոր մէջ կը խտանայ մեր խոր հաւատքն ու գիտակցութիւնը զոհուած հայ երիտասարդներուն նկատմամբ, որոնք ջանք չխնայեցին հայկական հայահոծ շրջաններու եւ թաղերու պաշտպանութեան նուիրական գործին համար: Ան յայտնեց, որ նահատակները քաջ գիտէին, որ նուիրումով ու պայքարով կարելի էր հասնիլ փայլուն ապագայի: Ան յորդորեց ներկաները իրենց կեանքով արժեւորելու իրենց ունեցած հաւատարմութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը, որպէսզի կարենան իրենց համեստ լուման ձգել հայ ազգի փառաւոր գանձանակին մէջ:
Գեղարուեստական բաժինով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը մեկնաբանեց նահատակ տղոց նուիրուած երգեր, իսկ «Հայք» նուագախումբը ներկայացուց «Վեր կաց», «Աշխարհի ցաւով» եւ «Դաժան կռւում» երգերը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: