«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:



Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ռիթա Թաշճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975-ին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներու տեւողութեան ընթացքին լիբանանահայութիւնը` ներառեալ Ռաուտայի հայահոծ շրջանի երիտասարդները ճիգ չխնայեցին շրջանը պաշտպանելու ամէն տեսակի վտանգներէն` աւելցնելով, որ շրջանի ղեկավարութեան առաջնահերթ եւ առօրեայ մտահոգութիւնը եղած էր պահակութիւնը, զինավարժութիւնը, ուտելիքի մատակարարումը, նաեւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը: Ան յիշատակեց շրջանի նահատակ ընկերներէն Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանը եւ Կարօ Գոլանճեանը, նաեւ յիշեց բոլոր այն ընկերները, որոնք այսօր կ՛ապրին, սակայն իրենց կեանքի մատղաշ տարիները վտանգի ենթարկեցին` հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար:
Այնուհետեւ Սերօ Քելուկեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան պատգամախօսն էր Վիգէն Գուճանեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը կը միտի յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր նահատակներուն, նաեւ անոնց, որոնք իրենց բազմատեսակ զոհողութիւններով նուիրուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան դժուարին եւ անապահով աշխատանքներուն: Գուճանեան յայտնեց, որ 15 տարի տեւած պատերազմի ընթացքին հաւաքաբար դիմագրաւեցինք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական լուրջ խնդիրներ: «Հայութիւնը պահելը մեր գլխաւոր մարտահրաւէրն էր, որուն իրագործման համար անհրաժեշտ էր դիմել ներքին ինքնապաշտպանութեան` զէնքով, հայկական թաղամասերը պաշտպանելու բարդ եւ զոհողութիւն պահանջող գործունէութեան», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն հաւաքական կամքն ու ոգին նպաստեցին, որ արտաքին ճակատին ներկայանանք միասնակամ եւ ամուր: Գուճանեան պատմական ակնարկ մը նետեց պատերազմի ժամանակ երկրին մէջ տիրող դժուար կացութեան, ինչպէս` անգործութիւն եւ տնտեսութեան խախտում, որուն իբրեւ հետեւանք պէտք էր հասնիլ ամէն տեղ եւ կատարել ամէն տեսակի գործ, որպէսզի ժողովուրդը յոյսով ապրի: Ան յիշատակեց շրջանէն երկու նահատակ ընկերներ Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանի եւ Կարօ Գոլանճեանի անունները եւ ներկայացուց իւրաքանչիւրին կենսագրական տուեալները: «Քաղաքացիական պատերազմի նահատակները միայն լիբանանահայութեան նահատակները չեն, այլ` համայն հայութեան, որովհետեւ մեր տղաքը գիտէին, որ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի սիրտն էր ու շրջանի հայութեան քայքայումով Հայ դատը մեծ վնաս կը կրէր: Այսօր ալ հայապահպանման մարտահրաւէրները անփոփոխ են, եւ տակաւին գաղութը մեծ գործ ունի կատարելիք: Մենք պէտք է նոյն ոգիով շարունակենք մեր նահատակներուն գործը», եզրափակեց Վիգէն Գուճանեան:
Ապա Յարութ Լափաճեան մեկնաբանեց «Քեզի յարգանք» եւ «Դաժան կռւում» երգերը:
Ձեռնարկի աւարտին Ռաուտայի մատրան հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան աղօթքով եւ պահպանիչով օրհնեց ակումբի մուտքին զետեղուած յուշատախտակը, որմէ ետք նահատակներուն ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը: