Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

September 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

za-3_9-21-15

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի «Արամ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Գէորգ Գատեհճեան
Գէորգ Գատեհճեան
Խաժակ Բալուլեան
Խաժակ Բալուլեան
Յովհաննէս Խօշեան
Յովհաննէս Խօշեան

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Բալուլեան: Ան շեշտեց նահատակներուն յիշատակը յարգելու կարեւորութիւնը եւ անոնց գործը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայկական գաղութի պահպանման ի նպաստ: Ան խոնարհեցաւ բոլոր նահատակներուն դիմաց,  որոնք իրենց անսակարկ զոհողութիւններով նուիրուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին:

Օրուան պատգամախօս Յովհաննէս Խօշեան  նկատել տուաւ, որ 70-ական թուականներու սկզբնաւորութեան լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէր իր փառքի օրերը, որոնք սակայն փուլ եկան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին տիրող կացութեան վրայ, երբ Պէյրութ բաժնուած էր երկուքի` արեւելեան եւ արեւմտեան, եւ այդ պայմաններուն մէջ հայութեան վիճակը անտանելի էր: Խօշեան յայտնեց, որ այդ շրջանին հայկական երեք կուսակցութիւնները որդեգրեցին «դրական չէզոքութիւն»-ը սակայն հայութիւնը ունէր իր կարծիքը եւ անհրաժեշտութեան պարագային ինքնապաշտպանութեան համար դիմեց զէնքի գործածութեան: «Քաղաքական մարզին մէջ եւ ամբողջ տագնապին տեւողութեան, հայութիւնը տեսակէտ եւ կարծիք ունեցաւ: Համոզուած պաշտպանը եղաւ Լիբանանի անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ բոլոր ակումբները վերածուեցան ինքնապաշտպանութեան կեդրոնի, ուր կը փութային համակիրները, ժողովուրդը եւ նոյնիսկ

za-5_9-21-15

Դաշնակցութեան հակադիր մարդիկ` օգնութիւն ստանալու համար: Ապա ան յիշատակեց կարգ մը նուիրեալներու անունները, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին պատերազմի ընթացքին: Եզրափակելով իր խօսքը` Խօշեան ըսաւ. «Լիբանանի պատերազմին մէջ թրծուած, փորձառութիւն ձեռք բերած տղաք իրենց գիտելիքներով մեծ նպաստ բերին Արցախեան գոյամարտին եւ փառք իրենց, որ կերտեցին Արցախի յաղթանակը»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը նուիրուած քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի դէպքերուն, որմէ ետք Գէորգ Գատեհճեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակի օրհնութիւնը եւ  քողազերծումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Յաջորդը

Անդրադարձ. Երազենք Ու Աշխատինք, Որպէսզի Յառաջդիմենք Ու Ապրինք

RelatedPosts

Ակնարկ.   Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

March 7, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ.  Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն  Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ. Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.