Երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Անդրադառնալով Քեսապի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին` Մանճիկեան յայտնեց, որ 2014-ի իրադարձութեանց պատճառով տեղահանուած ժողովուրդին 85 առ հարիւրը վերադարձած է գիւղ եւ անցեալ տարուան Աստուածածինի վերափոխման տօնին արդէն վերափոխուած էր Քեսապը: Ան նշեց, որ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի գիւղէն չհեռանալու լուռ կամքը:
Ինչ կը վերաբերի տնտեսական կացութեան, անիկա այդքան ալ փայլուն չէ, որովհետեւ ամբողջ երկրին տնտեսական ընդհանուր վիճակը լաւ չէ, գոյութիւն ունի սղաճ եւ այս տարի բերքը լաւ չէր:
Քեսապցիներուն մէկ փոքր մասը անգործութեան պատճառով տեղակայուած է Լաթաքիա, փոքր թիւով երիտասարդներ ալ մեկնած են Հայաստան կամ կը գտնուին Պէյրութ, երեւոյթ մը, որ Մանճիկեանի կարծիքով ժամանակաւոր է:
Մանճիկեան յայտնեց, որ անցեալ երեք ամիսներուն ընթացքին ապահովական դէպքեր չեն արձանագրուած: Դպրոցները արդէն վերաբացուած են, թէեւ պայմանները օրինակելի չեն: «Եթէ այս խաղաղ վիճակը գոյատեւէ, մեր ունեցած քատրերով կրնանք յաղթահարել այս վիճակը», ըսաւ ան:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասին` Մանճիկեան յայտնեց, որ 100-ամեակի ծիրին մէջ Քեսապի մէջ կազմուած է համաքեսապցիական մարմին մը, որ կրցած է իրագործել գլխաւոր ձեռնարկը` 23-24 ապրիլի վրայ տարածուած եւ որուն ներկայ գտնուած է խուռներամ բազմութիւն մը: Երիտասարդներու նկատառելի թիւի բացակայութեան պատճառով քատրերը մատնուած են նեղ կացութեան եւ չեն կրցած այլ ձեռնարկ կազմակերպել:
Խօսելով ձմեռուան եղանակին համար պատրաստութիւններուն մասին` Մանճիկեան ըսաւ, որ Քեսապի մէջ վառելանիւթի տագնապը այնքան սուր չէ, ինչպէս Հալէպի մէջ, եւ մարդիկ կ՛օգտագործեն հրկիզուած անտառներուն փայտերն ու հին վառարանները:
Հարցազրոյցին տեսերիզը