Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Սեպտեմբեր 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

MousaLer_9-16-15

16 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:

Մամլոյ ասուլիսին մասնակիցներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան (Այնճար, Լիբանան), «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան եւ հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը հայրենիքի մէջ պիտի նշուի  պետական մակարդակով` «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրին զուգընթաց:

Ս. Սրապիոնեան խօսեցաւ հերոսամարտի դերին եւ նշանակութեան մասին` նշելով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ հաստատուած մուսալեռցիները կայացած են, ստեղծած հայրենակցական միութիւններ եւ կը պահեն իրենց հայրերուն ու մեծ հայրերուն անկոտրում կամքն ու ոգին, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:

Պերճ Ղազարեան ներկայացուց 15 սեպտեմբերին` հրամանատար Եսայի Եաղուպեանի շիրիմին այցելութեամբ սկսած նախաձեռնութիւններուն ժամանակացոյցը: Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց 17 սեպտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք գիտաժողովը` նուիրուած Մուսա Լերան հերոսամարտին, ըսաւ, որ 18 սեպտեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պիտի կատարուի Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցասրահի բացումը, 20 սեպտեմբերին` ժամը 19:00-ին, Երեւանի Շահումեան հրապարակէն 40 երիտասարդներու քայլարշաւ Երեւանէն դէպի Մուսա Լերան յուշահամալիր եւ այլ նախաձեռնութիւններ:

Եսայի Հաւաթեան խօսեցաւ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մասնաճիւղերուն տարած աշխատանքներուն մասին` մասնաւորաբար անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած 18 նախաձեռնութիւններուն: Ան նշեց նաեւ, որ անոնց մասնակցած են հազարաւոր հայեր, իսկ շուտով Հայաստան պիտի գան 66 ուխտաւորներ` մասնակցելու 20 սեպտեմբերին Երեւանէն Մուսա Լերան յուշահամալիր քայլարշաւին եւ միւս նախաձեռնութիւններուն:

Եսայի Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` մնայուն աջակցութեան համար: «Սփիւռքի նախարարը յատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերի մեր միութեան եւ բոլոր այնճարցիներուն նկատմամբ, որոնք մէկ բռունցք դարձած կը տօնակատարեն հերոսամարտի 100-ամեակը», շեշտեց ան:

Գաբրիէլ Փանոսեան կոչ ուղղեց մասնակցելու քայլարշաւին, ներկայ գտնուելու Մուսա Լեռ գիւղին մէջ տեղի ունենալիք հարիսայի պատրաստութեան հանդիսաւոր արարողութեան եւ շուրջպար հանդէսին: Ան աւելցուց, որ այս ծիրին մէջ 20 սեպտեմբերին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ պիտի բեմադրուի Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» ներկայացումը:

Ասուլիսի աւարտին մամլոյ ասուլիսի մասնակիցները պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:

Նոյն օրը ուխտաւոր մուսալեռցիները այցելեցին Մուսա Լեռ գիւղի Ֆրանց Վերֆելի անունը կրող դպրոց:

Հիւրերը նախ ծանօթացան դպրոցի հիմնադրման պատմութեան, ապա շրջագայեցան կրթօճախին մէջ, զրուցեցին աշակերտներուն, ուսուցիչներուն հետ:

Այնուհետեւ դպրոցի հանդիսութիւններու սրահին մէջ աշակերտները ներկայացուցին հատուածներ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» պատմավէպի բեմականացումէն:

Ներկայացումէն առաջ ներկաները ողջունեց դպրոցի տնօրէն Աղաւնի Վեզիրեան: «Սիրելի՛ մուսալեռցիներ, անչափ ուրախ ենք ձեզ հիւրընկալելու այս կամարների ներքոյ: Գիտեմ` դուք այստեղ էք եկել արեան կանչով, եկել էք միասին եւ մեծ շուքով տօնախմբելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը, եւս մէկ անգամ ոգեկոչելու նահատակուած հայորդիների անմահ յիշատակը: Վստահեցնում եմ, որ մեր դպրոցը նոյնպէս ապրում է Մուսա Լերան  ոգով ու շնչով», յայտնեց ան:

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանց Վերֆելի անուան դպրոցի տնօրէնութեան: Մէջբերելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին խօսքը, թէ` «մուսալեռցիները հայ ժողովուրդին հացը շաղախելու թթխմորն են», աւելցուց` «միշտ եւ ամէնուր պէտք է հպարտ ըլլանք հայ ըլլալու եւ, յատկապէս, մուսալեռցի ըլլալու համար»:

Նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ Մուսա Լեռի հոգեւոր հովիւ Գեղամ քհնյ. Քեսապլեան, որ Տէրունական աղօթքով եզրափակեց ցերեկոյթը:

Այնուհետեւ ուխտաւորներուն խումբը ուղղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

Յաջորդը

«Տեղահանուածներու Տագնապը Վատթարացաւ Եւ Դարմանման Համար Եւրոպայի Հետ Գործակցութեան Կը Կարօտի» Կ՛ըսէ Օպամա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?