«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արագածի շրջանի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:



Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արագած թաղամասի սկիզբէն. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի խմբակի մը ջահագնացութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Արագածի ակումբին թաղը, ուր Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի անդամ Հրատ Պէպէճեան: Ան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցնող 40 տարիներուն շրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, ապա հաստատեց, որ այսօրուան ձեռնարկին նպատակն է ոչ միայն յարգել նահատակներուն խնկելի յիշատակը, այլեւ վերանորոգել ուխտը այն սուրբ գործին նկատմամբ, որուն ճամբուն վրայ ինկան անոնք: Պէպէճեան նկարագրեց քաղաքացիական պատերազմի դժոխային օրերուն Պուրճ Համուտի միջնաբերդի հարաւարեւմտեան դարպասը ամուր պահող բծախնդիր նուիրեալները, որոնք արգիլեցին որեւէ թշնամիի ոտնձգութիւն, որ կը սպառնայ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ խաղաղութեան պայքարը աւելի դժուար է, սակայն հաստատեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի:
Ապա ցուցադրուեցաւ սահիկ մը, որ ներկայացուց նահատակներ Սիմոն Մելքոնեանի, Ստեփան Մարգարեանի, Գէորգ Թէքէեանի, Րաֆֆի Պալեանի, Կարպիս Պարսումեանի, Յակոբ Քիւլխանճեանի, Յարութ Ճէրէճեանի, Յարութ, Յակոբ եւ Գօգօ Աբգարեաններու, Կարօ Տէրտէրեանի, Վարուժան Պիլալեանի եւ Եղիկ Գայայեանի կենսագրականները:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան` ասմունքով, ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղէն Կասիա Էճիտեան շուիով եւ Քարոլին Կարապետեան կիթառով հանրութեան հրամցուցին «Զարթիր որդեակ» եւ «Վեր կաց» երգերուն երաժշտութիւնը:
Օրուան բանախօս Համբիկ Պիլալեան յայտնեց, որ այսօր բազմաթիւ իմաստներով Արագած թաղամասի տօնն է` աւելցնելով. «Տօնն է գեղեցիկ յիշատակներու, տօնն է հպարտութեամբ լեցուն ապրումներու, տօնն է մաքուր եւ անկաշառ զգացումներու, տօն է, բայց մանաւանդ` սրբազան տօնն է յաղթանակի, վերականգնումի, զօրաւոր կամքի, մենք մեզ յարգելու եւ պատուով սնանելու առիթի, տօնն է այս շրջանին կառչած մնալու մեր հաւատքին, տօնն է երախտագիտութեան զգացումի` բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց սուրբ արիւնը նուիրաբերեցին յանուն Արագածի շրջանի պաշտպանութեան, ժողովուրդի պահպանութեան եւ Լիբանանին տէր կանգնելու գիտակցութեան»:
Պիլալեան հարց տուաւ, թէ կարիքը կա՞յ վերստին յիշեցնելու, թէ Արագածի համեստ շրջանի բնակչութիւնը հայաշունչ բնակչութիւն մըն է, ապա ան հաստատեց, որ իր բազմաթիւ թաղերով, համեստ բնակարաններով, իր ֆոլքլորիք կենցաղով Արագածը ամրոց մըն էր հայութեան համար, թէ՛ պատերազմէն առաջ, եւ թէ՛ ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Ան խօսքը փակեց կոչ ուղղելով շրջանի նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն, որ ըլլան դաշնակցական հաւատաւոր տղաք եւ աղջիկներ, ըլլան յարգալիր երէցներու հանդէպ, սիրեն իրենց ժողովուրդը եւ հասնին անոր օգնութեան ամէն ատեն, մանաւանդ դժուար օրերուն:
Զաքար Քէշիշեան շուիի վրայ ներկայացուց «Օտար ճամբէքի վրայ» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք Գէորգ Պէպէճեան երգեց «Զոհուածների» եւ «Բարի գեղեցիկ» երգերը:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան նահատակներուն ընտանիքները, որպէսզի յուշանուէրով մը պարգեւատրուին, իսկ յուշատախտակի քողազերծումն ալ կատարելէ ետք, յուշատախտակը զետեղուեցաւ Արագած ակումբին մէջ:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբն ալ բերաւ իր մասնակցութիւնը սոյն ձեռնարկին` «Կիլիկիա»-ի եւ «Տէր ողորմիա»-ի մեկնաբանութեամբ:
Աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստը նուիրեալ նահատակներուն, ապա մատաղօրհնէքը, որմէ ետք սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ պէտք է պահպանենք այն արժէքները, որոնք մեծ զոհողութիւններով եւ երբեմն ալ կեանքի գնով փոխանցուած են մեզի:
Ձեռնարկը փակուեցաւ մատաղի բաշխումով: