Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու Վերամուտ. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Յոյս Յայտնեց, Որ Նոր Սերունդը Իր Գործով Կ՛անհետացնէ Արգելքները Եւ Կը Ստեղծէ Լուսաւոր Միջավայր

Սեպտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

houis_9-17-15Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ երէկ` 17 սեպտեմբեր 2015-ին: Նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց աւարտին եւ դպրոցները բացին իրենց դռները: Վարժարաններուն մէջ ընդհանուր մթնոլորտը ուրախ էր, տօնական եւ խանդավառ:

Աշակերտութեան բարի եւ արդիւնաբեր վերամուտ մաղթելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան առաւօտուն այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր աշակերտական հաւաքի ընթացքին վարժարանի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան մաղթեց, որ տարեշրջանը կ՛ընթանայ հեզասահ եւ ճշդուած ծրագիրները կ՛իրականանան: Վերամուտին առիթով քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ:

Ապա առաջնորդ սրբազանը այցելեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, ուր վարժարանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան մաղթեց, որ սուրիահայ աշակերտները լիբանանահայ աշակերտներուն կողքին հաւաքաբար աշխատին ու դէմ կանգնին ընկերային-տնտեսական վատ պայմաններուն:

Այս առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ վերամուտի սեմին հայ դպրոցներն ու հայ ընտանիքները ունին բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնք կը յաղթահարուին միայն հաւաքական աշխատանքով: Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ դժուարութիւններուն պատճառած ցաւերը կը մեղմանան, երբ աշակերտները պարկեշտ վերաբերմունքով, աշխատասիրութեամբ եւ գիտակցութեամբ կ՛արձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը ըսաւ, որ հայ դպրոցը հոգեմտաւոր կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն է, ուր կը պատրաստուին այնպիսի երիտասարդներ, որոնք հետագային պիտի ծառայեն իրենց ընկերութեան ու Հայաստանին: Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը մաղթեց բարի եւ արդիւնաւոր վերամուտ, եւ յոյս յայտնեց, որ աշակերտները իրենց գործով կ՛անհետացնեն արգելքները եւ կը ստեղծեն լուսաւոր միջավայր: Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտները նաեւ դիտեցին դպրոցական առօրեային մասին տեսերիզ մը:

Յայտնենք, որ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ եւս վերամուտը տօնական էր: Վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի բարեմաղթութիւններէն ետք, աշակերտները ուրախ մթնոլորտի մէջ վայելեցին Հրաչ Կայծակեանի եւ Շաքէ Պաղտասարեանի խանդավառ հայկական երգերը:

Նշենք, որ Լիբանանի ազգային վարժարաններուն մէջ վերամուտի առիթով աշակերտները կը ստանան Ս. Հաղորդութիւն, ինչպէս նաեւ նորեկ աշակերտները կը դիմաւորուին յատուկ արարողութիւններով:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» 2015 Արագածի Հարսնիքը

Յաջորդը

Երեւանի Պետական Համալսարան. Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

Յուլիս 14, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?