Գաղութային

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը  Կրկին Լարուած Է

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Լարուած Է

Հալէպի բնակելի թաղամասերուն մէջ 15 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ռմբակոծումին պատճառով մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած են: Ըստ «Սանա» լրատու գործակալութեան, զոհուած է առնուազն 20 հոգի, վիրաւորուած են 100 ուրիշներ: Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է, որ տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Ռմբակոծուած են հայկական թաղամասերէն մօտ 10 քիլոմեթր հեռու գտնուող շրջաններ: Աւելի քան...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով Առաջին Ձեռնարկին.  «Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի  Համաժողովրդային Նշումը Յարգանքի  Տուրք Է Զոհուած Տղոց Եւ Ղեկավարութեան»  Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Առաջին Ձեռնարկին. «Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Համաժողովրդային Նշումը Յարգանքի Տուրք Է Զոհուած Տղոց Եւ Ղեկավարութեան» Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, երէկ` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնեշեան-Մխճեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովրդային հանդիսութիւններուն համար ընտրուած կարգախօսը` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար», լաւագոյն եւ հարազատ կերպով կ՛արտայայտէ իրենց կեանքը ժողովուրդին...

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Հայութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Մուսա Լերան  Հերոսամարտին 100-Ամեակը  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայութիւնը Մեծ Շուքով Տօնեց Մուսա Լերան Հերոսամարտին 100-Ամեակը Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակը

Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս  եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ հայրապետին դիմաւորեցին ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀՅԴ Բիւրոյէն, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն...

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան  Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է  Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունեցող համագումարի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիին ղրկած նամակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: «Միջին Արեւելքը ոչ միայն քրիստոնէութեան ծննդավայր եղած է, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր իրագործումները կատարուած են շրջանին մէջ եւ, հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պատմութիւնը կարելի չէ հասկնալ առանց քրիստոնէութեան, որ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 11-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 7-11 սեպտեմբեր 2015-ին` Աղուերանի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 20 շրջաններէ 65 պատգամաւորներու եւ 34 հրաւիրեալներու: Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ: Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն...

Կազմակերպութեամբ Ազգային  «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»  Երկրորդական Վարժարանի  Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան.  Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի  Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան. Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի հանդիսութիւններուն շարքին, հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին բացումը  եւ վարժարանի վաստակաւոր ուսուցիչներուն պարգեւատրումը իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ: Հանդիսութեան ներկայ էին Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Լիբանանի Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինը կու գայ տեղեկացնելու, թէ այս տարուան 6-րդ Համահայկական խաղերուն մասնակցեցաւ 180 մարզիկներով 11 մարզախաղերու մէջ` ներկայացնելով Լիբանանը չորս քաղաքներով` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս եւ Այնճար: Այս տարուան խաղերը կ՛ընդգրկէին մեծագոյն մասնակցութեան թիւը, որով մարզական խումբեր Մայր Հայրենիք հասած էին 50 երկիրներու 125 քաղաքներէ, ուր կը տիրէր փառատօնային մեծ մթնոլորտ: Մեր ներկայութեան ընթացքին Լիբանանի պատուիրակութիւնը տուաւ...

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ  Ու Պետութիւններ  Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան  Գաղթականներու Հարցին»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է, Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող եւ գաղթականներու նուիրուած միջեկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները, Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ: Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 50 հոգիներ,...

ՀՄԸՄ Այնճարի Շեփորախումբի  Նուագահանդէս

ՀՄԸՄ Այնճարի Շեփորախումբի Նուագահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին` շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին նուագահանդէսը` Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անունով նուագահանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը, որ հպարտութիւն է ամբողջ  Այնճարին` իրականութիւն դարձած է ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին...

Հայկական Երգերու Ելոյթ`  «Դալար Անկիւն»-ի Մէջ

Հայկական Երգերու Ելոյթ` «Դալար Անկիւն»-ի Մէջ

Կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Դալար անկիւն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական արդի երգերու ելոյթ` կատարողութեամբ Վրէժ եւ Թաթուլ Հաճեաններու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Ան յոյս յատնեց, որ «Դալար անկիւն»-ը վերագտնէ իր վաղեմի դերակատարութիւնը Այնճարի ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ, ուր նախապէս կը կազմակերպուէր զանազան տեսակի գեղարուեստական ելոյթներ: Վրէժ Հաճեան կիթառի ընկերակցութեամբ ներկայացուց տարբեր երգիչներու հայկական...

Կազմակերպութեամբ` Այնճարի  Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութեան.  Տօնահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան  Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեայ Տարելիցին

Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութեան. Տօնահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեայ Տարելիցին

Կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, Այնճարի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողքին տեղի ունեցաւ օրհնութիւնն ու քօղազերծումը «Ապրիլեան նահատակներու եօթնվէրք Տիրամայր»  նորակերտ խաչքարին: Բացման կարճ խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան (Հայունի), որ ողջունեց ներկաները Հայոց ցեղասպանութեան եւ Մուսալերան...

Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

Բագրատունի. «Տուն-Թանգարան Պիտի Այցելեն Բոլոր Անոնք, Որոնք Կը Հաւատան, Որ Պօղոս Սնապեան Չէ Մահացած Ու Չի Մահանար» Հաւաթեան. «Ասիկա Ապացոյց Է Մեծն Սնապեանին Տարած Բոլոր Յաղթանակներուն, Ձեռք Բերած Յարգանքի Արժանի Վաստակին» Իր կենդանութեան ունեցաւ տեսլականը, սակայն զայն իրականացած տեսնելէ առաջ արդէն անկենդան դարձաւ: Հայութեամբ եւ հայկականութեամբ բաբախուն Այնճարի մէջ շաբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ բազմավաստակ...

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի  Կեդրոնական Վարչութեան  Նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով` ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ` վեր. Տիգրան Անդրէասեանի նուիրուած  յուշ երեկոյ` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական համայնքին: Հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջկրօնական Ներկայացուցիչներու Եւ Ազգային Մարմիններու Հետ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջկրօնական Ներկայացուցիչներու Եւ Ազգային Մարմիններու Հետ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Աթէնքի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար տեսակցութիւն ունեցաւ ժողովի մասնակից քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ պետութեան ներկայացուցիչին հետ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին, Ազգային վարչութեան եւ թեմին մէջ գործող թեմական կառոյցներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան միջկրօնական, Միջին Արեւելքի ներկայ...

Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանը` Պէյրութի  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական  Աթոռի Օգնական Եպիսկոպոս

Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանը` Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռի Օգնական Եպիսկոպոս

Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2015-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որ Հռոմի մէջ գումարած է իր ժողովը, ընդունելէ ետք քահանայապետական հաւանութիւնը, Գէորգ վրդ. Ասատուրեանը ընտրած է իբրեւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռի օգնական եպիսկոպոս` դառնալով Ամիտա թեմին տիտղոսաւոր առաջնորդ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Միջկրօնական  Համագումարին Շեշտեց Ծայրայեղականութեան Դէմ  Պայքարելու Հրամայականը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Միջկրօնական Համագումարին Շեշտեց Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարելու Հրամայականը

«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ՛ենթադրէ` քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով», շեշտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական համագումարի բացման նիստին: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ 2012 թուականին հաստատուած միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Աթէնքի Եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին Հետ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Աթէնքի Եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին Հետ

Չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2015-ին, Աթէնք հասնելուն յետմիջօրէին, Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի հետ: Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ Յունաստանի եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ներկայութեան Երոնիմոս արքեպիսկոպոս եղբայրական սիրով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունեց արքեպիսկոպոսը եւ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու...

Հարցազրոյց` Եսայի Հաւաթեանի Հետ

Հարցազրոյց` Եսայի Հաւաթեանի Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ թէ այլուր նախատեսուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան նմանօրինակ հերոսական էջերու նշումներու կարեւորութեան: Խօսելով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք...

Մամլոյ 107-րդ Լսարան.  Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց  «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ  Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

Մամլոյ 107-րդ Լսարան. Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

«Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպած մամլոյ 107-րդ լսարանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց` «Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտը» խորագիրով նիւթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ թէ, 1915-թուականը միայն ողբերգական տարի մը չէ հայութեան համար,...

Դամասկոսի Մէջ Հայ Զոհ Մը

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի աշխատակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մայրաքաղաքի կեդրոնի գրեթէ բոլոր թաղամասերը թիրախ դարձած էին զինեալ խմբաւորումներու տարածք նկատուող Ժոպարի եւ Տումայի կողմէ արձակուած հրթիռներու տարափին, որ պատճառած է տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին Դամասկոս մայրաքաղաքի արեւելեան շրջան` Ֆարես Խուրի թաղամասին վրայ ինկած հրթիռներուն պատճառով զոհուած է դամասկահայ Սարգիս Յարութ Պարսիկեանը...

Page 334 of 364 1 … 333 334 335 … 364

Արխիւներ