Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմակոս» Արուեստի Ցուցասրահը «Սերունդներ» Խորագիրով Մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի Վեցերորդ Ցուցահանդէսին

September 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

giragosian_9-18-15

Հովանաւորութեամբ Լամա Թամմամ Սալամի եւ կազմակերպութեամբ «Լոր Տիւ Հոթուիլ»-ի հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի, ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր»-ի վեցերորդ ցուցահանդէսին բացումը` Պիելի մէջ:

Ցուցահանդէսը ընդգրկեց 1500 ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ մշակութային յայտագիրներ, որոնք ներկայացուցին երեք հարիւր արուեստագէտներ 19 տարբեր երկիրներէ հասած 51 ցուցադրիչներով: Գեղանկարչական այս ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էմակոս» արուեստի ցուցասրահը` «Սերունդներ» խորագիրով. ցուցադրուած էր արուեստագէտ- գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի ընտիր ստեղծագործութիւններէն մաս մը, որոնց կողքին նաեւ կար Կիրակոսեանի զաւակներուն` Էմանուէլի, Ժան-Փոլի եւ Մանուելլայի, ինչպէս նաեւ  թոռնիկներուն` Փոլ Կոսեանի, Ռահէլ եւ  Մարք կիրակոսեաններու իւրայատուկ գործերը:

«Հանրութեան գեղանկարչութիւն ներկայացնելը ինծի հոգեկան հանգստութիւն կը պարգեւէ, մանաւանդ լիբանանեան անհանգիստ առօրեայէն  դադար մը առնելու համար արուեստը ամէնէն լաւ միջոցն է», ըսաւ Փոլ Կիրակոսեանի դուստրը` Մանուելլա Կիրակոսեան: Ան ներկայացուց այնտեղ զետեղուած արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանի գործերը` նշելով, որ իր հայրը ականատես ըլլալով պաղեստինեան եւ լիբանանեան պատերազմներուն ան քաջ գիտէր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գաղթականութիւն, որ հետագային դարձած էր իր ներշնչման աղբիւրներէն մէկը:

Մանուելլա Կիրակոսեան նաեւ նշեց, որ այժմ  Փոլ Կիրակոսեանի գործերը նաեւ կը ցուցադրուին Պոլսոյ «Արդի ստեղծագործութիւններ» խորագրեալ ցուցահանդէսին մէջ` Արշիլ Կորքիի գործերու կողքին:

Մանուելլա Կիրակոսեանի գործերուն մէջ շօշափելի էր մանկութեան գունաւոր եւ անմեղ երեւակայութիւնը, որ ի յայտ եկած է իր հօրմէ լսած հեքիաթներէն: Ան ներկայացուցած էր կենդանաբանական հեքիաթներու հերոսները եւ յատկապէս թռչունը` իբրեւ  խաղաղութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշ:

Արուեստագէտներ Էմանուէլի, Ժան-Փոլի,  Մանուելլայի, Փոլի, Ռահէլի եւ Մարքի գործերը մէկտեղելով իրենց հօր եւ մեծ հօր` վարպետ գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի ստեղծագործութիւններուն կողքին, անոնք ընտրած են «Սերունդներ» խորագիրը, որպէսզի ապացուցեն աշխարհին, թէ հայը միշտ ալ եղած է եւ կը շարունակէ գոյատեւել` փոխանցելով  իր մշակոյթը սերունդէ սերունդ:

Իսկ Փ. Կիրակոսեանի թոռնիկը`  Փոլ Կոսեան հաստատեց, որ իր գործերը կը ներկայացնեն իր ուժը, որուն մասին բառերով դժուար կրնայ արտայայտուիլ, սակայն ըստ իրեն արուեստը թէ՛  անձնական գոհունակութիւն պատճառող պէտք է, թէ՛ ալ ծիներու հետ կապուած գաղտնիք մըն է:

Քսանամեայ Մարք Կիրակոսեանի յատուկ ոճով արտայայտուած գեղանկարները զգալի են իրենց իւրայատկութեամբ. անոնց կողքին կար Ռահէլ Կ.-ի «Կուչի Փրայզ» մրցանակին արժանացող հագուստը, որուն վրայ տպուած էր  իր հօր` Մանուէլի գծագրութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր, յետմիջօրէին ժամը 3:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:30:

 

 

Նախորդը

Նուիրեալ Սարկաւագը Եւ Տիպար Հայը. Մովսէս Սրկ. Տէր Առաքելեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.