Գաղութային

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց  Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին  Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող  Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան  Ամբողջական Հաստատում

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան Ամբողջական Հաստատում

Աւելի քան մէկ դար ետք տակաւին հայութեան յիշողութեան մէջ մեր նախնիներուն «գծած» ահարկու պատկերները կը մնան յստակ ու վճիտ, իր գիտակցութեան մէջ սուրբ նահատակներուն կտակը կը մնայ մշտարթուն ու բաբախուն, անոր խիղճին վրայ տակաւին կը շարունակէ ծանր կշռել արիւնարբու թուրքին եաթաղանին զոհ գացած իր նախահայրերուն թափած արեան հատուցման ուշացումը... Աւելի քան մէկ դար ետք` 24 ապրիլ 2016-ին, աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը...

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ  Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը  Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը` հաւատալով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտող եւ հայութեան հատուցում տալ մերժող Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ պատմութիւնը ծածկելու իմաստով տարուած արշաւին եւ մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակն ու թափած արիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն նկատմամբ, նախաձեռնեց բողոքի ցոյցի մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ: ՀՅԴ Լիբանանի...

«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին»  Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան: Ան...

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Հաստատեց, Որ Արժանի Ժառանգորդն Է Սուրբ Նահատակներուն Եւ Տէրը` Անոնց Սրբազան Կտակին

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Հաստատեց, Որ Արժանի Ժառանգորդն Է Սուրբ Նահատակներուն Եւ Տէրը` Անոնց Սրբազան Կտակին

23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` իր երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի շրջափակին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնցմէ փոխանցուած 101-ամեայ կտակին սրբութիւնը հաստատելով, ուխտեց հաւատարիմ մնալ Հայ դատին եւ պահանջատիրական ոգիով ու վճռակամութեամբ շարունակել ուղին` մինչեւ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերումը: Վարանդա Եագուպեան ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ...

Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընդդիմութեան մաս կազմող Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շիշլի շրջանի կառոյցը կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի յիշատակման ձեռնարկ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենի հապեր»-ը: Նստացոյցը ընթացած է «Առանց առերեսման ցեղասպանութիւնները վերջ չեն գտներ» խորագիրով: Մասնակիցները բռնած են 1915-ին սպաննուած հայ մտաւորականներու լուսանկարները: Ապա տեղի ունեցած է մոմավառութիւն և կարմիր մեխակներով ոգեկոչուած է Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ...

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Կը Յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը Տողանցք` Պիքֆայայէն Անթիլիաս

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Կը Յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը Տողանցք` Պիքֆայայէն Անթիլիաս

Շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, ժտէյտէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու երէց եւ պարմանուհի փաղանգները, արի եւ արենուշ խումբերն ու խմբապետական կազմերը ՊիքՖայայի յուշարձանին ներքեւ ներկայ գտնուեցան յիշատակի արարողութեան մը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու յիշատակին աղօթեց, ապա իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հայր սուրբին խօսքէն ետք...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին Եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ.  Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագի Եւ Յատուկ Աղօթքի Մատուցում

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին Եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ. Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագի Եւ Յատուկ Աղօթքի Մատուցում

Երէկ` կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, մեծ թիւով հայորդիներ համախմբուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, զոր մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Պատարագի աւարտին ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան դէպքով հաւատացինք մահուան դէմ յաղթանակ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Պաշտամունք Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Պաշտամունք Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Մարաշ, տեղի ունեցաւ միացեալ պաշտամունք: Պատգամաբերն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական միութեան նախագահ` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ներկայութեամբ` Մարաշի եկեղեցւոյ հովիւ, վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի, վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանի, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի եւ պատուելի Սեւակ Թրաշեանի: Պաշտամունքը սկսաւ նախանուագով, ապա պատուելի Սեւակ Թրաշեանը...

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ` «Քրիստափոր» կոմիտէին, ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ: Հայ կաթողիկէ...

Եղեռնի Առաջին Յուշակոթողի Վերանորոգութիւն` Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Անմահացման Ի Խնդիր

Եղեռնի Առաջին Յուշակոթողի Վերանորոգութիւն` Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Անմահացման Ի Խնդիր

Անոնց, որոնք բաց աչքով կապոյտին նայեցան Անոնց, որոնք ափ մը հողի եւ աղօթքի մրմունջի մը  կարօտ մնացին Անոնց, որոնք ոսկորտիքը անապատի կիզիչ արեւուն տակ փշրուեցան Անոնց, որոնք հայրենի հողէն ու զուլալ ջուրէն ի սպառ զրկուեցան Այն բիւրաւոր նահատակ հայորդիներուն իբրեւ յուշարձան Կը կերտէ իրենց մէկ արիւնակից-ազգակիցը: Մարտիրոս Ալթունեան 1929 Հաւանաբար քիչեր գիտեն, որ սոյն գրութիւնը կրող եւ Լիբանանի մէջ Հայոց...

Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակը Յաւերժացնող Խաչքար Մը` Պուրճ Համուտի Սիրտին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակը Յաւերժացնող Խաչքար Մը` Պուրճ Համուտի Սիրտին Մէջ

Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սիրտին մէջ բարձրացաւ հայ մշակոյթի ամէնէն գեղեցիկ ու ինքնատիպ խորհրդանիշերէն մէկը` խաչքարը, որ խրոխտ ու վեհ իր կեցուածքով ոչ միայն առինքնեց զինք կեանքի կոչելու հաւաքուած հայորդիները, այլեւ հանդիսացաւ ու պիտի շարունակէ հանդիսանալ մնայուն ներշնչարան մը ազգային արժէքներու պահպանման:  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակը յաւերժացնող այս կոթողին բացումը կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, հայ երեք յարանուանութիւններու պետերուն  հովանաւորութեամբ, Սարգիս...

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» եւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէներուն, մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին, ԼՕԽ-ի «Սեւան», «Գայեանէ», «Նայիրի» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն եւ Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կազմակերպուած ժողովրդային քայլարշաւը` «Աղբալեան» ակումբէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւի մասնակիցները առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներն ու շեփորախումբը, որուն հերթաբար...

Հալէպի Մէջ  Միջյարանուանական Յուշահանդէս

Հալէպի Մէջ Միջյարանուանական Յուշահանդէս

Հովանաւորութեամբ Հալէպի հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէս: Հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հոծ...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Մասնակցեցան Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կազմակերպած Արեան Տուչութեան Ձեռնարկին

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Մասնակցեցան Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կազմակերպած Արեան Տուչութեան Ձեռնարկին

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀԵՄ-ի վարչութեան, կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքը, ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներ, ՍԵՄ-ի, «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, պատանեկան միութեան, ՍՕԽ-ի, Համազգայինի, «Գերմանիկ Վասպուրական» մշակութային միութեան եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւատից միութեան անդամ-անդամուհիներ եւ հալէպահայութեան հոծ բազմութիւն մը համախմբուեցան Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմաց, ապա Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ...

Այնճարի Հայութիւնը Վերանորոգեց Իր Ուխտը Եւ Շեշտը Դրաւ Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման Կարեւորութեան Վրայ

Այնճարի Հայութիւնը Վերանորոգեց Իր Ուխտը Եւ Շեշտը Դրաւ Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման Կարեւորութեան Վրայ

Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած հսկումի երեկոյ` մասնակցութեամբ աւելի քան հազար հայորդիներու, որոնք ձեռնարկէն ետք քայլարշաւով մեկնեցան դեպի Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան: Քարլա Քենտիրճեան Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց «Շ. Միսաքեան»...

Հ. Յովհաննէս, Ծ. Վրդ. Սէֆէրեան Վախճանեցաւ

Հ. Յովհաննէս, Ծ. Վրդ. Սէֆէրեան Վախճանեցաւ

Զմմառու Վանքը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը հաղորդէ, որ իր երիցագոյն անդամը հ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սէֆէրեան չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին վախճանեցաւ, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ: Այս առիթով Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը իր համայնքի զաւակները կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու վաստակաշատ վարդապետին թաղման արարողութեան: Վախճանեալ վարդապետին  մարմինը Ֆրանսայէն Լիբանան պիտի տեղափոխուի երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին եւ պիտի զետեղուի Զմմառու մայրավանքի Ս....

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն»  Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին  «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է»  Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն» Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է» Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

«Մենք պիտի դառնանք ջուրի այն կաթիլները, որոնք իյնալով քարին վրայ, ուշ կամ կանուխ պիտի ծակեն զայն: Նմանապէս, ուշ կամ կանուխ ի յայտ պիտի գայ ճշմարտութիւնը, եւ այնքան ատեն որ պահանջողներ կան` իրաւունքը չի մեռնիր», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, կուսակցութեան Մեհրապի կեդրոնատեղիին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկին ընթացքին,...

ՀՅԴ Քարոզչական-Տեղեկատու Մարմինին Հրաւէրով`  Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

ՀՅԴ Քարոզչական-Տեղեկատու Մարմինին Հրաւէրով` Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին եւ տեղեկատու գրասենեակին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին «Պըրժ Համամ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` ի պատիւ լիբանանցի արաբ լրագրողներու, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու: Ճաշկերոյթի հրաւէրին ընդառաջեցին լիբանանեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի մեծ թիւով...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած  Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին  Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային  Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

Յ. Բագրատունի Պետութենէն Պահանջեց Նահատակներուն Նկատմամբ Չէզոքութենէն Դուրս Գալ Ուրբաթ,  22 ապրիլ 2016-ին,  ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպած ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը սկսաւ քայլարշաւով: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ  երիտասարդներ, պատանիներ ու բազմաթիւ հայորդիներ խիտ շարքերով Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբէն քալեցին դէպի Ժտէյտէ, «Անթուան Շուէյրի» սրահ, ուր ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի,...

«Սարգիս Ազնաւորեան» Բարեզարդուած  Սրահի Բացում  «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ

«Սարգիս Ազնաւորեան» Բարեզարդուած Սրահի Բացում «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Ազնաւորեան» բարեզարդուած սրահին բացումը: «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վարդան Ազնաւորեան, որ նկատել տուաւ, թէ սրահներու բացման հանդիսութիւնները լոկ նիւթեղէն կառոյցներու վերանորոգութեան շարժառիթներ չեն` աւելցնելով, որ արդիականացումն ու արհեստագիտական նոր մօտեցումները ոչ մէկ արժէք կ՛ունենան, եթէ չկայ խորք, մեկնակէտ եւ նպատակ:...

Page 307 of 364 1 … 306 307 308 … 364

Արխիւներ