Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Կը Յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը Տողանցք` Պիքֆայայէն Անթիլիաս

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13062084_612908948856733_5771540976940945745_n

Շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, ժտէյտէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու երէց եւ պարմանուհի փաղանգները, արի եւ արենուշ խումբերն ու խմբապետական կազմերը ՊիքՖայայի յուշարձանին ներքեւ ներկայ գտնուեցան յիշատակի արարողութեան մը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու յիշատակին աղօթեց, ապա իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

Հայր սուրբին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, որմէ ետք խօսք առաւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քէչէպաշեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «այստեղ հաւաքուած ենք ցոյց տալու արար աշխարհին, որ նոյնիսկ եթէ 100 տարիներ անցնին, մենք պիտի չմոռնանք մեր նահատակները եւ պիտի պահանջենք մեր իրաւունքները, մինչեւ անոնց կենսագործումը»: Ան նաեւ անդրադարձաւ քանի մը շաբաթ առաջ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական յարձակումին, հայ զինուորներուն հերոսական մարտունակ ոգիին եւ հայութեան միասնական ոգիին ու պայքարելու կամքին: Ան նշեց, որ այդ «պայքարը» պիտի շարունակուի, «մինչեւ որ տիրանանք մեր ամբողջական իրաւունքներուն, մեր ամբողջական միացեալ հողերուն` հայրենիքին»:

Քէչէպաշեանի խօսքէն ետք աւելի քան 300 սկաուտներ, դպրեվանքի բակին մէջ կազմեցին մարդկային կենդանի պատկեր մը` ներկայացնելով 100+1 թիւը` Եռագոյն դրօշակի գոյներով թղթիկներ բռնած, ու երգեցին «Կիլիկիա»-ն: Ապա սկաուտները մոմերով արշաւեցին ՊիքՖայայի բարձունքէն Անթիլիասի կաթողիկոսարան, անցնելով բոլոր շրջաններէն` իրենց երեք ժամ երկարող ճամբուն վրայ: Երկար ու կարգապահ շարքը կտրեց զառիվարը, որուն աւարտին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, տողանցքով ու ջահերթով, երեկոյեան ժամը 9:00-ին հասաւ մայրավանք: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցիին մէջ սկաուտները «Հայր մեր»-ը աղօթեցին, ապա մատրան շուրջ զետեղեցին իրենց մոմերը: Այս նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ Յառաջ «Նահատակ» քայլերգով:

Երեք հարիւր երիտասարդ-պատանի սկաուտներ, իրենց պարտականութեան գիտակից, այս աշխատանքին ընդմէջէն իրենց յանձնառութիւնը արտայայտեցին միշտ յիշելու, միշտ աշխատելու եւ միշտ պայքարելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման համար:

Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, յետ պատարագի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը վեհարանին պատշգամէն ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն տարած հայապահպանման եւ Հայ դատի աշխատանքները: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը վեհափառ հայրապետին համար նուագեց «Ձօն հայրապետին» եւ «Կիլիկիա» երգերը: Յայտագիրը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

Նախորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին Եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ. Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագի Եւ Յատուկ Աղօթքի Մատուցում

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?