Գաղութային

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում  Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Բացման խօսքը արտասանեց Հայկազեանի ուսանող Գառնի Քենտիրճեան, որ նշեց, թէ, հակառակ անոր որ 101 տարիներ անցած են Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ոճիրէն, սակայն հայութիւնը մինչեւ այսօր ոտքի կանգնած է եւ կը պահանջէ իր ոտնահարուած իրաւունքները: Ան շեշտեց, թէ նոր սերունդը պիտի չդադրի...

«Կամար» Դաշնամուրային Երկեակը Տպաւորիչ  Կերպով Ներկայացուց Հայկական Արժէքներ

«Կամար» Դաշնամուրային Երկեակը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուց Հայկական Արժէքներ

  Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, հինգշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին` դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի տպաւորիչ ելոյթը: Ձեռնարկին հովանաւորն էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները: Նորաստեղծ  «Կամար»-ը,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին լիբանանահայ վարժարաններու բազմահազար աշակերտներ համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած սոյն աշակերտական հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, վարժարաններու տնօրէններ,...

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի  Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշակոթող` ՀԿՄ-ի Զալքայի շեփորախումբին եւ Ս. Մեսրոպի արիներուն առաջնորդութեամբ: Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով  արտասանեց Շաղիկ Պելիքերեքեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան...

ՔԱՀԼ-ի Ծերանոցէն Խումբ Մը Տարեցներ Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան Յուշարձան Այցելեցին

ՔԱՀԼ-ի Ծերանոցէն Խումբ Մը Տարեցներ Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան Յուշարձան Այցելեցին

Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարիներ ետք իսկ սփիւռքահայութեան մէջ տակաւին վառ կը մնայ պահանջատիրական ոգին, ի հեճուկս տարիներու թաւալումին, որ ստոյգ ցուցանիշ է մեր անկորնչելի Դատին մեր կառչածութեան: Հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, ՔԱՀԼ-էն խումբ մը տարեցներ իրենց պատասխանատուներով ուղղուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր հաստատութեան անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը ու մոմեր վառելով առ Աստուած...

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնէութիւնը Այցելեց  «Արամ Պէզիկեան» Թանգարան

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնէութիւնը Այցելեց «Արամ Պէզիկեան» Թանգարան

Երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնութիւնը եւ տնօրէնութիւնը այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան, որոնք ընդունուեցան թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեանի կողմէ: Անոնք շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ծանօթացան հոն տեղ գտած թանկարժէք փաստերուն եւ առարկաներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն աւելի քան հարիւր տարի առաջ Լիբանան հասած եւ Ժիպէյլի այդ հողաշերտին վրայ նոր կեանքի սկսած որբերուն ապրած առօրեան:  

Դեսպան Ճոնզ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Դեսպան Ճոնզ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան խորհրդական Ճորճ Օլտրիճ եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Սուրիոյ տագնապն ու սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերը: Բագրատունի այս առիթով Միացեալ Նահանգներու...

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական  Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Նիստը

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Նիստը

21 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի  նախարար  Հրանուշ  Յակոբեան: Նիստը կը վարէր «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Միացեալ Նահանգներու «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, Միացեալ Նահանգներէն լրագրողներ Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալայճեան, Լրատուամիջոցներու...

Պուրճ Համուտի Գարշահոտը Հետեւանք Է  Նաւահանգիստի Աղբերու Վերացման

Պուրճ Համուտի Գարշահոտը Հետեւանք Է Նաւահանգիստի Աղբերու Վերացման

Վերջին քանի մը օրերուն Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ տարածուած գարշահոտին պատճառով «Ազդակ» կապ հաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի հետ: Մսըրլեան յայտնեց, թէ ինք երէկ անձամբ այցելած է ծովեզերեայ շրջան` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանը կուտակուած նախկին աղբերու փոխադրութիւնը Նաամէի աղբանոց արդէն աւարտած է: Նոր աղբերու առժամեայ ամբարման վայրին մէջ առժամաբար տեղադրուած կապոցներէն ոչ մէկ հոտ կը տարածուի: Գարշահոտը...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ.  Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի  Ոգեկոչման Ձեռնարկ` «Տէր Զօրէն Թալիշ` Մէկ Դատ,  Մէկ Պայքար» Նշանաբանով

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ` «Տէր Զօրէն Թալիշ` Մէկ Դատ, Մէկ Պայքար» Նշանաբանով

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, որ կը կրէր  «Տէր Զօրէն Թալիշ` մէկ դատ, մէկ պայքար» նշանաբանը, տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2016-ին,  երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի կից «Խաչիկ Պապիկեան» կառատան մէջ, ուր համախմբուած հոծ թիւով հայորդիները ոտքի դիմաւորեցին «Սողոմոն Թեհլիրեան»-էն ջահերով տողանցող ԼԵՄ-ականները` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, որ հնչեցնելով Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները`...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին  Կազմակերպութեամբ Քայլարշաւ  Եւ Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչում

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ Քայլարշաւ Եւ Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 101¬ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու դիմաց գտնուող կառատունը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը: Լիբանանի եւ Հայաստանի  քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Պասմաճեան, որ անդրադարձաւ Արցախի...

Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին. Համաժողովրդային Մեծ Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմակերպած  Արցախի Նուիրուած Ռատիոթոն – Նուիրահաւաքին  Հանգանակուեցաւ 274.770 Ամերիկեան Տոլար

Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին. Համաժողովրդային Մեծ Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմակերպած Արցախի Նուիրուած Ռատիոթոն – Նուիրահաւաքին Հանգանակուեցաւ 274.770 Ամերիկեան Տոլար

Երէկ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ ինք տէրն է համահայկական խնդիրներուն եւ առաջնային դիրքերու վրայ կը բերէ իր աչալուրջ եւ գործնական մասնակցութիւնը: Երէկ լիբանանահայութիւնը նաեւ հաստատեց, որ ինք չի կրնար անմասն մնալ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին ստեղծած համահայկական համախմբումի մթնոլորտէն եւ անպայմանօրէն ունի իր ե՛ւ ըսելիքը, ե՛ւ ընելիքը: Երէկ լիբանանահայութիւնը` իր բոլոր համայնքներով, քաղաքական ուժերով եւ տարիքային...

Բագրատունի. «Մենք Միայն Կրնանք Հիանալ  Մեր Ժողովուրդին Միասնականութեան»

Բագրատունի. «Մենք Միայն Կրնանք Հիանալ Մեր Ժողովուրդին Միասնականութեան»

Ռատիոթոնին աւարտին երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Պատի՛ւ մեր ժողովուրդին, պատի՛ւ մեր աշակերտներուն, մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն, մեր գործատէր ու մեծահարուստ անհատներուն, քաղաքական գործիչներուն, բոլոր մակարդակի պատասխանատուներուն: Պատի՛ւ եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք կապուեցան մեզի հետ եւ մասնակցեցան ռատիոթոնին: Պատի՛ւ եւ յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք հայկական միասնականութեան` մէկ հոգիի, մէկ սրտի եւ...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան.  Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչում

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչում

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին կազմակերպած Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ` նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ...

Նունէ Վարդանեան Բարձրագոյն Դասարաններու  Աշակերտութեան Բացատրեց Հայաստանի  Համալսարանական Կրթութեան Համակարգը

Նունէ Վարդանեան Բարձրագոյն Դասարաններու Աշակերտութեան Բացատրեց Հայաստանի Համալսարանական Կրթութեան Համակարգը

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խորհրդական Նունէ Վարդանեանի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն հետ: Կրթական ֆոնտի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն յայտնեց, թէ իբրեւ աւարտական դասարաններու աշակերտներ կը գտնուին կեանքի...

Հոգեւոր Լսարանի Մասնակիցներ Կը Խնդրեն Նահատակ Սուրբերուն Բարեխօսութիւնը

Հոգեւոր Լսարանի Մասնակիցներ Կը Խնդրեն Նահատակ Սուրբերուն Բարեխօսութիւնը

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րին մէջ իւ­րա­քան­չիւր երեք­շաբ­թի առա­ւօտ ժա­մը 10:00-11:00 տե­ղի կ՛ու­նե­նայ հո­գե­ւոր լսա­րան, որուն կը մաս­նակ­ցին շուրջ 150 կի­ներ եւ օրի­որդ­ներ: Լսա­րա­նը կը կազ­մա­կերպ­ուի Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Քրիս­տո­նէ­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան բա­ժան­մուն­քին կող­մէ: 19 ապ­րիլ 2016-ի լսա­րա­նի աւար­տին, մաս­նա­կից­նե­րը ուղղ­ւե­ցան դէ­պի Նա­հա­տա­կաց մա­տուռ, ուր ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­լով իրենց աղօթք­նե­րը առ Աստ­ուած բարձ­րա­ցու­ցին` խնդրե­լով, որ նա­հա­տակ սուր­բե­րուն բա­րե­խօ­սու­թիւն­նե­րուն ճամ­բով պա­հէ ու պահ­պա­նէ ամ­բողջ հայ...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը`  Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

Կոչ

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը համայն հայութիւնը դէմ յանդիման դրաւ համահայկական նոր մարտահրաւէրի մը, որուն յաղթահարումը կը պահանջէ հայութեան հաւաքական ուժերու մէկտեղում եւ ամբողջական ու գործնական մասնակցութիւն: Ազրպէյճանը ամէն առիթ կ՛օգտագործէ գրաւելու Արցախը, եւ ապրիլեան լայնածիր յարձակումը կու գայ անգամ մը եւս ապացուցելու, որ թշնամին հեռու է բանակցային գործընթացներէն եւ կ՛ուզէ ռազմական միջոցներով փոխել աշխարհաքաղաքական իրավիճակը` բռնագրաւել հայապատկան հողերը: Սակայն...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ  Ժիրայր Ռէյիսեանի  Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի Կենսագրական Գիծերը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեանի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի Կենսագրական Գիծերը

«Ազդակ»-ի երկուշաբթի օրուան թիւով տուած էինք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի ընտրութեան լուրը: Ստորեւ կու տանք երկու երեսփոխաններուն կենսագրական գիծերը. ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ Ժիրայր Ռէյիսեան ծնած է Հալէպ: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Լոնտոնի համալսարանին մէջ հետեւած է ակնաչափութեան: Սուրիա - Ֆրանսա միջպետական համաձայնագիրի մը տրամադրութեամբ...

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի  Խորհրդական Նունէ Վարդանեան Կը Ներկայացնէ  Հայաստանի Մէջ Համալսարանական Ուսման Կարելիութիւնները

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի Խորհրդական Նունէ Վարդանեան Կը Ներկայացնէ Հայաստանի Մէջ Համալսարանական Ուսման Կարելիութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ գոյացած համաձայնութեամբ մը, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը ստանձնած է տարեկան 20 ուսանողի Հայաստանի մէջ համալսարանական անվճար ուսումը: Այս նպատակով կազմուած է կրթական ֆոնտ մը, որ մշակած է թեկնածուներու դիմումներու ընդունման յատուկ կանոնագրութիւն: Առ այդ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հրաւէրով երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2016-ին, մէկ շաբթուան համար Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան...

Կենաց Ծառը` Այսօր

Կենաց Ծառը` Այսօր

ՌՈՒԲԻՆԱ Ցեղասպանութեան փոխարէն` վերապրում: Մահուան փոխարէն` կեանք: Կենաց ծառը, բեռնաւորուած` հիւթեղ նուռերով: Հայկական մշակոյթին մէջ կենաց ծառը հազարամեակներէ ի վեր կը ճառագայթէ պայծառագեղ գոյներով` մանրանկարչութեան եւ բարձրաքանդակներուն մէջ, իբրեւ հայկական մշակոյթի հարստութեան վկայ: Ան կը խօսի «արեւահամ» հայերէնը, ինչպէս կ՛ըսէ Եղիշէ Չարենց, կը մեկնաբանէ ժողովրդական երգերը, որոնք մեզի հասած են ժամանակներու խորքէն, լուսաւոր աղօթքները, որոնք կ’արձագանգեն երկինքին մէջ, կը փոխանցէ...

Page 308 of 364 1 … 307 308 309 … 364

Արխիւներ