Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Կառուցման 60-Ամեակին Առիթով. Խումբ Մը Արուեստագէտներու Կատարողութեամբ Հոգեւոր Համերգ
Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ, կատարողութեամբ` խումբ մը արուեստագէտներու, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Գէորգ Պէպէճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Սեպուհ Յովակիմեանի: Ձեռնարկը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք...


















