Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, լոկ պատմութիւն չէ, այլ` ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար, օր մը, երբ իւրաքանչիւր հայորդի պահանջատիրական կամքով պէտք է թրծուի, իւրաքանչիւր հայու մտածումն ու գործը պէտք է իրենց ուղղութիւնը ստանան մեր ազգային պահանջատիրութենէն` աւելցնելով, որ 100 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի զաւակները ա՛յս հաւատքով ու յանձնառութեամբ ապրեցան ու գործեցին: Կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ 2015 թուականին համազգային մաշտապով նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ հայութիւնը վճռակամութիւնը վերահաստատեց, որ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով պիտի շարունակէ իր պայքարը, իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարիներ ետք հայութիւնը դարձեալ կը յայտարարէ, որ հաւաքական վճռակամութեամբ կառչած է անտեղիտալի պայքարին` մերժելով ոեւէ ձեւի նահանջ, սակարկութիւն կամ զիջում:
Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ այսօր նո՛յն ցեղասպանը տարբեր մօտեցումներով կը շարունակէ իր ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ, որ կոչուած է արթուն ըլլալու: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ պետական մաշտապով ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ուրացումով, հակահայ քարոզչութեամբ` միջազգային շրջանակներու մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ բազմահազար եկեղեցիներու, վանքերու, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կալուածներուն, ինչպէս նաեւ մեր կրօնական ու մշակութային շարժուն թէ անշարժ հարստութեանց բռնագրաւումով, թուրք պետութեան քաջալերանքով Թուրքիայէն ահաբեկիչներու Քեսապ ներխուժումով եւ անոնց գործած բարբարոսային արարքներով, Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերով, Թուրքիոյ զօրակցութեամբ Ղարաբաղի դէմ ազերիներուն շղթայազերծած պատերազմով:
Վեհափառը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ այս բոլորին դիմաց շրջանային թէ միջազգային գերպետութիւններ, այսպէս կոչուած իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնած, ցեղասպան թուրքին ու իր ցեղակիցներուն ոճրային արարքներուն, յարձակողապաշտ մօտեցումներուն ու ծաւալապաշտ նկրտումներուն դիմաց լո՜ւռ կը մնան: «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ դժբախտաբար աշխարհաքաղաքական շահերը գերիվեր եղած են ազգերու միջեւ պատմական, մշակութային, կրօնական թէ բարոյական արժէքներով շաղախուած բարեկամութենէն: Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդկային իրաւունքները ու միջազգային օրէնքը տնտեսական թէ քաղաքական շահերուն դիմաց տեղի են տուած: Ա՛յս կը յիշեցնէ նաեւ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը: Այս դառն յիշեցումը նաեւ կատարեց վերջին շաբաթներուն Ղարաբաղի դէմ թուրք ազերիներուն կողմէ գործուած յարձակումը, երբ կարգ մը երկիրներ գաղջ մօտեցում որդեգրեցին, եւ ուրիշներ լուռ մնացին միջազգային օրէնքի համաձայն դատապարտելի այս երեւոյթին դիմաց», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Հաստատելով, որ համահայկական ճիգով մենք պիտի շարունակենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման մեր պայքարը, վեհափառ հայրապետը այս ծիրին մէջ իրաւական մարզը նկատեց հիմնական` յիշելով այս առումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջին գործնական քայլը` դատ բանալ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մէջ եւ պահանջել Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ, հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին:
Անոր համաձայն, հայ ժողովուրդի զաւակները Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի քաջ պէտք է գիտնան, որ Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու ու մեր ժողովուրդը ոչնչացնելու եւ պատմութեան արխիւներուն մէջ նետելու նո՛յն քաղաքականութիւնը կը շարունակուի` Թուրքիոյ ու անոր ցեղակից Ազրպէյճանի կողմէ:
«Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց, մենք մնայուն պատերազմի մէջ ենք: Մենք շրջապատուած ենք տեսանելի ու ոչ-տեսանելի թշնամիներով: Մենք բարեկամներ չունինք: Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այս՛օր եւս Հայաստանը կռուախնձոր է շրջանային թէ միջազգային գերուժերու շահերուն միջեւ: Այս դառն իրողութեան դիմաց մենք մեր ուժին պէտք է վստահինք: Մեր կեանքը պէտք է համապատասխան կերպով կազմակերպենք ու մեր առաջնահերթութիւնները ճշդենք: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ ցեղասպանը փորձէ մեր արեամբ ազատագրուած հողերէն ներս մուտք գործել, մեր պետականութիւնը տկարացնել եւ մեր պահանջատիրութիւնը նսեմացնել: Արդ, անհրաժեշտ է դիմել հետեւեալ քայլերուն.
«Ա) Հայոց բանակի հզօրացումը անյետաձգելի ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ի՛նչ պիտի պատահէր մեր ժողովուրդին, եթէ Ղարաբաղի ճակատներուն վրայ մեր հերոս տղաքը իրենց օրինակելի քաջութեամբ, նոյնիսկ իրենց արեան գնով չկռուէին թշնամիին դէմ: Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ նոր ջարդ մը կատարուի մեր ժողովուրդին դէմ:
«Բ) Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է դառնան աւելի ազդու ու մարտունակ: Այս ուղղութեամբ սփիւռքը իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ կրնայ օժանդակել Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հետ աղերս ունեցող աշխատանքներուն:
«Գ) Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ քարոզչական պատերազմը մեծապէս ազդեցիկ դեր ունի, տնտեսական, քաղաքական ու զինուորական ազդակներու կողքին: Մեր քարոզչական աշխատանքները եւս պէտք է դառնան աւելի կազմակերպ ու աշխոյժ` սփիւռքին կատարելիք կարեւոր ներդրումով», հաստատեց կաթողիկոսը:
Իր խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց` մէկտեղելու ուժերը, աշխատանքի ներդաշնակում ու միասնականութեան ամրապնդում կատարելու, ըլլալու իրապաշտ, որովհետեւ զգացական ու պարագայական մօտեցումները կրնան Հայաստանն ու Ղարաբաղը աւելի վտանգալից կացութիւններու դիմաց դնել ու մեր ժողովուրդը նոր տագնապներու առաջնորդել:
«Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը ու անոր անկախութեան ամրացումը ճակատագրական կարեւորութիւն ունին Հայաստանին համար, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իր բոլոր բնագաւառներով, ներքին թէ արտաքին ճակատներով առանցքային նշանակութիւն ունի մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին համար: Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր համահայկական քաղաքականութիւնը: Ա՛յս է Հայաստանի ու Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ու հզօրացման ճամբան. ա՛յս է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման ճամբան», իր խօսքը աւարտեց Արամ Ա. կաթողիկոս: