Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Poghok1_42416

23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը` հաւատալով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտող եւ հայութեան հատուցում տալ մերժող Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ պատմութիւնը ծածկելու իմաստով տարուած արշաւին եւ մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակն ու թափած արիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն նկատմամբ, նախաձեռնեց բողոքի ցոյցի մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան, ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած ցոյցին մեծաթիւ երիտասարդներ եւ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ տարբեր տարիքի պատկանող լիբանանահայեր կոչերով, ազգային-հայրենասիրական երգերով, Եռագոյն դրօշներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներ պարզած` իրենց բողոքը արտայայտեցին թրքական պետութեան դէմ, որուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը ամբողջութեամբ պարպած էր դեսպանատունը,  դատարկ դեսպանատան կը հսկէին մեծաթիւ  ոստիկաններ, իսկ դէպի դեսպանատուն տանող բոլոր ճամբաները փակուած էին լիբանանեան բանակին կողմէ:

Դեսպանատան դիմաց ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի անունով խօսք առաւ Մարինա Տիարպի, որ հաստատեց  պողպատեայ կամքով եւ պայքարի ոգիով երիտասարդութեան կառչածութիւնը մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու վրէժխնդիր կտակով երթը շարունակելու սրբազան ուխտին: Ան դիտել տուաւ, որ երիտասարդութիւնը համախմբուած է յիշեցնելու խուլ ձեւացող միջազգային հանրութեան եւ մասնաւորաբար թուրքին, թէ երիտասարդութիւնը պաշտպանն է հայ ժողովուրդին կեանքին, անոր ներկային ու պայքարին:

Ան անդրադարձաւ ապրիլի սկիզբը Արցախի մէջ ազրպէյճանցիներուն կողմէ զինադադարի խախտումին, որ ապացոյց էր թրքական բնոյթ կրող քաղաքականութեան: «Ցեղասպան թուրքը ամենայն հպարտութեամբ բարոյական ցուցումներով եւ ռազմավարական օժանդակութեամբ նեցուկ կը կանգնի իր ազգակից մարդասպան Ազրպէյճանին` երկար տարիներու փանթուրանական իր երազին իրականացման նպատակով», ըսաւ Մ. Տիարպի:  Ան հաստատեց, որ թուրքը չէ փոխուած, կը մնայ նոյնը, կը վարէ քանդումի եւ սպանդի նոյն քաղաքականութիւնը, կը շարունակէ ուրանալ պատմութեան համար յստակ իրականութիւնը եւ ջանք չի խնայեր ամէն առիթի հարուածելու հայը` աւելցնելով, որ թէեւ լիբանանահայ երիտասարդը հեռու է հայրենիքէն, թերեւս միջավայրն ու պայքարի ձեւերը եւս տարբեր են, սակայն նպատակը կը մնայ նոյնը` հզօր կամքով ու յարատեւ պայքարի ոգիով դիմագրաւել այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան Հայ դատին, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի հարցերու լուծման:

«Մենք` արի երիտասարդութիւնս, հայ ժողովուրդին ուժն ու ապագան կը ներկայացնենք, մեր նախահայրերուն արդարութեան պահանջին ջահն է, որ վառ կը պահենք: Ո՛վ թուրք, լսէ՛ հայ երիտասարդին ձայնը, տե՛ս, թէ հայը որքա՛ն ամուր կառչած է Արցախին եւ զօրաւոր բազուկով տէր կանգնած է հայրենական հողերուն», ըսաւ Մարիա Տիարպի: Իր խօսքը եզրափակելով ան յայտարարեց, որ այսօր պայքարը համայն հայութեան պայքարն է` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, ուստի բոլորս միահամուռ կերպով կը պահանջենք արդարութեան հաստատումը, կը վստահեցնենք, որ Արցախը մերն է, պիտի չզիջինք այդ սուրբ հայրենիքէն, ճիգ պիտի չխնայենք ու պիտի շարունակենք մեր երթը` ի խնդիր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

Poghok12_42416Poghok6_42416Poghok3_42416Ապա երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարչակարգերու ներկայացուցիչներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իլհամ Ալիեւի խորհրդանշող խրտուիլակ մը:

Poghok10_42416

Հաւաքին աւարտին ցուցարար երիտասարդութեան իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ ողջունեց Թուրքիոյ կատարած ոճրագործութեան եւ ներկայիս անոր վարած քաղաքականութեան դէմ բողոքող երիտասարդները, որոնք դեսպանատան առջեւ համախմբուած էին լսելի դարձնելու իրենց պահանջատիրական ձայնը: Ան ըսաւ, որ դեսպանատունը կը հանդիսանայ ոճրագործին խորհրդանիշը, որուն դիմաց հաւաքուած է լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, իսկ Ղարաբաղի մէջ նոյն ոճրագործին դիմաց կանգնած են հայ զինուորները, որոնք եւս կը պայքարին սրբազան նպատակներու ի խնդիր: Ուստի, դիտել տուաւ երեսփոխան Բագրատունի, այսօր Հայաստանէն Ղարաբաղ եւ ի սփիւռս աշխարհի ամբողջ հայութիւնը իր պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացնելու կողքին համայն աշխարհին դիմաց կը յայտարարէ, որ պիտի չնահանջէ եւ պիտի չընկրկի, պիտի չյուսահատի եւ պիտի չթուլնայ, այլ իր գործունէութեամբ հաշիւ պիտի պահանջէ թշնամիէն: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ դեսպանատունը դատարկ է, որովհետեւ հոն աշխատող դիւանագէտները չեն կրնար ճակատաբաց ընդունիլ հայ պահանջատէր երիտասարդները, որովհետեւ պատասխան չունին տալիք:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ ճամբան որքա՛ն ալ երկար ըլլայ, մեր կամքերը պիտի մնան նոյնքան ամուր, ուստի իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է լաւապէս գիտակցի, որ ընելիք ունի, պարտականութիւն դրուած է իր ուսերուն, իսկ լիբանանահայ երիտասարդը պէտք է նաեւ իր լիբանանցի ընկերոջ յիշեցնէ, որ ինչպէս հայը զոհ գնաց թրքական սուրին ու եաթաղանին, լիբանանցին ալ զոհ գնաց թուրքին պատճառած սովին:

Ցոյցի աւարտին երգուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը:

Ապա ցուցարարները հետիոտն ուղղուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար` մասնակցելու երիտասարդական-ուսանողական հսկումին:

Նշենք, որ լիբանանեան եւ արաբական լրատուամիջոցներ հետեւեցան բողոքի ցոյցին եւ զրոյցներ ունեցան պատասխանատուներու հետ:

Poghok11_42416

Poghok7_42416

Poghok8_42416

Poghok2_42416

Նախորդը

«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան Ամբողջական Հաստատում

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?