Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» եւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէներուն, մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին, ԼՕԽ-ի «Սեւան», «Գայեանէ», «Նայիրի» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն եւ Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կազմակերպուած ժողովրդային քայլարշաւը` «Աղբալեան» ակումբէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք:
Քայլարշաւի մասնակիցները առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներն ու շեփորախումբը, որուն հերթաբար հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթի պզտիկ տղոց խումբը, ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը, որուն միացած էր նաեւ «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղը եւ վերջապէս` բոլոր համակիրները:
Բազմութիւնը մայրավանք հասաւ ժամը 10:45-ին եւ ունկնդրեց Արամ Ա. վեհափառին պատգամը: