Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան Ամբողջական Հաստատում

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Havak1_42416

Աւելի քան մէկ դար ետք տակաւին հայութեան յիշողութեան մէջ մեր նախնիներուն «գծած» ահարկու պատկերները կը մնան յստակ ու վճիտ, իր գիտակցութեան մէջ սուրբ նահատակներուն կտակը կը մնայ մշտարթուն ու բաբախուն, անոր խիղճին վրայ տակաւին կը շարունակէ ծանր կշռել արիւնարբու թուրքին եաթաղանին զոհ գացած իր նախահայրերուն թափած արեան հատուցման ուշացումը…

Havak2_42416

Աւելի քան մէկ դար ետք` 24 ապրիլ 2016-ին, աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը գտնուող հայեր միացան, համախմբուեցան, մէկ խօսք ու գործ եղան, որպէսզի վերահաստատեն իրենց կառչածութիւնը Հայ դատին, իրենց հաւատարմութիւնը մէկուկէս միլիոնին նահատակութեան, իրենց հաստատակամութիւնը` մինչեւ վերջ, մինչեւ հայկական բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ ամբողջական արդարութեան տնօրինումը շարունակելու պայքարը` բոլոր ձեւերով եւ բոլոր ժամանակներուն, ամէն տեղ ու ամէն հարթակի վրայ:

Լիբանանահայութիւնը երէկ ժամադրուած էր յատկանշական վայրի մը մէջ` Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, ժամադրուած էր իր սուրբ նահատակներուն հետ, որոնց հոգին կը թեւածէր հրապարակին վերեւ, որոնց Տէր Զօրի աւազներուն խառնուած մարմիններէն անջատուած բիւրեղ հոգիները վերակենդանացած էին իւրաքանչիւր լիբանանահայ պահանջատէրի ու իր Դատին հաւատարիմ մնալը կենսակերպի վերածած հայորդիի մէջ:

24 ապրիլ 2016-ին լիբանանահայութիւնը` իր քաղաքական երեք կուսակցութիւններով, յարանուանութիւններով, միութիւններով, ժողովուրդի բոլոր խաւերով` մանուկէն մինչեւ տարեց, եռագոյններ պարզած խիտ ու պինդ շարքերով իր ուղին բռնեց դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր համախմբուեցաւ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի համաժողովրդական ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկին:

Ազգային բարձր գիտակցութեամբ տոգորուած բազմահազար հայորդիներու համախմբումը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ Լիբանանի մէջ հայութիւնը կը հանդիսանայ այն հաւաքականութիւնը, որ գիտէ յարգել սուրբ նահատակներուն յիշատակը, որ չի մոռնար իր դատը, որ մարդկային վեհ սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ լաւապէս կը գիտակցի, որ շահերէ եւ հաշիւներէ վեր ու վեհ արժէքներ կան կեանքի մէջ:

Անի Ղարիպեան
Անի Ղարիպեան
Ցոլեր Թալաթինեան
Ցոլեր Թալաթինեան

Համաժողովրդային ոգեկոչման հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Անի Ղարիպեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր հաւաքական ուժով կը վերանորոգէ իր ազգային ուխտը` ապացուցելով իր զօրակցութիւնը հայրենիքին եւ անոր բանակի մարտունակ զաւակներուն, Արցախի մէջ մարտնչող հերոս հայորդիներուն, յանուն Հայաստանի հզօրացման եւ միասնական ուժին, ի խնդիր հայկական պահանջատիրութեան յաղթանակին: Ա. Ղարիպեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այսօր համայն հայութիւնը կը վերահաստատէ, որ յանձնառու է իր պապերուն կտակած առաքելութեան, շարունակելու իր աննահանջ երթը, մինչեւ հայոց արդար իրաւունքներու ձեռքբերում»:

Ցոլեր Թալաթինեան կարդաց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ լիբանանեան մամուլին յղուելիք հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին կը շարունակէ Թուրքիայէն պահանջել ճանաչում եւ հատուցում: Մինչ Թուրքիան կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, Ազրպէյճան յարձակման եւ բռնագրաւման քաղաքականութեամբ կ՛աշխատի ղարաբաղեան հարցի լուծումը խաղաղ բանակցութիւններէն փոխադրել պատերազմի դաշտ: Հայ ժողովուրդը 101 տարի ետք կը վերահաստատէ, որ տարիները չեն կրնար տկարացնել իր կամքը, չեն կրնար խլել արդարութիւն պահանջելու իր իրաւունքը : Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիան ճանչնայ պատմական իրողութիւնը եւ հատուցում կատարէ` իրաւունքը վերադարձնելով իր տիրոջ:

Havak10_42416ՍԴՀԿ-ի անունով խօսք առաւ Կիրակոս Թիւթիւնճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը` իբրեւ ցեղասպանուած ժողովուրդ, պիտի շարունակէ մնալ պահանջատէր, պիտի շարունակէ մնալ հետեւորդը իր նահատակներու կտակած պատգամներուն, ապա դիմելով  երիտասարդութեան ըսաւ. «Կը դիմեմ ձեզի` մնալու հաստատակամ ձեր ընբռնումներուն մէջ: Դուք վաղուան հերոսներն էք, այն բազուկները, որոնք բարձր պիտի պահեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ջահերը»:

Կ. Թիւթիւնճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալի հարց չէ, այլ դարձած է նոր պայքարի մեկնակէտ, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը կը յարգուի խօսելով հատուցման լեզուով, իսկ միացեալ կամքով եւ ճիգերով պէտք է հունաւորուի պայքարը, որուն թիրախները պէտք է ըլլան Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Ան հաստատեց, որ պահանջատիրական երթը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Թուրքիան կը մերժէ հատուցել հայ ժողովուրդին իրաւունքները:  Թուրքիան պարտաւոր է առերեսուիլ հայութեան արդար դատին եւ անսալ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու կանչին: Ինչ կը վերաբերի Արցախին, Կ. Թիւթիւնճեան յայտնեց, որ Արցախի անվտանգութիւնը հայ ժողովուրդին համար դարձած է հիմնական օրակարգ եւ հայութիւնը պատրաստ պէտք է ըլլայ նոր զոհաբերութիւններու: Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի խնդիրներուն` Կ. Թիւթիւնճեան կարեւոր նկատեց խօսիլ Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան երաշխիքներուն մասին: Ան ըսաւ, թէ առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման, շրջանը պիտի շարունակէ մնալ տագնապալի եւ հոն պիտի շարունակեն գործուիլ անմարդկային նոր նախճիրներ:

Կ. Թիւթիւնճեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօրուան գերագոյն արժէքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, առանց որուն պահանջատիրական երթերը շատ բան կը կորսնցնեն իրենց իմաստէն եւ արժէքէն: Մեր բոլոր ճիգերը, ամբողջական եռանդը, ապագայի ընելիքները պէտք է ուղղուած ըլլան այս նպատակին, որուն զուգահեռ նաեւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու ձեռքբերման, Հայոց ցեղասպանութեան հարցի իրաւական լուծման եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու հատուցման»:

Ելոյթ ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբը` Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ: Երգչախումբին անդամները բարձրորակ արուեստով մեկնաբանեցին «Բամբ Որոտան», «Ով հայոց աշխարհ», «Եա ահըլ էլ արտ» եւ «Կիլիկիա» երգերը:

Սեւակ Յակոբեան
Սեւակ Յակոբեան

ՌԱԿ-ի անունով խօսք առաւ Սեւակ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան եղելութիւնը, նկարները եւ ցաւը կանգուն կը մնան հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ` միշտ կենդանի տրոփումով ու այն հաստատ համոզումով, որ Հայ դատը արդար է ու անզիջանելի, որովհետեւ իրաւունքը չի մեռնիր: Ս. Յակոբեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց ցեղասպան թուրքին դրդումով ազրպէյճանցիները իրենց վայրագութիւններով  կը խլեն անմեղ հայորդիներու հոգիներ, մինչ արցախահայութիւնը կը մարտնչի իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքին ի խնդիր:

Ան ըսաւ, թէ հայերուն համար ապրիլ ամիսը յիշատակներ, մարտահրաւէրներ ու ապրելու կամք կը խորհրդանշէ, ապա հաստատեց. «Ճշմարտութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան մահը. հայ ժողովուրդը չի պարտուիր, իրաւունք չունի պարտուելու, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները եւ ո՛վ ալ ըլլայ թշնամին»:

Սեւակ Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հայ դատը անժամանցելի է: Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ալ գերուժեր կրնան զայն փակուած նկատել, այնքան ատեն որ Ցեղասպանութենէն վերածնած պահանջատէր հայութիւնը, կատարեալ գործակցութեամբ եւ բծախնդիր համադրումով կը գործէ փոխընբռնումի եւ զիրար ամբողջացնող յստակ կերպով մշակուած համազգային ռազմավարութեամբ»:

Havak7_42416 Havak15_42416Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, որմէ ետք Կարօ Քէլէշեան եւ Աւօ Ագրապեան մեկնաբանեցին հայրենասիրական երգ, ընկերակցութեամբ` Պօղոս Քէլէշեանի:

Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Ձեռնարկին ՀՅԴ-ի խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան: Յ. Հաւաթեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ Հայ դատի հետապնդման գործօնը ինքզինք պարտադրելու նոր կարելիութիւններու դիմաց կը գտնուի, եւ հայկական հարցի հետապնդումը դէպի իրաւական դաշտ մղելու եւ հատուցման թղթածրարը միջազգայնացնելու աշխատանքը անցնող տարուան ընթացքին ստացած է յստակ դիմագիծ ու դարձած բովանդակային լուրջ օրակարգ:

Ան  հաստատեց, որ հայ քաղաքական միտքին համար հաստատ իրողութիւն է, որ Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու պատասխանատուութենէն ոչ մէկ ատեն կրնայ խուսափիլ, ինչքան ալ մեծապետական եւ միջպետական հաշուարկներու վրայ դնէ իր գրաւը եւ շարունակէ կազմակերպել պատմական իրողութեանց խեղաթիւրման արշաւներ ու գործադրէ ժխտողականութեան քաղաքականութիւն: Յ. Հաւաթեան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման առիթով պարտաւորութիւնը` ազգովին  մշակելու ժամանակակից համազգային անվտանգութեան համակարգ մը:

«Ազգի ու հայրենիքի ապագային սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմաց մենք պարտաւոր ենք դառնալ միակամ, ճզմել մեր հայրենիքի հաւաքական կեանքին մէջ իշխանատենչ եւ հատուածական բոլոր տեսակի ինքնանպատակ դրսեւորումները», ըսաւ ան, ապա շարունակեց. «Ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն պատճառով համայն հայութիւնը ապրեցաւ հայոց աննման բանակին շուրջ համախմբուելու եւ համազգային զօրակցութիւն դրսեւորելու, զոհուածներու ու վիրաւորներու ցաւին հետ հաւաքական բաժնեկցութիւն ստեղծելու հայավայել պահեր»:

Ինչ կը վերաբերի Արցախին, Յ. Հաւաթեան ըսաւ, թէ համահայկական ընդհանուր ներուժի կուտակումը անյետաձգելի հրամայական է, եւ Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրները, տնտեսական եւ ներդրումային միջավայրի ձեւաւորումը, հայ դիւանագիտութեան բանակցային բոլոր հոլովոյթներուն մէջ սկզբունքային ու համազգային տեսլականով առաջնորդուելու վճռակամութիւնը, եւ վերջապէս` Արցախի սահմանները անառիկ պահելու անհրաժեշտութենէն բխած բոլոր պահանջներուն գործադրութիւնը իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեր համազգային անվտանգութեան օրակարգին մէջ:

Անդրադառնալով Ջաւախքին` Յ. Հաւաթեան ընդգծեց ջաւախքահայութեան բնականոն զարգացման եւ այնտեղ ապրող հայ համայնքի ներուժի ուժեղացման կարեւորութիւնը: Իսկ Արեւմտահայաստանի եւ Թուրքիոյ համայնքային կեանքին մասին խօսելով` Հաւաթեան ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ խմորուող իրադարձութիւնները նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, հետեւաբար կացութիւնները ճիշդ գնահատելու, գործադաշտը ճիշդ յստակացնելու, առաջնահերթութիւնները բծախնդիր կերպով դնելու եւ վերջապէս մեր դերակատարութեան չափը ճիշդ արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ըլլալ զգաստ եւ հետեւողական»:

Յ. Հաւաթեան անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու սփիւռքացած հայութեան դիմաց դրուած հրատապ եւ այժմէական սուր խնդիրներուն` կոչ ուղղեց ըլլալու անկեղծ եւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու գործելաոճը, շեշտադրելով քաղաքական գործօնի խորացումը եւ ազգային հիմնախնդիրներէ յառաջացած նպատակներուն համար աշխատանքային նոր ոճը:

Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Մենք հարուստ ենք մեր պայքարով, մեր նահատակներով, որոնք կը շարունակեն լուսաւորել մեր երթը եւ կ՛իմաստաւորեն մեր ազգի գոյութիւնը: Անոնք կը պարտաւորեցնեն մեզի վեր կանգնիլ եւ մնալ բարձր Հայաստանն ու հայութիւնը ջլատող, ստրկացնող բոլոր տեսակի փորձութիւններէն, դաւադրութիւններէն եւ վարքագիծերէն: Եկէ՛ք միասնաբար երդնունք ընդարձակել պայքարը, որպէսզի ամէն օր քիչ մը աւելի հայանանք ու քիչ մը աւելի մօտենանք վախճանական յաղթանակին: Ապրի՛ մեր պայքարը, թող  անսասա՛ն մնայ Հայոց բանակը, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանն ու հայութիւնը»:

Havak9_42416Havak14_42416«Սարդարապատ» յաղթերգով փակուեցաւ ոգեկոչման համաժողովրդային հաւաքը:

Havak11_42416

Havak12_42416

 

 

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

Յաջորդը

Պան Քի Մուն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցը Քննարկած Է Նախագահներ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?