Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայութիւնը Վերանորոգեց Իր Ուխտը Եւ Շեշտը Դրաւ Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման Կարեւորութեան Վրայ

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tzaghig_42416

Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած հսկումի երեկոյ` մասնակցութեամբ աւելի քան հազար հայորդիներու, որոնք ձեռնարկէն ետք քայլարշաւով մեկնեցան դեպի Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան:

Քարլա Քենտիրճեան
Քարլա Քենտիրճեան

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Քարլա Քենտիրճեան, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս սուրբ նահատակներուն յիշատակը յարգելու հրաւիրեց ներկաները, ապա հարց տուաւ, որ արդեօք ժամը չէ՞ հասած ստեղծելու մեր հաւաքական զարթնումի պահը եւ մտածելու տեղ մը բան մը փոխելու մասին: Ան կեդրոնացաւ այն կէտերուն վրայ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ հայ ազգի հաւաքական աշխատանքներուն եւ ճիգերու յաջողութեան պսակումին: Քենտիրճեան նախ շեշտեց, որ պէտք չէ ըլլալ յոռետես, որովհետեւ որեւէ գործի պարագային դրական մտասեւեռում ունենալը հիմնական երաշխիքը կը հանդիսանայ այդ գործի յաջող աւարտին: Ապա ան ակնարկ մը ուղղեց ներհայեցողութեան կարեւորութեան վրայ եւ ըսաւ. «Իւրաքանչիւրիս մէջ ու մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, թէ՛ անձնական առումով, եւ թէ հաւաքական գետնի վրայ, եթէ մտադրած ենք հասնիլ մեր նպատակներուն, նախ պէտք է սկսինք ինքնաքննարկման ներhայեցողական մեկնակէտէ»` շեշտելով, որ պէտք է լաւ ճանչնալ մեր կարողութեան չափը, եւ ճշգրիտ ձեւով կշռել մեր թերութիւնները եւ քաջ գնահատել կացութիւնները: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ մեծ տէրութիւններուն մօտ հայն ու Հայ դատը միջոց մըն են միայն` իրենց քաղաքական շահերը ապահովելու ծառայող, նաեւ` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու եզակի զէնք: Իսկ մեկնելով ՀՅԴ-ի զինանշանի հանճարեղ միաւորումէն` Քենտիրճեան ըսաւ, որ մեր աշխատանքները պէտք է ըլլան մտաւորականութեան, մարտունակութեան եւ աշխատանքի մէկտեղումով: Նկատի ունենալով, որ ներկաներուն մեծամասնութիւնը մուսալեռցիներ են, Քենտիրճեան, յիշելով հերոսամարտը, իր մտահոգութիւնը յայտնեց գիւղին մէջ տիրող կացութեան գծով եւ շեշտեց, որ գիւղին հայեցի դիմագիծի պահպանումը միա՛յն պատիւի նկատմամբ նախանձախնդրութեան հարց է:

Բացման խօսքէն ետք, Այնճարի Հայ քոյրերու վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան փունջ մը բանաստեղծութիւններով, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ, եւ որ կ’անդրադառնար այն անձնաւորութիւններուն, որոնք հսկայական աշխատանք տարած են հայկական մշակոյթի զարգացման համար: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը` ասմունքով, երգեցողութեամբ եւ պարով:

Կարօ Փիլաւճեան
Կարօ Փիլաւճեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Փիլաւճեան, որ իր խօսքին սկիզբը ամփոփ եւ յստակ կերպով պատմական ակնարկով մը ներկայացուց հայ ազգի տառապանքները, ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի ձեւաւորումին: Փիլաւճեան նշեց, թէ, հակառակ անոր որ Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդը տառապեցաւ ստորակայութեան բարդոյթէն եւ չկարողացաւ ու չուզեց յիշել իր արիւնալի անցեալը, բայց եւ այնպէս երկրորդ սերունդին յեղափոխաշունչ նկարագիրը եղաւ ակիւնադարձային, ան բռունցք բարձրացուց թուրքին դէմ, եւ, ի պատիւ այդ սերունդին, հայոց դարաւոր դատը յարութիւն առաւ: Ապա ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարիներ ետք կազմակերպուած 1918-ի Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի ու Սարդարապատի Ճակատամարտներուն եւ ըսաւ. «Հայը, քաջատեղեակ ըլլալով Թուրքիայէն եւրոպական պետութիւններու շահադիտական, ռազմավարական եւ տնտեսական ակնկալիքներուն, յոյս չդրաւ երբեք Եւրոպայի եւ Պերլինի կեղծ վեհաժողովին վրայ, այլ վստահեցաւ Խրիմեան Հայրիկի պատգամին եւ հաւատաց զէնքի ուժին կարեւորութեան»: Փիլաւճեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն եղաւ այն կուսակցութիւնը, որ վեց հարիւր տարուան խաւարած արշալոյսը կրկին բարձրացուց հայոց կարմիր երկնակամարին վրայ եւ, ի պատիւ անոր, ծագեցաւ անկախութեան արշալոյսը` դարաւոր տառապանքներէ ետք 28 մայիս 1918-ին հաստատելով պետականութիւն: Պատգամախօսը նաեւ աւելցուց, որ Դաշնակցութեան ցանած ծիլերը այդ հանգրուանին թէեւ չտեւեցին աւելի քան երկու տարի եւ եօթը ամիս, սակայն չչորցան. այդ ծիլերն էին, որ կրկին կերտեցին նորօրեայ անկախութիւն 1991-ին, եւ այդ ծիլերն էին, որոնք սկիզբ դրին արցախեան ազատագրական պայքարին: Սփիւռքի ապագան կը մնայ մշուշապատ, եթէ մեր աշխատանքները չըլլան նպատակաուղղուած ըսաւ պատգամախօսը յստակ կերպով շեշտելով, որ պէտք է ամրացնել սփիւռք եւ հայրենիք կապը: Կարօ Փիլաւճեան, իր խօսքը ուղղելով հայկական կրթական հաստատութիւններուն, ըսաւ, որ պէտք է աւելի մանկավարժական մօտեցումներով թրծել նոր սերունդը` նկատի ունենալով այսօրուան տեղեկատուական դաշտին անմարդկային վտանգները, որոնք, ո՛չ ազգ կը ճանչնան, եւ ոչ ալ հայրենիք: Ան աւելցուց, որ լրատուական դաշտն ու ընկերային ցանցերը կը փճացնեն մեր նոր սերունդին հոգին եւ ենթագիտակցութիւնը` կոչ ուղղելով աշխատելու մեր զաւակներուն տաղանդները բացայայտելու եւ սփիւռքի մէջ մեծատառ հայ մարդը կերտելու ուղղութեամբ: Ան անդրադարձաւ նաեւ օտարամոլութեան ու օտար ամուսնութիւններուն եւ ըսաւ, որ եթէ շարունակենք այս ընթացքը, սատարած կ՛ըլլանք Թուրքիոյ ճերմակ ջարդին, եւ նկատի ունենալով, որ մենք փոքր ազգ ենք պարտաւոր ենք պահել մեր եզակի տեսակը:

sevan_42416sevada_42416Անկէ ետք հանդէս եկաւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներէն կազմուած խումբ մը, որ երգով ու ասմունքով հիացուց ներկաները: Ապա բազմամարդ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ դպրոցին շրջափակը եւ լսելէ ետք Սեւան Սարգիսեանի կատարողութեամբ բանաստեղծութիւն մը, տպաւորուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տարիներու սովորութիւն դարձած կրակի խաղերով ներկայացուած կարգախօսով, որ այս տարի «Պայքար  յանուն իրաւունքի» արտայայտութիւնն էր:

Ապա ներկաները, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ԼԵՄ-ականներու եւ պատանիներու, որոնք իրենց ձեռքին ունէին ջահեր, քայլարշաւով ուղղուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան, ուր ցնցիչ խօսքով մը ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Սեւատա Անտոնեան: Յուշարձանին դիմաց կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ  հոգեհանգստեան պաշտօն:

Նախորդը

Հ. Յովհաննէս, Ծ. Վրդ. Սէֆէրեան Վախճանեցաւ

Յաջորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Մասնակցեցան Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կազմակերպած Արեան Տուչութեան Ձեռնարկին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?