
Անոնց, որոնք բաց աչքով կապոյտին նայեցան
Անոնց, որոնք ափ մը հողի եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին
Անոնց, որոնք ոսկորտիքը անապատի կիզիչ արեւուն տակ փշրուեցան
Անոնց, որոնք հայրենի հողէն ու զուլալ ջուրէն ի սպառ զրկուեցան
Այն բիւրաւոր նահատակ հայորդիներուն իբրեւ յուշարձան
Կը կերտէ իրենց մէկ արիւնակից-ազգակիցը:
Մարտիրոս Ալթունեան
1929
Հաւանաբար քիչեր գիտեն, որ սոյն գրութիւնը կրող եւ Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած առաջին յուշակոթողը` Մարտիրոս Ալթունեանի կողմէ կերտուած, կանգնեցուած է Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, սակայն անիկա կը գտնուէր խեղճ ու անտեսուած վիճակի մէջ:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ողջունելի նախաձեռնութեամբ ձեռնարկուեցաւ յուշակոթողի վերանորոգութեան եւ ճարտարապետական նոր մտայղացումներով զայն աւելի աչքառու դարձնելու քայլին: Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ, Ս. Յակոբ եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտներուն մասնակցութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս` յուշակոթողի վերանորոգութեան առիթով:

Սուրբ նահատակներու հոգիներուն համար Սարգիս քահանայ Սարգիսեանի կողմէ կատարուած աղօթքէն ետք ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Գուրգէն Փափազեան, որ հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը պէտք է առիթ ըլլայ կեդրոնանալու նաեւ մեր ապագային, եւ ոչ թէ անցեալին վրայ: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայ, անկախ տարիքէն ու սեռէն, աշխատանք ունի կատարելիք Հայ դատին առնչութեամբ, իսկ այդ աշխատանքը կ’արդիւնաւորուի միա՛յն, եթէ ձեւականութենէ դուրս գալով ձգտի բարձր որակի ու մակարդակի:
Ան շեշտեց, որ թէեւ մարդուժը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր է որակաւոր մարդուժը, որովհետեւ առանց անոր կը մնանք յարատեւ տեղքայլի մէջ եւ իբրեւ մարդ թերացած կ’ըլլանք: Հետեւաբար, յա՛տկապէս մեր երիտասարդութիւնը, իբրեւ ապագային ձգտող սերունդ, պէտք է իր հաւաքական ուժը կեդրոնացնէ որակաւոր աշխատանքի արդիւնաւորման վրայ, հաստատեց Գ. Փափազեան` աւելցնելով, որ թիւը նուազ կարեւոր է, քան որակը, իսկ այս իրողութեան փաստը Արցախի չորսօրեայ պատերազմն է, ուր բանակը թէեւ մարդուժի պակաս ունէր, բայց կրցաւ իր առաքելութիւնը կատարել շնորհիւ հիանալի որակին:
Աւարտին, Գուրգէն Փափազեան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղը ամենայն պատրաստակամութեամբ իր ձայնը կը միացնէ հայ երիտասարդութեան ձայնին` հաւատալով, որ ազգին նկատմամբ իրենց ունեցած պարտականութիւններն ու զոհողութիւնները կ’ըլլան կատարեալ միայն ու միայն այն ժամանակ, երբ անոնց կ’ընկերակցի որակը:

Ապա խօսք առաւ շրջանի երէց ընկերներէն Յարութիւն Վարժապետեան, որ ըսաւ, թէ հայութիւնը ամէն ապրիլ 24-ին կը վերանորոգէ նահատակներուն նկատմամբ ունեցած իր յարգանքը, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ կ’առնէ քաղաքակիրթ կարծուած աշխարհին կողմէ ցուցաբերուած շնական լռութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ կը կարծուի, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որ ժառանգորդն է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն, արցունքը աչքերուն եւ մորմոքը սրտին կը շարունակէ իր երթը, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ հայութիւնը արարող եւ ստեղծագործ ժողովուրդ է, մշակոյթ եւ հարստութիւն ունեցող ազգ է, որ գիտցաւ պահել իր արժէքները, ապրիլ անոնցմով եւ ժառանգ ձգել զանոնք յառաջիկայ սերունդներուն: Յ. Վարժապետեան հաստատեց, որ հայութեան մղած այս անզիջող պայքարը անպայման իր դրական վախճանը պիտի ունենայ, պիտի գայ օրը, երբ թուրքը հրապարակաւ ներում պիտի հայցէ հայութենէն:
Ապա Յարութիւն Վարժապետեան իր յուշերուն ընդմէջէն ներկայացուց Էշրեֆիէի շրջանին մէջ հայութեան հաստատումը, հոն տուն, եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ կառուցելը, ապա լուսարձակի տակ առաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան նախկին վիճակը` նշելով, որ թէեւ մեծ թիւով հայեր կը ննջեն այդ հողին տակ, սակայն զանոնք օտար հողն է, որ գրկած է: Ան նաեւ խօսեցաւ սփիւռքահայութեան պարզած պատկերին մասին` մատնանշելով, որ սփիւռքը կը շարունակէ մնալ հայրենիքէն դուրս ապրող հայկական հաւաքականութիւն, որ երջանիկ օր մը պիտի համախմբուի իր հարազատ ու հայկական հողին վրայ:

Ապա խօսք առաւ «Քրիստափոր» կոմիտէի անդամ Մակի Խաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ, թէեւ վերանորոգութեան նախաձեռնողը կոմիտէութիւնն էր, սակայն անոր իրականացման մէջ ներդրում ունեցան եւ նիւթական յատկացումներ կատարեցին անհատներ, մարմիններ եւ կառոյցներ, որոնց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ան: Մ. Խաչերեան ըսաւ, որ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ եղած կոթողը շուտով պիտի հասնի իր աւարտական հանգրուանին:

Անկէ ետք խօսք առաւ վերանորոգութեան ճարտարապետական մտայղացման տէր Էթիան Պաստրմաճեան, որ բացատրեց շինութեան գաղափարը եւ աշխատանքներուն ընթացքը:
Ապա ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, Ս. Յակոբ ու Ս. Նշան Մայր եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն եւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Հ. Դժոխք» մասնաճիւղին անունով, իսկ ներկաները մոմեր վառեցին յուշակոթողին առջեւ` իբրեւ յարգանք մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:


