Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քարոզչական-Տեղեկատու Մարմինին Հրաւէրով` Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

April 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARF-Karoztchagan_42216

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին եւ տեղեկատու գրասենեակին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին «Պըրժ Համամ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` ի պատիւ լիբանանցի արաբ լրագրողներու, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու:

Ճաշկերոյթի հրաւէրին ընդառաջեցին լիբանանեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ` տնօրէններ, պատասխանատու խմբագիրներ, հեռատեսիլի կայաններու տնօրէններ, լրատուական բաժանմունքներու պատասխանատուներ, հաղորդավարներ, ինչպէս նաեւ լրատուական կայքերու պատասխանատու խմբագիրներ: Ներկայ էին նաեւ լիբանանեան մամուլին աշխատակցող եւ Հայ դատի բարեկամ մտաւորականներ:

ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Ալիս Պօղոսեան, որ ողջունեց լրագրողները` նշելով, թէ, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւրը ունի իր տեսակէտն ու հարցերուն նկատմամբ մօտեցումները, բայց եւ այնպէս անոնք կը մնան միակ քաջալերական երեւոյթը լիբանանեան տարածքին տիրող տխուր պայմաններուն մէջ:

Պօղոսեան անդրադարձաւ տարածաշրջան երկիրներուն մէջ տիրող խառնակ իրավիճակին` նշելով, որ վերջերս ատոր վրայ աւելցաւ Լեռնային Ղարաբաղը, ուր Ազրպէյճան, թրքական յստակ դրդումով, յարձակում գործեց խաղաղ ու անզէն բնակչութեան վրայ, սակայն ստացաւ շատ արագ պատասխան, որուն իբրեւ արդիւնք կիսազինադուլային դրութիւն մը հաստատուեցաւ, սակայն կացութիւնը կը մնայ լարուած, եւ պատերազմի հաւանականութիւնը կարելի չէ բացառել: Խօսելով հայ ժողովուրդին մասին, ան հաստատեց, որ անոր համար որոշումը շատ յստակ ու վճռական է` ի գին ամէն զոհողութեան իր հողերէն ոչ իսկ թիզ մը զիջում:

Արցախեան իրադարձութիւններուն վերաբերող տեղեկատուութեան անդրադառնալով` Ալիս Պօղոսեան շեշտեց, որ լիբանանեան լրատուամիջոցները ճիշդ լրատուութիւն տալու իմաստով դրական եւ ողջունելի աշխատանք տարին:

Ան նշեց, որ երկու օր ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի թեւակոխէ իր 101-ամեակը, իսկ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ նոյնը` իրաւազրկող եւ ոճրագործ: Ան յայտնեց, որ Հայ դատը պիտի շարունակէ մնալ արիւնալի վէրք մը, որ պիտի դարմանուի միայն այն ատեն, երբ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում կատարէ:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ հայերուն մասին խօսելու ատեն ընդհանրապէս կը նշեն, որ հայերը լաւ արհեստաւորներ են, սակայն հարկ է նաեւ շեշտել, որ անոնք մամուլի մէջ նկատառելի ներդրում ունին. այս առումով ան մատնանշեց, որ Լիբանանի ամէնէն հին եւ տակաւին լոյս տեսնող օրաթերթը «Ազդակ»-ն է, որ հիմնուած է 1927-ին, ՀՅԴ-ի անդամ Հայկ Պալեանի կողմէ:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ լրագրութեան ասպարէզը ունի իր սրբութիւնը` աւելցնելով, որ ինչպէս կատարեալ քրիստոնեաներ կամ իսլամներ չկան, այլ կան միայն հաւատացեալներ, այդպէս ալ լրագրողները սուրբեր չեն, այլ` հաւատացեալներ: Ան դիտել տուաւ, որ ինչպէս քրիստոնեան կը ջանայ աւելի լաւ քրիստոնեայ ըլլալ, իսլամը աւելի լաւ իսլամ եւ լիբանանցին աւելի լաւ լիբանանցի, լրագրողները եւս կը ձգտին լաւագոյնին, իտէալականին, Լիբանանին լաւագոյն ծառայութեան մատուցման: Ան նշեց, որ մեր բոլորին ձգտումը այս երկրին լաւագոյնս ծառայելն է:

Երեսփոխան Բագրատունի իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ մամլոյ գործիչին մելանը երբեք պէտք չէ կոտրի եւ պէտք է մնայ միշտ ազատ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

Յաջորդը

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն» Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է» Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.