
Հովանաւորութեամբ Հալէպի հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէս:
Հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքերէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Այնուհետեւ հայ երեք համայնքապետները իրենց ուղերձներով դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր շարունակութիւնը հանդիսացող եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման միտող` Արցախի դէմ շղթայազերծուած ազրպէյճանական յարձակումը: Անոնք վերահաստատելով հայ ժողովուրդի ապրելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու ի խնդիր պայքարելու վճռակամութիւնը, շեշտեցին նաեւ, որ Թուրքիան Սուրիոյ դէմ ջարդարար նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ, սակայն Սուրիոյ ժողովուրդը իր միասնականութեամբ պիտի վերականգնի, իսկ Սուրիան պիտի պահպանէ իր ինքնիշխանութիւնը:


