Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սարգիս Ազնաւորեան» Բարեզարդուած Սրահի Բացում «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ

April 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aznavourian3_42216

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Ազնաւորեան» բարեզարդուած սրահին բացումը:

Aznavourian1_42216

Aznavourian2_42216«Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վարդան Ազնաւորեան, որ նկատել տուաւ, թէ սրահներու բացման հանդիսութիւնները լոկ նիւթեղէն կառոյցներու վերանորոգութեան շարժառիթներ չեն` աւելցնելով, որ արդիականացումն ու արհեստագիտական նոր մօտեցումները ոչ մէկ արժէք կ՛ունենան, եթէ չկայ խորք, մեկնակէտ եւ նպատակ: Ան յայտնեց, թէ սոյն սրահը կը կրէ անունը նուիրեալի մը, որ սերունդներու դաստիարակութեան եւ զարգացման օրինակելի տիպար է:

Վ. Ազնաւորեան ամփոփ տողերու մէջ վերյիշեցուց ներկաներուն, թէ 23 ապրիլ 1985-ին դարանակալ ուժերու կողմէ նիւթուած դաւադրութեան մը զոհը գնաց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարգիս Ազնաւորեանը` հաստատելով, որ 31 տարիներ վերջ վերանորոգուած սրահով կը նորոգենք մեր ուխտը եւ կը փոխանցենք մեր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու Ազնաւորեաններու սրբազան գործը: Վարդան Ազնաւորեան, անդրադառնալով Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն, շեշտեց, որ թշնամին դարերէ ի վեր կը վարէ հայատեաց քաղաքականութիւն եւ կը շարունակէ իր անմարդկային ոճիրները` հաստատելով, որ այսօր մեր բանակը հզօր է, եւ մենք միակամ ըլլալով կը յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները, որովհետեւ մեր դատը արդար է եւ անժամանցելի: Այս դիտանկիւնէն պէտք է դիտել սրահի բացումը, շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Ազնաւորեանին գործը շարունակելու կամքը մեզմէ իւրաքանչիւրը կը մղէ նոր թափով ու ոգիով մարտնչելու թշնամիին դէմ: «Սրահը պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կեդրոնն է, որպէսզի հոն դաստիարակուին` ստանալով դաշնակցական շունչ, կուսակցութեան ճամբով ծանօթանան հայ ժողովուրդին արժէքներուն եւ ծառայեն ազգին: Կ՛ուխտենք կիսատ չձգել աշխատանքը, որովհետեւ տակաւին մեր առջեւ արգելքները բազմաթիւ են, բայց պայքարելու վճռակամութիւնը անփոխարինելի է», իր խօսքը եզրափակեց Վարդան Ազնաւորեան:

Aznavourian4_42216ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Յակոբ Սիմոնեան: Ան յիշատակեց կարգ մը վկայութիւններ, որոնք արտայայտուած են Սարգիս Ազնաւորեանի գաղափարի ընկերներուն կողմէ, որոնք կը հաստատեն, որ ինչպէս Ս. Ազնաւորեան դէպքերուն ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ մինչեւ ուշ գիշեր ներկայութիւն եղած է ակումբին մէջ, եղած է արդարամիտ, գաղտնապահ, բծախնդիր, հեղինակաւոր, յարգուած, նուիրեալ ղեկավար մը, որ իր հետեւողական աշխատանքով յաջողած է հայահոծ թաղերը զերծ պահել անմիջական վտանգներէ: Ան առանց խտրականութեան հաւասար դասած է բոլոր ազգակիցները, միշտ հետաքրքրուած է ակումբի տղոց վիճակով` հարկ եղած պարագային օգտակար դառնալով անոնց: Շարունակելով իր խօսքը` Յ. Սիմոնեան հաստատեց, որ 31 տարիներ վերջ տակաւին Սարգիս Ազնաւորեանի շունչը փնտռուած է ակումբին մէջ, եւ ան կը մնայ օրինակ ու ներշնչումի աղբիւր նոր սերունդներուն: «Երիտասարդ դաշնակցականները պէտք է հետեւին անոր ուղիին եւ փորձեն ըլլալ մարտունակ, գաղտնապահ եւ համեստ: Մենք մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն դժուարութիւններն իսկ կը յաղթահարենք Ազնաւորեանէն ժառանգած դաշնակցականի հաւատքով, կամքով եւ վճռակամութեամբ»  եզրափակեց Յակոբ Սիմոնեան:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.