Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակը Յաւերժացնող Խաչքար Մը` Պուրճ Համուտի Սիրտին Մէջ

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kh-2_42414

Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սիրտին մէջ բարձրացաւ հայ մշակոյթի ամէնէն գեղեցիկ ու ինքնատիպ խորհրդանիշերէն մէկը` խաչքարը, որ խրոխտ ու վեհ իր կեցուածքով ոչ միայն առինքնեց զինք կեանքի կոչելու հաւաքուած հայորդիները, այլեւ հանդիսացաւ ու պիտի շարունակէ հանդիսանալ մնայուն ներշնչարան մը ազգային արժէքներու պահպանման:  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակը յաւերժացնող այս կոթողին բացումը կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, հայ երեք յարանուանութիւններու պետերուն  հովանաւորութեամբ, Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտաքեաններու բարերարութեամբ, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող պարտէզին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի  հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սեւակ Թրաշեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հոգեւոր հայրեր, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայորդիներ:

kh-8_42414

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկսաւ ձեռնարկը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նանօր Տէր Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ բնոյթով եւ իմաստով իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ խաչքարի տեղադրումը լիբանանահայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի մէջ, որովհետեւ հոյակերտ խաչքարը յարատեւ պիտի յիշեցնէ աշխարհին, որ հայը պահանջատիրական իր աննկուն կամքով եւ յաղթանակի տեսլականով  պիտի շարունակէ անաղարտ պահել հայ մշակոյթը:

Սարգիս Պուտաքեան
Սարգիս Պուտաքեան
Ճորճ Գրիգորեան
Ճորճ Գրիգորեան
Նանօր Տէր Սարգիսեան
Նանօր Տէր Սարգիսեան

 

Խօսք առաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան: Ան իր խօսքին սկիզբը անդրադառնալով «ցեղասպանութիւն», «խաչքար» եւ «Պուրճ Համուտ» բառերուն միջեւ սերտ առնչութիւն մը գտնելու կարեւորութեան` ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն մարդկային եւ հողային կորուստ չէ: Հայ ժողովուրդը իր տքնաջան աշխատանքով, իր ջանասիրութեամբ Հայկի քարքարուտ բնօրրանը` հայաշխարհը ծաղկեցուցած, գեղեցկացուցած է այնքան, որ բոլորին աչքերը մնացած են հայոց երկրին վրայ,  եւ ան հազարամեակներ կռուախնձոր դարձած է մինչեւ 1915 թուականը, երբ հայերը դադրած են այդ հողին տէրն ու բնակիչը ըլլալէ: Ինչ կը վերաբերի խաչքարին, Ճ. Գրիգորեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս բնութեան ամէնէն պարզ ու համեստ նիւթը` ժայռը, հայու տաղանդին, հանճարին եւ ամիսներու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ կը վերածուի արուեստի գլուխ գործոցի, կը վերածուի գանձի` խաչքարի, որ տեղադրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Սակայն ազրպէյճանցիները,  գալով Նոր Ջուղա եւ խաչքարերը ջարդուփշուր ընելով, Արաքս գետ թափեցին, եւ հայ ժողովուրդը դադրեցաւ այդ խաչքարին տէրն ու պաշտպանը ըլլալէ: Իսկ  Պուրճ Համուտի մասին ան ըսաւ, որ մեր նախահայրերը իրենց մորթով ու մաշկով հասած են Լիբանան եւ իբրեւ բնակավայր ընտրած են Պուրճ Համուտի ճահիճը, զոր իրենց հանճարով, երկար տարիներու քրտնաջան աշխատանքով վերածած են Լիբանանի ամէնէն բարգաւաճ ու գեղեցիկ քաղաքներէն մէկուն:

Ճորճ Գրիգորեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հայու ճակատագիրն է անբնակելի տարածքէն ստեղծել բարգաւաճ երկիր, ծաղկած քաղաք, ժայռէն ստեղծել արուեստի գանձ: Կը մնայ, որ մենք տէրն ու պաշտպանը ըլլանք խաչքարին»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ բարերար Սարգիս Պուտաքեան: Ան ըսաւ, որ հայկական խաչքարը խորհրդանիշն է հայու ինքնութեան: Հայը, ո՛ւր որ ալ ապրած է, անպայման արուեստի եւ հաւատքի ուղիով` խաչքարի ճամբով իր ինքնութեան մասին վկայութիւն ձգած է: Ան դիտել տուաւ, թէ քրիստոնեայ ազգերուն մէջ միայն հայն  է, որ խաչքարի արուեստը իր կատարելութեան հասցուցած է: Ս. Պուտաքեան յայտնեց, որ սփիւռքի մայրաքաղաք Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ կանգնած հայոց խաչքարը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած  արուեստի յաւերժական գործ մը: Ապա եզրափակելով իր խօսքը Պուտագեան ըսաւ. «Ընտանեկան դաստիարակութիւնը եւ գաղափարական պատկանելիութիւնը մղած են զիս նման քայլ առնելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով որդիական պարտականութիւն մը կատարելու»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ քաղաքապետին այս  յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան համար:

kh-6_42414

Ձեռնարկի աւարտին Լիբանանի դրօշակով պատուած խաչքարը քողազերծուեցաւ, ապա`  հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած` խնդրելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին Ս. Հոգիին շնորհները ղրկելով օրհնէ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող այս խաչքարը, բարոյական կորով ու քաջութիւն շնորհէ բոլորին, որ ազգային ուխտին եւ աստուածային կամքին համաձայն` մնան գիտակից եւ վստահուած պարտականութիւններուն ընդմէջէն յօժարակամ հոգիով ու կատարեալ նուիրումով պաշտեն զԱստուած: Ապա պահպանիչով փակեցին ձեռնարկը:

 

Նախորդը

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Յաջորդը

Եղեռնի Առաջին Յուշակոթողի Վերանորոգութիւն` Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Անմահացման Ի Խնդիր

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?