
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Մարաշ, տեղի ունեցաւ միացեալ պաշտամունք: Պատգամաբերն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական միութեան նախագահ` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ներկայութեամբ` Մարաշի եկեղեցւոյ հովիւ, վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի, վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանի, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի եւ պատուելի Սեւակ Թրաշեանի:
Պաշտամունքը սկսաւ նախանուագով, ապա պատուելի Սեւակ Թրաշեանը Աստուածաշունչէն ներկայացուց կոչ պաշտամունք, փոխադարձ ընթերցանութիւն եւ աղօթք ներկայացուց վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանը, իսկ եկեղեցւոյ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ հոգեւոր երգերով:
Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի աշակերտներէն Ռոզիկ Քէօսէեան եւ Վարուժ Թիւթիւնճեան հանդէս եկան ասմունքով: Ռոզիկ Քէօսէեան` Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»-ով, Վարուժ Թիւթիւնճեան` Վարանդ Քիւրքճեանի «Ես այն մէկ հայն եմ» ասմունքով:
Տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչէն ընթերցանութիւն` պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի առաջնորդութեամբ, ապա կատարուեցաւ աղօթք վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի առաջնորդութեամբ: Պատգամաբեր վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ որպէսզի դէմ առ դէմ ցեղասպաններ չըլլանք, պէտք է կառչինք հաւատքի քայլերու` Աստուծոյ խօսքով ընթանալով: Պէտք չէ բաւարարուինք միայն պահանջելով, այլ աշխատելով, որ այս պահանջատիրութիւնը ըլլայ այնպիսի արդար հատուցումով, ուր ո՛չ ոք կարողանայ անարգել եւ անտեսել, հաստատեց ան:
Մեր թագաւորութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի, եւ Աստուծմով մենք յաղթական ենք ըսաւ վերապատուելին` աւելցնելով, որ պատրաստ ըլլալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւ ձեւով սորվինք եւ ներկայացնենք: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան նշեց, որ բոլոր հարցումներուն մեր պատասխանները հիմնուած պէտք է ըլլան բարոյական մակարդակի վրայ, հեռու դաւաճանութենէ, շահերէ եւ անձնական նպատակներէ, Աստուծոյ եւ ազգային շահերը միշտ գերադասելով: Ան շեշտեց, որ չենք կրնար մոռնալ մեր տղոց արիւնը եւ զոհողութիւնը, բայց եւ այնպէս միշտ ի մտի պէտք է ունենալ Աստուծոյ զօրութիւնը:
Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան յայտարարեց, թէ պաշտամունքի նուէրները պիտի յատկացուին Պոլսոյ եկեղեցիներուն:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ տէրունական աղօթքով եւ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութիւններով:


