
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը հաղորդէ, որ իր երիցագոյն անդամը հ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սէֆէրեան չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին վախճանեցաւ, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ:
Այս առիթով Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը իր համայնքի զաւակները կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու վաստակաշատ վարդապետին թաղման արարողութեան:
Վախճանեալ վարդապետին մարմինը Ֆրանսայէն Լիբանան պիտի տեղափոխուի երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին եւ պիտի զետեղուի Զմմառու մայրավանքի Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եկեղեցւոյ մէջ:
Չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, մասնակցութեամբ Զմմառու պատրիարքական փոխանորդ` հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեանի եւ միաբանակից եւ թեմական բոլոր հայրերուն, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ հոգելոյս վարդապետին հոգւոյն: Ս. պատարագին պիտի յաջորդէ վախճանեալ վարդապետին թաղման կարգը, այնուհետեւ գերեզմանի կարգը` վանքի միաբանական դամբարանին մէջ:
Յաւարտ յուղարկաւորութեան` Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեան, միաբան հայրերը եւ Սէֆէրեան ընտանիքը ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին մայրավանքի մեծ դահլիճին մէջ: