
23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` իր երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի շրջափակին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնցմէ փոխանցուած 101-ամեայ կտակին սրբութիւնը հաստատելով, ուխտեց հաւատարիմ մնալ Հայ դատին եւ պահանջատիրական ոգիով ու վճռակամութեամբ շարունակել ուղին` մինչեւ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերումը:


ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան, ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած աւանդական դարձած հսկումին, որուն ներկայ եղան մեծաթիւ լիբանանահայեր, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչներուն կողմէ բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-էն Վարանդա Եագուպեան: Ան հաստատեց, որ ամէն տարի աշխարհով մէկ ոգեկոչուող ապրիլ 24-ը վերածուած է պայքարի օրուան, պայքար, որ արմատ նետած է իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին մէջ, որուն յաջողութեան կարելի է հասնիլ կուռ կամքով եւ ամուր բռունցքով, միասնական ուժով եւ անձնուիրութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ մեր նահատակներէն եւ վերապրած սերունդէն փոխանցուած պայքարի ու գոյատեւումի կամքով օժտուած է այսօրուան երիտասարդութիւնը, որ պատրաստ է դիմակայելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր: Հաստատելով այն, որ աշխարհը լաւապէս կը գիտակցի, թէ 101 տարի առաջ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն է, ինչպէս նաեւ ականատես եղաւ այն փաստին, որ Արցախի մէջ ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճան ի՛նք նախայարձակ եղաւ` թրքական նեցուկով, Վարանդա Եագուպեան նշեց, որ նոյնինքն այդ աշխարհը կը շարունակէ լուռ մնալ եւ կը փորձէ թաղել մարդկային հզօր ու արդար դատ մը: Բայց եւ այնպէս հայութիւնը իր ներքին ու արտաքին ճակատներու պայքարին կառչած է, դիտել տուաւ ան` հաստատելով, որ հակաթուրք պայքար մղելով, ազգային գիտակցութիւնը կենդանի պահելով, հայկական արժէքներուն կառչելով եւ ի գին ամէն ինչի Հայ դատին կառչելով կարելի է յաղթանակներ կերտել:

Ապա ՍԴՀԿ «Տխրունի» երիտասարդական-ուսանողական միութեան խօսքը` արաբերէնով արտասանեց Անդօ Սալպաշեան, որ հսկումին նպատակին անդրադառնալով յայտնեց, թէ անիկա առիթ է մարդկութեան դէմ եղած ոճիրներէն մէկը ոգեկոչելու եւ աշխարհին խիղճին, որ ծանրաբեռնուած է սպանդներով եւ ժողովուրդներու պահանջատիրական կոչերով, յիշեցնելու, որ մենք` իբրեւ անարդարութեան մատնուած ազգ, ուղղակիօրէն առնչուած են պաշտպանելու եւ զօրակցելու ոտնահարուած որեւէ հաւաքականութեան: Ան հաստատեց, որ հաւաքուած ենք իբրեւ անարդար վարչակարգերու դէմ ըմբոստացողներ` վերահաստատելու, որ աւելի քան դար մը առաջ հոսած արիւնը մեր ճիտին պարտքն է ու պիտի շարունակէ ըլլալ:
Անդօ Սալպաշեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած եւ յստակ նպատակ հետապնդող ոճրային արարք էր` գործադրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որուն իսկական ժառանգորդներն են ներկայ վարչակարգի ղեկավարները, որոնք կը շարունակեն Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները խլել, ազատութեան ձայները խափանել, ընդդիմադիր մտաւորականներն ու լրագրողները բանտերը նետել: Ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւս ձախողած է, որովհետեւ ան չկրցաւ իր դրացիներուն հետ հարցերը լուծել, ուղղակիօրէն միջամուխ եւ դերակատար եղաւ Սուրիոյ պատերազմին, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ոչ լաւ յարաբերութիւններու մէջ է: Ա. Սալպաշեանի համաձայն, այս ամսուան սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ զինադադարի վտանգաւոր խախտումն ու տեղի ունեցած պատերազմը սկսած են թրքական անմիջական միջամտութեամբ` Անգարայի մէջ տրուած որոշումով, որովհետեւ Թուրքիա կ՛ուզէ այսպիսով շրջանին մէջ իր դերակատարութիւնը վերահաստատել, Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած իր ձախողութենէն ետք, երկրորդ` Կովկասի մէջ նոր դերով հանդէս գալ, իսկ երրորդ` Էրտողանի փտածութեան մէջ կորսուած կառավարութեան սխալներուն վրայ եղած ուշադրութիւնը շեղել, չորրորդ` ապրիլ ամսուան ընթացքին հայութեան կողմէ բարձրացուած պահանջատիրական ձայներուն ուժգնութիւնը նուազեցնել եւ այդ պահանջատիրութեան վրայ կեդրոնացած լուսարձակները այլ ուղղութեամբ առաջնորդել:
Իր խօսքը աւարտելով Անդօ Սալպաշեան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` առերեսուելու իր անցեալին հետ, իբրեւ առաջին քայլ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` փորձելով վերականգնել աւելի քան 100 տարի առաջ չգոյացած վստահութիւնը` հաստատելով, որ կարելի չէ ջնջել 4 սերունդներու յիշողութիւն, մոռնալ բռնագրաւեալ հողերը եւ նահատակներուն յիշատակը, սակայն կարելի է ընդունիլ սխալը, որովհետեւ մինչ այդ հայութիւնը պիտի շարունակէ բարձրաձայն պահանջել ոչ միայն իր, այլ նաեւ համայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու հաշուոյն արդարութեան տնօրինումը:


Ապա Նազօ Նազարեան ասմունքեց Գէորգ Էմինէն բանաստեղծութիւն մը:
ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միութեան խօսքը` անգլերէնով փոխանցեց Վանիա Սարգիսեան, որ մէջբերեց Ատոլֆ Հիթլերի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մոռցուած ըլլալուն վերաբերող խօսքը` հաստատելով, որ հայութիւնը այսօր Հիթլերին, Էրտողանին եւ Ալիեւին երեսին կը գոռայ, որ անոնք սխալած են, որ այսօր ամբողջ աշխարհը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, հաւաքներ տեղի կ՛ունենան ամբողջ աշխարհի տարածքին, բոլորը հետաքրքրուած են եւ բոլորին նիւթն է 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը:
Ապա ան անդրադարձաւ 24 ապրիլ 1915-ին նախապէս ծրագրուած ոճիրի գործադրութեան` յայտնելով, որ այսօր տարբեր երկիրներու մէջ գաղութներ կազմած հայութիւնն ու անոր բարեկամները կը շարունակեն կառչիլ իրենց դատին, տարբեր միջոցներով պայքարիլ արդարութեան հասնելու համար: Վանիա Սարգիսեան նշեց, որ 101 տարիներ առաջ ազգ մը կը խեղդուէր իր իսկ արեան ծովուն մէջ, զոր յառաջացուցած էին երիտթուրքերը, որոնք բարեկարգման եւ յառաջդիմութեան ծրագիրներով ներկայացած էին, սակայն անոնք պատճառ եղան ծնունդին մարդկային պատմութեան մէջ նոր եզրի մը` «ցեղասպանութեան», անոնք կտրեցին գլուխը ազգի մը, որպէսզի մարմինը մնայ անպաշտպան, հայերուն արիւնը գետի նման հոսեցուցին, հայ մայրերուն արցունքներէն գետեր յառաջացան` ի տես իրենց զաւակներուն խողխողումին: Ան աւելցուց, որ հայ կոյսեր իրենք զիրենք սպաննեցին` փախուստ տալով բռնաբարութենէ եւ չարչարանքէ, ուրիշներ նետուեցան քարայրներու մէջ, որոնք վերածուեցան իրենց գերեզմաններուն. հայութիւնը տակաւին կը յիշէ արձագանգը իր նահատակներուն աղերսագին կանչերուն: Վանիա Սարգիսեան նշեց, որ ազգ մը բնաջնջելու նպատակով այս անմարդկային արարքները գործողները մարդ չէին, այլ գազաններ` անսիրտ ու անգլուխ, տարուած սպաննելու, բռնաբարելու եւ կոտորելու մոլուցքով:
Իր խօսքը եզրափակելով` Վանիա Սարգիսեան հաստատեց, որ հակառակ այս բոլոր ոճիրներուն հայութիւնը չմեռաւ, իւրաքանչիւր նահատակ կենդանի է մեր սրտերուն մէջ, իւրաքանչիւրը վերածնաւ նոր սերունդին ընդմէջէն, իւրաքանչիւր երիտասարդ ինք եղաւ արդարութեան պահանջը, փաստը, որ երիտթուրքերը ձախողեցան, մարդկութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը առաւել եւս զօրացուց մեզ ու դարձանք միասնական, երիտասարդ հայեր վերածնան` պայքարելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար: «Մենք այսօր հոսկէ կը յայտարարենք, որ հայ ազգը պիտի յաղթէ ի վերջոյ, որքան ալ մեծ ըլլայ չարիքը, որովհետեւ բարիքը պիտի տիրէ անպայման», յայտարարեց ան:

Ապա հանդէս եկաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը:

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը հայերէնով փոխանցեց Հրակ Աւետանեան, որ անմեղ նահատակները նկատեց ոչ միայն զոհ, այլեւ մեր ազգային, հոգեւոր կեանքի սուրբերու դասին պատկանողներ, որոնց միացան նաեւ ապրիլի սկիզբը Արցախի մէջ ինկած հերոս զոհերը: Ան հաստատեց, որ երիտասարդական-ուսանողական հաւաքը փաստ է, որ 100-ամեակով ոչինչ աւարտած է, այլ հայութիւնը կը շարունակէ պահանջատիրութեան պայքարը` նոյն թափով ու եռանդով, հաւաքը առիթ է յայտարարելու, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի թրքական կառավարութեան մերժողական քաղաքականութեամբ, թուրքին կողմէ հայկական ամէն ինչի վնասելու արշաւով: Ան Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը նկատեց Աթաթուրքի բռնատիրական եւ փոքրամասնութիւններու ճնշման քաղաքականութիւնը, Թուրքիոյ մէջ 2500 վայր կամ փողոց ոճրագործ թուրքերու անուններով կոչելը, ճշմարտութեան եւ պահանջատիրութեան գրիչ եղող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի սպանութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային շրջափակումը, Տիգրանակերտի քրիստոնէական եկեղեցիներուն գրաւումը, Արցախի սահմաններուն վրայ ազրպէյճանական զինադադարի խախտումը:
Հրակ Աւետանեան հաստատեց, որ հայութիւնը լուռ չմնաց սակայն, այլ «Նեմեսիս» գործողութեամբ պատժեց ոճրագործները, վերապրեցաւ եւ Տէր Զօրի անապատներէն հասաւ տարբեր երկիրներ, որոնց մէջ` Լիբանան, ուր յարութեան լաւագոյն խորհրդանիշը դարձաւ: Բայց եւ այնպէս թուրքը մնաց նոյնը, փոխեց միայն դիմակը, սակայն շարունակեց փնտռել առիթներ` նորանոր սպանդներ գործելու, որոնց վերջինները հանդիսացան Արցախի մէջ տեղի ունեցած ազրպէյճանական զինադադարի խախտումներն ու գործուած պատերազմի ոճիրները, որոնք ղարաբաղեան «Նեմեսիս»-ով պատասխան ստացան, երբ Արցախի հզօր բանակը փաստեց, որ տակաւին զաւակն է 1988-ի ազատատենչ ժողովուրդին, շառաւիղն է 28 մայիսի յաղթանակը կերտողներուն: «Մենք Հայ դատի արդար լուծման ու հայ ազգի իրաւունքներու ամբողջական տիրացման պահանջատէր զինուոր ենք եւ պէտք է պահանջատէր մնանք», հաստատեց ան:
Հրակ Աւետանեան զարմանք յայտնեց, որ միջազգային օրէնքով «Ցեղասպանութիւն» սահմանումը կրող ոճիրը տակաւին հարցականի տակ կ՛առնուի կարգ մը պետութիւններու, նոյնիսկ լիբանանեան քաղաքական որոշ խմբաւորումներու կողմէ, որոնք տարբեր հաշիւներ եւ շահեր կը հետապնդեն` արդարութեան հաշուոյն, որ Արցախը տակաւին ինքնորոշման իրաւունք չէ ստացած ու չէ ճանչցուած իբրեւ հանրապետութիւն, որ Թուրքիոյ նման խօսքի ու խղճի ազատութիւնը ոտնակոխած երկիր մը թեկնածու է Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու, որ միջազգային ընտանիքը չէ դատապարտած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նեցուկ կանգնող Թուրքիան: «Այս բոլորը անգամ մը եւս կը փաստեն, որ մեր միակ դաշնակիցը մենք ենք, եւ պէտք է վստահիլ միայն մեր ուժերուն, իսկ ուժեղ ու զօրաւոր ըլլալու համար հայրենասիրութիւնը առանձինն բաւարար չէ, պէտք է ունենալ միասնական ոգի եւ ըլլալ մէկ մարմին, մէկ բռունցք», հաստատեց Աւետանեան` աւելցնելով, որ ասիկա կ՛ենթադրէ զօրակցիլ հայերուն աշխարհի բոլոր կողերը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, Պոլիս, Համշէն եւ Թուրքիոյ տարածքին ամէնուրեք:
Խօսքը եզրափակելով` Հրակ Աւետանեան հաստատեց, որ պէտք է համազգային մեր պայքարը շարունակենք միասնական ոգիով, քաղաքական, լրատուական, մտաւորական եւ մարտական մեր պայքարը մղենք յաղթանակի տեսլականով, ազգովին շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ վերջ, մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի լուսաշող առաւօտը:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տպաւորիչ եւ Հայ դատի անցած ուղին ամփոփող, հայ եւ օտար անձնաւորութիւններու վկայութիւնները ներառող տեսերիզ մը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Նշենք, որ հսկումէն առաջ միութիւններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ս. Նահատակաց մատրան առջեւ:


