Յ. Բագրատունի Պետութենէն Պահանջեց
Նահատակներուն Նկատմամբ Չէզոքութենէն Դուրս Գալ
Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպած ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը սկսաւ քայլարշաւով: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ երիտասարդներ, պատանիներ ու բազմաթիւ հայորդիներ խիտ շարքերով Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբէն քալեցին դէպի Ժտէյտէ, «Անթուան Շուէյրի» սրահ, ուր ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին երեսփոխան տոքթ. Սալիմ Սայեղի, պետական երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք Ցոլեր Թալաթինեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը: Ապա բարի գալուստի խօսքին մէջ ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները այսօր կ՛ոգեկոչեն 101-ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր: Իսկ վերապրողները շարունակեցին իրենց կեանքը, պայքարեցան, պահանջեցին ու դեռ կը պահանջեն արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաստատումը:

Խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան: Ան կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ըսաւ, թէ հաւաքը նուիրուած է 101 տարի առաջ կատարուած ողբերգութիւնը յիշելու, միաժամանակ պահանջելու արդարութիւն եւ հատուցում: Ան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը Լիբանանի մէջ պահած է իր պատմութիւնը, վէրքերը եւ բարձրացուցած իր խաչը Արարատ եւ Սաննին լեռներուն վեհութեամբ` որպէս հաւատարիմ ու պատուաւոր քաղաքացիներ: Անդրադառնալով Հայոց Եղեռնին, ան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը իր տեսակին մէջ կը մնայ եզակի եւ խրուած մարդկութեան խղճին վրայ, մանաւանդ որ Թուրքիան կը յամառի ուրանալ իր սպանդը: Արծիւ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ երէկուան օսմանցիները, երիտթուրքերը այսօրուան թուրքերն են, վկայ` Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, շաբաթներ առաջ Արցախի հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ազերիական յարձակումները:
Ան ըսաւ, թէ այսօրուան Թուրքիան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Հայաստանի եւ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան խաղաղ կեանքը խանգարելու եւ ձախողութեան մատնելու Հայ դատի աշխատանքները: Սակայն, ասոր փոխարէն, այսօր բազմաթիւ պետութիւններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եզրափակելով խօսքը` ան ըսաւ. «Եկէք բարձրացնենք մեր ձայները այս խնկաբոյր հողին` Լիբանանի մէջ, եւ ըսենք, որ կը հաւատանք, թէ ուշ կամ կանուխ պիտի զարթնու խիղճը մարդկութեան, եւ արդարութիւն պիտի հաստատուի»:

Ելոյթ ունեցաւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Սալիմ Սայեղ, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Հայ դատը լիբանանեան դատին մէկ մասնիկն է, եւ փոխադարձաբար: Երկուքն ալ դրսեւորումն են մէկ դատի, որ կը կոչուի ազատութիւններու դատ, ազատ խօսքի, գործի եւ սկզբունքի դատ:
Անդրադառնալով հայ մշակոյթի արժէքներուն, ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայոց խաչքարը կը պատմէ հայ ազգի կապուածութիւնը իր արարիչին եւ կառչածութիւնը իր մայր հողին: Ս. Սայեղ ըսաւ, որ հայոց խաչքարը կեանքի խաչն է: Հայ ազգը կերտուած է գեղեցկութեամբ Արարատ լերան, ուր կանգ առած է Նոյան տապանը, եւ որմէ թեւածած է խաղաղութեան աղաւնին` դէպի հայոց աշխարհ:
Սալիմ Սայեղ իր խօսքին մէջ ըսաւ նաեւ, թէ չի կրնար երեւակայել Լիբանանը առանց հայութեան, որ կենսայորդ, կայտառ, ստեղծագործ ու մտաւոր հաւաքականութիւն մը կը հանդիսանայ: Ապա հաստատեց, որ հզօր Լիբանանի պետութիւնը այսօր երաշխիք է հայ համայնքի գոյութեան, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներու:
Սայեղ ըսաւ, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը չկրկնուի հարկ է նախ վստահիլ քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ ներքին ուժին, ապա վերացնել Ցեղասպանութեան հետեւանքները, զայն ընդունիլ տալէ ետք:
Իր խօսքը եզրափակելով` Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Սամի Ժեմայէլին անունով ըսաւ. «Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջին ղեկավարը եւ փոխղեկավարը եղած են հայեր: Ունինք հայ նահատակներ, որոնց արիւնը եւ նահատակութիւնը քաւութեան նոխազ են ամբողջ Լիբանանին. ազատութեան հրապարակներուն վրայ պայքարը միասնական է` ընդդէմ անարդարութեան: Այն, ինչ որ մեր նահատակները շաղախեցին, չենք մասնատեր քաղաքականութեամբ»:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իր խօսքին սկիզբը ողջունեց հայութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Հայ դատն ու Հայաստանեայց եկեղեցին` շեշտելով, որ եթէ հայ ազգը յուսահատող, ընկճուող եւ վախցող ըլլար, այսօր համայն աշխարհին չէր պատմեր պատմութիւնը, չէր նշեր Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակը, պահանջատիրութեան ջահը սերունդէ-սերունդ փոխանցած չէր ըլլար:
Ան դիտել տուաւ, որ աշխարհի այս տարածքին վրայ ապրողներուն ճակատագիրը եղած է վկաները ըլլալ բազմակարծութեան, բազմազանութեան եւ ուրիշը ընդունելու, մինչ այլ կողմեր, ինչպէս` Օսմանեան կայսրութիւնը երէկ, իսկ ՏԱՀԵՇ-ն ու անոր հետեւորդները այսօր կը փորձեն հարուածել ամէն տեսակ ինքնութիւն եւ վերացնել ամէն տեսակի տարբերութիւն: Բայց եւ այնպէս մենք կ’ըմբոստանանք եւ կը պայքարինք, հաստատեց Քանաան` պաշտպանելու մեր ինքնիշխանութիւնն ու ինքնութիւնը` փաստելով, որ ինչպէս հարիւր տարի առաջ ազգի մը վճռակամութիւնը կոտրելու փորձը ձախողեցաւ, այսօր եւս նման ծրագիրներ կոչուած են ձախողելու:
Երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ հարիւր տարի ետք իրենց ձայնը կը միացնեն Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայութեան իրաւունքներու հատուցումը պահանջողներուն ձայնին, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւն հաստատելով նոր էջ մը բանալու առիթ ստեղծել: Խօսքը հայութեան ուղղելով` ան հաստատեց, որ իրենք անոր կողքին են, մանաւանդ որ լիբանանցիները եւս մասամբ համտեսեցին այն դառն բաժակէն, որմէ ըմպած է հայութիւնը:
Իպրահիմ Քանաան դիտել տուաւ, որ պէտք է դասեր քաղել պատմութենէն, խոնարհիլ մեր նախնիներուն զոհողութիւններուն դիմաց, որպէսզի կարենանք պահպանել պատմութիւնը, կերտել ներկան եւ լուսաւոր ապագայի տեսլական ունենալ: Ան նշեց, որ ինչ որ կարելի չեղաւ անցեալին մեզմէ խլել սուրով, այսօր ալ պէտք չէ խլուի քաղաքականութեամբ եւ մեկուսացումով` վստահեցնելով, որ ունինք տեսլականը, ուժն ու զօրութիւնը, որպէսզի լինելութեան եւ ինքնութեան պահպանման դատը պաշտպանենք ամէն ձեւով:
Իր խօսքը եզրափակելով` երեսփոխանը լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան կեանքին մէջ տիրող թերի մթնոլորտը` կոչ ուղղելով միասնաբար գործելու` Լիբանանի պետականութեան եւ հաստատութենականութեան պահպանման ի խնդիր:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ որպէս արդարութիւն պահանջող ժողովուրդի զաւակներ` հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու, որ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչը Օսմանեան պետութիւնն էր, երիտթուրքերը, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, իսկ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախորդներուն մարդկութեան դէմ կատարած ոճրագործութիւնը: Ոճրագործը տակաւին անպատիժ կը մնայ, առիթ տալով այլոց` գործադրելու նոր սպանդներ:
Յ. Բագրատունի իր խօսքով հաստատեց, որ մենք այս հայրենիքին զաւակներն ենք, ունեցանք ապրելու իրաւունք` շնորհիւ զոհուած նահատակներուն: Ապա, անդրադառնալով հաւաքական յիշողութեան, հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ պետութիւնը չէ համարձակած յայտարարել Ապրիլ 24-ը մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու պետական սգոյ օր, թէ ինչո՛ւ Մայիս 6-ի Նահատակաց օրը վերածուած է նահատակ լրագրողներու օրուան:
Ան դիտել տուաւ, թէ առաջին նահատակները մոռնալ, կ՛ենթադրէ նաեւ վերջինները մոռնալ ու չյիշել: Ապա ըսաւ. «Հպարտ ենք Լիբանանով, որպէս խաղաղ համակեցութեան երկիր:
Իսկական համակեցութիւնը կը սկսի դիմացինը ու յատկապէս նահատակը յարգելով: Իսկական համակեցութիւն կը նշանակէ բոլորին յարգանքը ողջ նահատակներուն:
Նահատակին առջեւ քաղաքական մօտեցումները, դրսեւորումները եւ անձնական շահերը անարժէք են: Նահատակութիւնը վասն հայրենիքի, ազատութեան, անկախութեան եւ քաղաքացիի պատիւին` բարոյական վեհագոյն արժանիք է եւ հիմք` հայրենիքներու կերտման»:
Շարունակելով` ան ըսաւ, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ Ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի: Ցեղասպանը ո՛չ միայն կը շարունակէ ժխտել եւ ուրանալ, այլեւ կը շարունակէ իր ամէնօրեայ վայրագութիւնները իր արաբ դրացիներուն հանդէպ` ծրագրելով սպանութիւն եւ տեղահանութիւն պայքարող ազգային ուժերուն դէմ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, հասնելով Եգիպտոս, Լիպիա եւ Եմէն: Փանթուրանական միտքը տակաւին կը շարունակէ մնալ հիմքը թրքական քաղաքականութեան: Ժողովուրդներու թրքացումը Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ Օսմանեան նորոգուող երազն է, ըսաւ Յ. Բագրատունի, ապա իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Չե՛նք ընկրկիր, մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ. ա՛յս է նահատակներուն կտակը, պարտաւոր ենք միասնաբար բարձրացնել մեր ձայնը եւ պետութենէն պահանջել նահատակներու գծով չէզոքութենէն դուրս գալ: Մենք պէտք չէ ամչնանք մեր նահատակներէն, որոնք պայքարեցան ու դիմադրեցին բռնակալին: Մենք հպարտ ենք մեր նահատակներով. վեր առէ՛ք ձեր ձեռքերը նահատակներէն»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի կիթառի եւ տհոլի համոյթները: