Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին Եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ. Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագի Եւ Յատուկ Աղօթքի Մատուցում

Ապրիլ 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARCH24-(179)-copy

Երէկ` կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, մեծ թիւով հայորդիներ համախմբուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, զոր մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը:

ARCH24-(1592)-copy

Պատարագի աւարտին ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան դէպքով հաւատացինք մահուան դէմ յաղթանակ տանելու աստուածաշնորհ ուժին եւ եղանք մահը պարտութեան մատնող վկաներ` աւելցնելով, որ այս յաղթանակին վկայութիւններ են` ա) մեր մշտավառ յիշողութիւնը մեր նահատակներուն դէմ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան, բ) 101-րդ անգամը ըլլալով աշխարհասփիւռ բոլոր յուշակոթողներուն շուրջ փառաբանական աղօթք  բարձրացնելը առ Աստուած` վերանորոգելու մեր հաւատարմութեան ուխտը մեր նահատակներու սրբազան կտակին նկատմամբ, գ) մեր ազգային հնադարեան մշակոյթի արժէքներու ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին դ) մեր մշակութային, գիտական եւ մարզական նուաճումները, ե) թուրքերուն կողմէ մեր բնօրրաններուն մէջ աւերուած եկեղեցիներուն ու կոթողներուն աւելի փառահեղ կրկնօրինակներուն հաստատումը մայր հայրենիքի եւ աշխարհի չորս ծագերուն, զ) հերոսական Արցախը` իր մարտունակութեամբ եւ քաջարի բանակին դիմադրութեամբ, է) ամբողջ հայութեան միակամ զօրակցութիւնը Ղարաբաղի ժողովուրդին ու բանակին, ը) հայկական անկախ պետութիւնը` ՄԱԿ-ի 193 երկիրներու դրօշակներու շարքին ծածանող իր Եռագոյնով եւ իբրեւ առանցք հայոց միասնակամութեան:

«Անցնող տարիներուն քաղաքական, դիւանագիտական, զինուորական, յարաբերական եւ միջազգային գետնի վրայ մեր արձանագրած նուաճումներով ու ձեռք բերած փորձառութիւններով, հրաւիրուած ենք այսօր այս պայքարը իր յաղթական լրումին հասցնելու», շեշտեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան` աւելցնելով, որ այդ յաղթական լրումը ունի իր նախապայմանը, որն է մեր միաբանութիւնը եւ անսակարկ միասնակամութիւնը, որ մեր անպարտելիութեան գրաւականն է, նաեւ մեզ ոգեշնչող ուժն ու մեր հզօրագոյն զէնքը, պայմանով որ այդ միասնակամութեան ցուցաբերումը չսահմանափակուի ամեակներուն կամ պատերազմական օրերուն, այլ ըլլայ բոլոր ժամանակներուն մեր ազգային կեանքը առաջնորդող կարգախօսը: Գերապայծառ հայրը ըսաւ, որ մեր յաղթանակներուն վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ Աստուած երբեք մեզ չէ լքած, հակառակ անոր, որ յաճախ թերացած ենք անսալու անոր յորդորներուն մեր քրիստոնէական յանձնառութեան մէջ, երբ մարդկայնօրէն թերացած ենք, բայց երբեք չենք զիջած մեր հաւատքէն: «Պիտի շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, որովհետեւ խաղաղասէր ժողովուրդ ենք եւ մեր միասնակամութիւնն է մեր ազգային պահանջներուն, անժամանցելի իրաւունքներուն եւ առաջադրանքներուն յաղթանակով պսակումին պայմանը», եզրափակեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան:

Աւարտին ՀԿՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակներուն նուիրուած յատուկ աղօթք, որմէ ետք Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը խօսք առնելով ըսաւ, որ մեր նախահայրերը նահատակուեցան իբրեւ հայեր, իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ անոնք զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրինք իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ, զիրար սիրող, իրարու նեցուկ կանգնող: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նկատել տուաւ, որ թիւով քիչ ենք եւ տարածուած ենք, բայց միեւնոյն արիւնը կը շրջի մեր երակներուն մէջ եւ միեւնոյն հոգին է, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնանք ապրիլ այս արժէքները:

«Սուրբ նահատակները պէտք չունին մեր աղօթքին: Մենք պէտք ունինք իրենց հզօր բարեխօսութեան: Պէտք է գիտնանք եւ վստահ ըլլանք, որ Աստուած չի մոռնար, չի լքեր այն ժողովուրդը, որ առաջին անգամ զինք ճանչցաւ, սիրեց եւ հաւատարիմ մնաց, եւ պարտինք այս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով ապրիլ», եզրափակեց հոգեւոր տէրը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Պաշտամունք Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Կը Յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը Տողանցք` Պիքֆայայէն Անթիլիաս

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?