Թել Ապիատի Արաբները, Քիւրտերը Եւ Հայերը Քաղաքը Կը Յայտարարեն Քրտական Շրջանի Մաս
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, թէ անցնող յունիսին քրտական ուժերու կողմէ ազատագրուած սուրիական Թել Ապիատ քաղաքը հոկտեմբեր 21-ին միացաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզին: Քաղաքը գրաւած էին Իսլամական պետութեան (ISIS) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները: Հաւանական է, որ քաղաքական այս քայլը խորացնէ Թել Ապիատի սահմանակից շրջաններուն մէջ քիւրտերու ընդլայնուող դերակատարութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները: Թել Ապիատի արաբ, քիւրտ, թիւրքմեն եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներէն կազմուած...



















