ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Կ՛ակնկալուի, որ այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հասթըրթ մեղաւոր ճանչցուի գաղտնի վճարումներ կատարելու համար` դպրոցին մէջ ըմբշամարտի մարզիչ եղած ժամանակ իր կողմէն սեռական բռնութեան ենթարկուած տղաներուն լռութիւնը գնելու համար: Դաշնակցային դատախազներու հետ յանցանքի ընդունման այս գործարքը կնիք կը դնէ անոր դատական արձանագրութիւններուն վրայ` այդպիսով հանրութենէն թաքցնելով անոր դէմ վկայութիւններու մանրամասները:
2005 թուականէն ի վեր, երբ Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (ՀԴԲ) նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմընտս բացայայտեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամենաբարձր մակարդակներուն վրայ տիրող փտածութիւնը, վրդովուած քաղաքացիները անհամբեր կը սպասեն, որ իրաւապահ մարմինները կը քննեն անոր ցնցող բացայայտումները:
Հաշուի առնելով, ցաւօք, Ուաշինկթընի եւ ամերիկեան գլխաւոր լրատուամիջոցներու երկարատեւ լռութիւնը, ես կը կարծեմ, որ ժամանակն է մէկ անգամ եւս բացայայտել թրքական խումբերու կողմէն նախագահ Հասթըրթը կաշառելու մասին պնդումներու աղմկայարոյց քողարկումը:
Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) նախկին աշխատակից եւ Ազգային շահերու խորհուրդի գործադիր տնօրէն Ֆիլիփ Ճիրալտին, «Ամերիքըն քոնսըրվէյթիւ» կայքէջին մէջ անցեալ շաբաթ հրապարակեց օտարերկրեայ կառավարութիւններու կողմէն նախագահ Հասթըրթը շանթաժի ենթարկելու չարաբաստիկ մանրամասնութիւնները:
Էտմընտս ՀԴԲ-ի իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ` իր վերադասներուն ամերիկեան պետական կառոյցներ թուրք գործակալներու ներթափանցումը բացայայտելէն ետք, «որոնք կը ձգտէին ազդել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ, իսկ երբեմն ալ զբաղելով ապօրինի գործունէութեամբ»` ըստ Ճիրալտիի: «Փտածութեան ծաւալները կ՛ընդգրկէին բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ քոնկրեսականներու կաշառակերութիւնը` պատժամիջոցներու ենթարկուած երկիրներու համար արտահանման թոյլտւութիւններ դասաւորելու եւ գաղտնի տեղեկատւութիւն բացայայտելու համար», գրած է Ճիրալտին:
2009 թ. Ցուցմունքին մէջ Էտմընտս բացատրեց, որ Հասթըրթը «գլխաւոր ամերիկացիներուն թիւին մէջ էր, որոնք ներգրաւուած էին այնպիսի գործողութիւններու եւ գործունէութեան մէջ, որոնք անօրինական էին, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն համար էին, այլ օտարերկրեայ կառավարութիւններու եւ կառոյցներու»: Ան Հասթըրթի իրաւախախտումը կը նկարագրէ իբրեւ. «Խոշոր չափերու կաշառքի ընդունում կանխիկ գումարի կամ «լուացուած» դրամի տեսքով եւ անոնց լուացումը, զանոնք դարձնելով օրինական իր արշաւներուն, ինչպէս նաեւ անձնական օգտագործման համար` որոշակի հովանաւորչութիւն ընելու եւ որոշ գործողութիւններու կոչ ընելու նպատակով, որպէսզի որոշակի բաներ կատարուին օտարերկրեայ կառոյցներու եւ կառավարութիւններու, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական գործարար կառոյցներու շահերուն համար»:
Վկայութիւն տալու ժամանակ Էտմընտսին հարցուցին. «Արդեօք հիմքեր ունի՞ք ենթադրելու, որ, օրինակ, պարոն Հասթըրթը տապալած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերէն մէկը` անոր դիմաց այս թրքական կազմակերպութիւններէն գումար ստանալու համար»: Ան պատասխանեց. «Այո՛, ունիմ… Ճիշդ է… եւ ոչ միայն դրամ վերցնելու, բայց նաեւ` այլ գործողութիւններու համար, որոնց համար տարբեր պատճառներով ենթարկուելով շանթաժի»: Ներկայացուցիչներու տունէն հեռանալէն ետք Հասթըրթը աշխատեցաւ «Տիքշթայն Շափիրօ» ուաշինկթընեան ընկերութեան մէջ իբրեւ արձանագրուած լոպիիստ Թուրքիոյ համար:
Վկայութիւն տալու ժամանակ Էտմընտս նաեւ բացայայտեց, որ Հասթըրթը «օգտագործած է իր առանձնատունը (Շիքակոյի մէջ), որ բնակավայր չէր, այլ` օգտագործելի ոչ այնքան բարոյական համարուող գործողութիւններու համար: Հիմա, արդեօք ատիկա օգտագործուած է շանթաժի՞ համար, չեմ գիտեր, բայց փաստ է, որ այդ մասին գիտէին օտարերկրեայ կառոյցները. ըստ էութեան, անոնք երբեմն կը մասնակցէին այդ ոչ այնքան բարոյական գործողութիւններուն` տուեալ առանձնատան մէջ, որ կը համարուէր գրասենեակ, ոչ բնակարան, նստավայր, շաբթուան որոշակի ժամերուն, օրերուն եւ երեկոներուն: Ուստի, ես չեմ կրնար ըսել` ատիկա կ՛օգտագործուէր շանթաժի՞ համար, թէ՞ ոչ, բայց անոնք կը մասնակցէին որոշակի գործողութիւններու: Անոնք տեղեակ էին»:
Էտմընտս ըսաւ Քոնկրեսի քննիչներուն, որ ՀԴԲ-ի հեռախօսային ձայնագրութիւններուն մէջ թուրք անձինք կը պարծենային Հասթըրթի հետ ունեցած իրենց գաղտնի յարաբերութիւններով: «Անոնք կը քննարկէին անոր տասնեակ հազարաւոր տոլարներու գաղտնի վարձատրութիւններուն վճարումը` քաղաքական հովանաւորութեան եւ տեղեկատւութեան դիմաց: Շատ մը սղագրութիւններու մէջ կասկածեալներու մէջ էին քաղաքի թրքական հիւպատոսութենէն կասկածելի անձ մը, ինչպէս նաեւ` Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի քանի մը անդամ, գործարար կառոյցներ, որոնք ՀԴԲ կարգ մը գործակալներուն կարծիքով, երբեմն իբրեւ ծածկ ծառայած են կազմակերպուած յանցագործութեան համար: Կը թուի, թէ քանի մը հեռախօսազանգեր առնչութիւն ունին թմրամիջոցներու փոխադրութեան եւ այլ հնարաւոր յանցագործութիւններու հետ», գրած է Ճիրալտին:
Էտմընտս նշած է, որ հեռախօսային գաղտնալսումները կը պարունակէին Հասթըրթի դիրքորոշման կտրուկ փոփոխութեան բազմակի վկայակոչումներ` 2000 թ. աշնան Քոնկրեսի կողմէ Թուրքիոյ մէջ 1915-1923 թթ. հայերու կոտորածները ցեղասպանութիւն անուանելու քարոզարշաւին վերաբերեալ: 2000թ. օգոստոսին նախագահ Հասթըրթը յայտարարեց, որ ինք պիտի սատարէ բանաձեւին եւ զայն պիտի ուղարկէ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստ քուէարկութեան համար: Բանաձեւը, որուն կտրականապէս դէմ էին թուրքերը, իրականութեան մէջ ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ: Այնուհետեւ, հոկտեմբեր 9-ին, լիագումար նիստի քուէարկութենէն քիչ առաջ, Հասթըրթ զայն հանեց… Թուրքիոյ հիւպատոսութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը արձանագրուած խօսակցութեան մէջ նշած է, որ «Հասթըրթը համոզելու գինը, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւը հանէ, կ’արժէ առնուազն 500 հազար տոլար», կը հաղորդէ Ճիրալտին իր յօդուածին մէջ:
Տասնհինգ տարի անց, ամերիկեան հասարակութիւնը դեռ կը սպասէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի հետաքննէ խօսնակ Հասթըրթի դէմ եղած լուրջ մեղադրանքները` թրքական կաշառակերութեան եւ շանթաժի վերաբերեալ…
Թարգմանութիւնը կատարեց
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը