Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թել Ապիատի Արաբները, Քիւրտերը Եւ Հայերը Քաղաքը Կը Յայտարարեն Քրտական Շրջանի Մաս

Նոյեմբեր 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, թէ անցնող յունիսին քրտական ուժերու կողմէ ազատագրուած սուրիական Թել Ապիատ քաղաքը հոկտեմբեր 21-ին միացաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզին: Քաղաքը գրաւած էին Իսլամական պետութեան (ISIS) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները: Հաւանական է, որ քաղաքական այս քայլը խորացնէ Թել Ապիատի սահմանակից շրջաններուն մէջ քիւրտերու ընդլայնուող դերակատարութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները:

Թել Ապիատի արաբ, քիւրտ, թիւրքմեն եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներէն կազմուած տեղական ղեկավար խորհուրդի ժողովին մասնակցած երկու պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ խորհուրդը յայտարարած է, որ քաղաքը ասկէ ետք մաս կը կազմէ Սուրիոյ քիւրտերու կողմէ հաստատուած ինքնավար տարածքին:

Քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարում կազմակերպելու նպատակով տեղի արաբ, քիւրտ, թիւրքմեն եւ հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած խորհրդարան հիմնուած է: Խորհրդարանը ունի 7 արաբ, 4 քիւրտ, 2 թիւրքմեն եւ 1 հայ ներկայացուցիչ:

Սուրիացի քիւրտերը 2011-ին հակամարտութեան ծագումէն ի վեր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ երեք ինքնավար շրջաններ կամ «քանթոններ» հաստատած են: Անոնք կը հերքեն, թէ կը նպատակադրեն իրենց սեփական պետութիւնը հաստատել, սակայն Թուրքիա գետնի վրայ անոնց յառաջխաղացքէն ահազանգի մատնուած է եւ կը վախնայ, որ այդ մէկը կրնայ իր քիւրտ փոքրամասնութեան մօտ անջատողական ձգտումներ հրահրել:

Թել Ապիատի գրաւումով քրտական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արաբ Բունարի շրջանը միացաւ աւելի մեծ` Ճազիրայի շրջանին, որ կը գտնուի քաղաքէն արեւելք եւ սահմանակից է Իրաքի:

Ժողովի մասնակիցներէն Օմար Ալլուշ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեց, որ չորեքշաբթիի որոշումով Թել Ապիատը պաշտօնապէս կը միանայ արաբերէնով Այն Արապ կոչուող Քոպանիի (Արաբ Բունարի, «Հ») քանթոնին:

«Ատիկա Քոպանիի եւ ինքնավար վարչութեան ծրագիրը գործադրող այլ քանթոններու հետ մեր յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդէ», ըսաւ ան, սակայն աւելցուց, որ Թել Ապիատ ինքնավար պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ Թել Ապիատի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական փոքր համայնք եւ եկեղեցի: Իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ քաղաքին գրաւումէն ետք հայերը հեռացան: Թել Ապիատի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1930-1932 թուականներուն: 1974-ին վերանորոգուած է եւ վերստին օծուած` 14 սեպտեմբեր 1975-ին: Երկրորդ վերանորոգութիւնը իրականացած է 1996-ին: Շրջափակէն ներս կը գործէր Ս. Խաչ կիրակնօրեայ դպրոցը:

Ամէն տարի, Խաչվերացի տօնին ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ս. Խաչ եկեղեցի:

Քաղաքին գրաւումէն ետք եկեղեցին հրկիզուած է:

 

Թել Ապիատի հայկական եկեղեցին, որ Իսլամական պետութեան զինեալներուն կողմէ հրկիզուեցաւ

Նախորդը

Քաղաքացիական Իրաւունք Բոլորին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Գիրք Մը. «Ամօթ Եւ Արժանապատուութիւն» «Ով Որ Խիղճ Ունի, Ներողութիւն Կը Խնդրէ»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?