Նամակ Երկրէն. Գործարարութեան Աւելի Լաւ Միջավայր
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Վերջերս հրապարակուած միջազգային երեք ուսումնասիրութիւններու մէջ ուշագրաւ եւ դրական անդրադարձ կար Հայաստանի մասին: Այսպէս` Դեռահասներու (teenager) մասին համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան (WHO) կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրակացնէր, որ Հայաստանի դեռահասները ամէնէն երջանիկն են աշխարհի մէջ (քանատացիները կը գրաւէին վերջին դիրքը): Gallup Law and Order Index 2015-ի համաձայն, աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկը Հայաստանն է, ուր մարդիկ գիշերները առանձին քալելու վախ...


















