Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արագ, Ազատ, Անկապ Խօսքեր

Նոյեմբեր 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Չէք հաւատար, որովհետեւ ես ալ չհաւատացի: Այսօր, երբ Մարսէյէն գալով` Նիսի երկաթուղիի կայարանը հասայ, տեսայ, որ կեդրոնի պատին վրայ, ներսի կողմէն, ռուսական երկու դրօշներ կը ծածանէին. չհասկցայ, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Ֆրանսայի այս քաղաքին մէջ:

Օտար դրօշներուն Նիսի մէջ ծածանիլը շատ եմ տեսած, ամէն օր կը տեսնեմ ծովեզրի սրճարաններուն եւ քաղաքին պանդոկներուն առջեւ, բայց եթէ կայարանին մէջի ռուսական դրօշներուն հետ եւ քով Ֆրանսայի եւ օտար ուրիշ երկրի մը կամ երկիրներու դրօշներուն ծածանիլը տեսնէի, երեւոյթը շատ բնական պիտի համարէի. տեղական եւ օտար դրօշ կամ դրօշներ չկային կայարանին մէջ, միայն երկու ռուսական դրօշներն էին, որոնք կը ծածանէին կողք կողքի:

Գիտեմ, որ Նիսի մէջ հինէն ի վեր շատ կարեւոր ռուսական համայնք մը գոյութիւն ունի, եւ թէ` մեծ թիւով ռուս զբօսաշրջիկներ կու գան հոս:

Եթէ վաղը միւսը Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները վերցուին, պիտի համոզուիմ, որ կամաց կամաց համաշխարհայնացման ծրագիրը կրնայ սնանկանալ, եւ այդ պարագային ու այն ատեն կը տեսնենք, թէ աշխարհին պատկերը ի՛նչ նկար կը ստանայ. հիմակուընէ գեղեցի՞կ, թէ՞ աւելի տգեղ կ՛ըլլայ:

Քանի մը օր առաջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը Թուրքիա գնաց նախագահ Էրտողանին հետ լուծում մը գտնելու յատկապէս Սուրիայէն եւ Իրաքէն Եւրոպա խուժող գաղթականներու շատ մտահոգիչ հարցին, եւ մօտ երեք միլիառի օժանդակութիւն առաջարկեց` խնդրելով, որ գաղթականները Թուրքիա պահուին եւ անոնց թոյլ չտրուի, որ Եւրոպա գան, որովհետեւ, ասկէ աւելին չեն կրնար ընդունիլ:

Այսօր նախագահ Էրտողանին գլխաւորած կուսակցութիւնը աւելի քան 49 առ հարիւր ձայներու մեծամասնութիւն ապահովելուն շնորհիւ մինակը պիտի կարենայ կառավարութիւն կազմել:

Չեմ կարծեր, որ Նիսի կայարանին մէջ այսօր ծածանող ռուսական դրօշները որեւէ ձեւով կապ ունէին Եգիպտոսի մէջ արկածահար եղած օդանաւին մէջ զոհուածներուն հետ. եթէ կապ ունենար, դրօշները խոնարհած պիտի ըլլային, որովհետեւ այս օր սուգի օր է ռուսերուն համար:

Դրօշակները նկարեցի, որպէսզի նախ ես ինքս հաւատամ իմ տեսածիս իրական ըլլալուն:

Կրնայ ըլլալ, որ այս տողերը ի զուր գրի առի. հարց մը չէ, կարեւորը այն է, որ միտքէս անցածը գրեցի` վասն ազատ մտածումի եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքի: Հակառակ անոր որ սխալ բան մը չեմ ըսած մէկու մը զգացումները վիրաւորելու կամ բացայայտ իրողութիւն մը ուրանալու նպատակով: Պարզապէս տեսածս, զգացածս եւ զարմանքս կ՛արտայայտեմ անգամուան մը համար, այսօր, Ամենայն Սրբոց տօնին օրը:

Չեմ գիտեր` ո՞վ եւ ինչո՞ւ Հալոուինը եւ Ամենայն Սրբոց տօնը իրարու խառներ է:

Շատ մը տեղեր յաջողեր են Հալոուինին սարսափազդու մթնոլորտ տարածող ուրուականներ եւ դագաղներ ցուցադրել` խաւարը փարատող լոյսերուն մէջէն: Դիմակահանդէսները եւ մանուկներուն տունէ տուն մտնելով քաղցրեղէն ուզելը, եթէ լաւ վարուիք, լաւ կ՛ըլլաք, եթէ վատ վարուիք, վատ բան կը պատահի ձեզի խօսքը. «Treat or trick» մանուկներուն եւ ծնողաց կրնայ հաճոյք պատճառել, հասկնալի է:

Ի սէր Աստուծոյ, վասն ինչի՞ Հալոուինը խառներ են Ամենայն Սրբոց տօնին, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը շեղե՞ն կրօնական խորունկ իմաստ ունեցող աւանդութենէն, հնոց եւ նորոց, յայտից եւ անյայտից, ծանօթից եւ անծանօթից տօնէն, որ մեր մէջ ննջեցեալներուն յիշատակը եւս կ՛արթնցնէ, երբ արեւմուտքի մէջ կարգ մը տեղեր մարդիկ գերեզմաններուն վրայ ծաղիկներ կը զետեղեն իբրեւ նշան սիրոյ, եւ տօնը մեզի պատգամ կու տայ մաքուր կեանք մը ապրելու, որովհետեւ անոր այնքան կարիք ունինք յատկապէս այս շատ չարացած օրերուն:

Այսօր Կաթողիկէ եկեղեցին տօնեց, իսկ երէկ` 31 հոկտեմբերին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին տօնակատարեց Ամենայն Հայոց, բոլոր սուրբերուն տօնը` հիներուն եւ նորերուն, ծանօթներուն եւ անծանօթներուն, յայտնիներուն եւ անյայտներուն:

Այս տարի` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, նշուեցաւ նաեւ տօնը մեր սրբադասուած ամենայն սուրբ նահատակներուն:

Բիւր յարգանք եւ բարեխօսութեան աղօթք ամենայն սրբոց մերոց, հայոց:

Նիս, 1 նոյեմբեր, 2015 

Նախորդը

Մեր Փրկիչն Էլ, Մեր Թշնամին Էլ Մեր Մէջ Են

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 100-Ամեակին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?