Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 11. Չմոլորինք Եւ Չմոլորեցնենք Մեր Շրջապատը

Նոյեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Կարծիքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը գերզգայուն խնդիր է արեւմտեան մտածողութեան մէջ, յատկապէս մտաւորական, ակադեմական, լրագրական եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Ասիկա լոզունգ մըն է, որուն դիմաց առարկութիւն չի դիմանար. նոյնիսկ եթէ փարիսեցիական է գերզգայնութիւնը, այսինքն` ի ցոյց մարդկանց, իրողութենէն բան չի փոխուիր, ոչ ալ ոեւէ մարդ իրաւունք կրնայ տալ ինքնիրեն կասկածի տակ առնելու անոնց անկեղծութիւնը. նման կասկած մը արտայայտել` պիտի նշանակէ կասկածողին թերահաւատ նկարագիր ունենալը կամ ալ անոր հալածախտէ տառապիլը. ի վերջոյ, միայն մե՞նք ենք արդարութեան ծառայողը այս «անարդար» աշխարհին մէջ, մեզի պէս չմտածողները զրկուա՞ծ են ըստ իրենց ըմբռնումներուն գործելու իրաւունքէն…

Միշտ մնալով ժխտողականութեան շրջագիծին մէջ, ըստ ինծի տրամաբանական չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը համեմատել հրէական Ողջակիզումին հետ` հիմնաւորելու համար, թէ ինչու արգիլուած է առաջինը ժխտել եւ ժխտելու պարագային պատիժի ենթակայ դառնալ, իսկ երկրորդին պարագային` ոչ: Նման համեմատութիւն մը հիմնաւորում իսկ չէ, քանի որ Ողջակիզումին հեղինակը` Գերմանիան ընդունած է իր յանցանքը եւ հատուցում կատարելու պարտաւորութիւնը, իսկ Թուրքիան` ո՛չ: Արդ, յանցապարտը ընդունած ըլլալէ ետք գործած ցեղասպանութիւնը, ատիկա ժխտողը կա՛մ շիլ նպատակ կը հետապնդէ կա՛մ մտքով խեղճ մըն է…

Այս իմաստով դիպուկ է Հայաստանի նախագահին մէկ պատասխանը լրագրողի մը այն հարցումին, թէ` «ի՞նչ կը պահանջէք պարոն նախագահ»: «Կը պահանջենք, որ Թուրքիան ճանչնայ իր գործած Ցեղասպանութիւնը, որ նախապայման է, որպէսզի հարցի լուծման երկխօսութեան ձեռնարկուի»:

Ասիկա չի նշանակեր, որ ժխտողականութիւնը արգիլելու մեր արշաւը պէտք է դադրեցնենք, բայց նաեւ զգուշ պիտի ըլլանք, որ համաձայն չեղողները առանց որեւէ տուեալի չամբաստանենք Թուրքիոյ կամ այլոց պատուէրները գործադրելու յանցանքով եւ անտեղիօրէն թշնամիներ աւելցնենք, միշտ ի մտի պէտք է ունենաք, որ ինչպէս մենք, նաեւ ուրիշներ իրենց համոզումները ունին եւ այս կամ այն պատճառով, կամ ասոր ու անոր խաթերին համար պիտի չհրաժարին իրենց համոզումներէն… եթէ զգուշ չըլլանք, այդ արշաւը կրնայ լպրծուն գործադաշտի վերածուիլ մեզի համար: Ի վերջոյ, երրորդ կողմի պատկանող մարդիկ Թուրքիան կը տեսնեն այնպէս, ինչպէս որ է, այսինքն` համաշխարհային ընտանիքին պատկանող` ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիր մը:

Չմոլորինք եւ չմոլորեցնենք մեր շրջապատը անտեղի որակումներով ներկայացնելով մարդիկ, որոնք մեզի համակրող ու մեր բարիքը ցանկացող մարդիկ են թերեւս…

 

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Կանխատեսելի Են

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?