Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 14. Գոհար Համոյթի Փայլատակումին Առիթով

Նոյեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

12184057_938099646270569_2040736644374464425_o

Անցնող շաբաթավերջին, լիբանանահայութիւնը իր բոլոր շերտերով ապրեցաւ խանդավառ եւ հպարտալից պատմական օրեր: ԳՈՀԱՐ համոյթը համակեց բոլորը իր անմոռանալի ելոյթներով եւ հայ երգին ու երաժշտութեան շուրջ ստեղծեց գաղութային աննախընթաց հետաքրքրութիւն: Կը բաւէ աչքէ անցընել երիտասարդներուն կողմէ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումները, ականջալուր դառնալ ժողովրդային խօսակցութիւններուն ու արժեւորումներուն եւ վերջապէս հետեւիլ մամուլի արձագանգին ու անմիջապէս եզրակացնել, որ լիբանանահայութիւնը, հակառակ երկրին մէջ տիրող եւ քաղաքացիին առօրեան ընկճող ու ճնշող բազմաթիւ դժուարութիւններուն, ինչպիսի՛ դրական արձագանգումով արժեւորեց հայ երգը ժողովրդականացնող եւ նաեւ արդիականացնող այս իրապէս եզակի նախաձեռնութիւնը:

Այս առիթով իսկապէս արժէ միահամուռ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղել Խաչատուրեան ընտանիքին` հայ երգի ու երաժշտութեան նկատմամբ իր տածած գուրգուրանքին եւ քաջալերանքին համար: Այսպիսի մշակութային առաքելութեան մը սիրայօժար ստանձնումը  եւ անոր շարունակականութեան երաշխաւորումը իսկապէս որ արժանի է մեծ գնահատանքի: Վստահաբար այս ելոյթներուն ստեղծած մթնոլորտը բաւական երկար ժամանակ պիտի պահէ իր թարմութիւնը եւ ուժականութիւնը հայկական օճախներուն մէջ:

Այս բոլորէն անկախ, սակայն, ԳՈՀԱՐ համոյթի ելոյթներուն ճամբով կատարուած գաղութային դրական մշակութային ժայթքումը, այլապէս կարեւոր օրակարգերու գծով նոր փակագիծեր բացաւ եւ կարգ մը հարցերու համար վերանորոգ  շեշտադրումներ կատարեց:

ա- Ելոյթներուն ընթացքին մեծ էր թիւը գաղութային մեր կեանքէն եւ բոլոր մշակութային միութիւններուն նախաձեռնութիւններէն բացակայ, սակայն այս պարագային ներկայ ընտանիքներուն: Այս իրողութիւնը մեծապէս ողջունելի գտնելով հանդերձ, արդարօրէն ակնկալելի է, որ անոնց ներկայութիւնը զգալի դառնայ նաեւ այլ ձեռնարկներու ու յատկապէս  գաղութային մեր երիտասարդ ուժերը քաջալերելու իմաստով: Վերջ ի վերջոյ, այդ տղաքն ու աղջիկները, թէկուզ երբեմն սիրողական, բայց մեր լիբանանահայ մշակութային միութիւններուն ճամբով կու գան սիրայօժար զինուորագրուելու հայ մշակոյթի ծառայութեան: Անոնք նաեւ կարիք ունին նոյն ժողովրդային համընդհանուր զօրակցութեան եւ քաջալերանքին, որպէսզի լիցքաւորուած շարունակեն իրենց երթը եւ ապրեցնեն հայ մշակոյթը:

բ- Ելոյթներուն ընթացքին անգամ մը եւս հայ դպրոցին ներկայութիւնը ոգեշնչող էր: Անխառն զգացումներով ականատես դարձանք պատկերներու, երբ ելոյթներուն ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները երգերու կատարումներուն մասնակցութեամբ  եւ նաեւ իրենց խրոխտ պարերով հարստացուցին պահը եւ վերահաստատեցին իրենց հայկական արմատներուն կառչածութիւնը, մինչ անդին սրահին մէջ ներկայ եղող փոքր տղաք ու աղջիկներ հիացմունքով եւ երբեմն շուարած պարզապէս կը հետեւէին իրենց տարեկիցներուն ապրած խանդավառութեան, սակայն կարողութիւն չունէին մասնակից դառնալու, որովհետեւ իրենց ծնողքը որոշած էր զիրենք զրկել հայ դպրոցէն եւ այսպիսի տաք միջավայրէ: Այո՛, անոնք սրահին մէջ ներկայ օտար վարժարան յաճախող մեր ազգի հարազատ զաւակներն էին: Հասկցողին հազար բարեւ…

գ-  Հայ երգին, գիրին եւ ընդհանրապէս մշակոյթին նկատմամբ Խաչատուրեան ընտանիքին եւ այլ բարերարներու ցուցաբերած երախտաշատ մօտեցումը եւ զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է, որ համակէ լիբանանահայ բոլոր բարեկեցիկ անձնաւորութիւնները, որպէսզի ապրի, գոյատեւէ ու զարգանայ հայ մշակոյթը: Այս առիթով կ՛արժէ անգամ մը եւս վերյիշել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի պատգամը, որ հարազատօրէն կը պահէ իր այժմէականութիւնը` ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱՅ ԻՐ ԱԶԳՈՒԹԵԱՆ, ՅԵՆԱՐԱՆ ԴԱՌՆԱՅ  ՀԱՅ  ԴՊՐՈՑԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ…

Բարի երթ ԳՈՀԱՐ-ին…

Նորանոր յաղթանակներ հայ մշակոյթին…

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Հայ Մշակոյթի Տօնախմբութիւն` «Սուք Ալ Սուք» Նշանաբանով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?