ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Եթէ քանի մը օրուան ընթացքին աղբի տագնապին արմատական լուծում չգտնուի, ապա յարմար կեցուածքը պիտի ճշդեմ», շեշտեց վարչապետ Սալամ:
Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի այս յայտարարութիւնը մղեց զիս ժամանակ տրամադրելու եւ գրելու հարցի մը մասին, որ մասամբ հեռու է իմ մտահոգութիւններէս ու առօրեայէս եւ այժմու միջավայրէս, սակայն որպէս սփիւռքահայ նկատի ունենալով, որ այս տագնապը կը սպառնայ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ համախումբ ապրող մէկ հայութեան հատուածին` Պուրճ Համուտին, ուր կայ ծովեզերեայ տխրահռչակ աղբանոցին վերաբացման սպառնացող վտանգը, քաջալերուեցայ մտածումներս թուղթին յանձնելու:
Շուրջ չորս ամիսներէ ի վեր լիբանանեան բազմաթիւ հարցերը պսակուեցան աղբի տագնապով` որպէս հետեւանք իշխանութեան գլուխը թառած եւ քաղաքացիին արիւնը ծծող կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու անյագ ախորժակներուն, մինչ ամբողջ քաղաք մը աղբանոցի վերածուած է, քաղաքացին կ՛ապրի ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման կրկնակի ծախսերու հոգով, այս վերջին գլուխ-գործոց աղբակոյտերն ալ ամրան տաք օրերուն մթնոլորտը անշնչելի դարձուցին` աւելնալով արդէն իսկ ինքնաշարժներու ծուխէն յառաջացած ապականած կլիմային վրայ, իսկ ձմեռնամուտի առաջին անձրեւին հետ արտակարգ տեսարան պարզելով` ծփացին եղանակին յատուկ լիճերու մակերեսին վրայ:
Պահ մը ընդունինք, որ այս տագնապը անակնկալ էր, արդեօք չորս ամիսները բաւարար չէի՞ն այս հարցին արմատական լուծումներ գտնելու:
Սուրիոյ աղէտին որպէս հետեւանք` 2012 թուականի աւարտին Պէյրութ հասայ եւ տարի մը մնալէ ետք, 23 նոյեմբեր 2013-ին, եկայ Զուիցերիա, ուր ցարդ կ՛ապրիմ:
Ժընեւի օդակայան հասած պահուս ուշադրութիւնս գրաւեց աղբամաններու քառատեսակ շարքը, իւրաքանչիւր արկղի վրայ գծագրուած է հոն նետուելիք նիւթին նկարը` մետաղեայ տուփերու, թուղթի, ըմպելիներու, կերպընկալ շիշերու եւ այլ նիւթերու յատուկ բաժիններով:
Այս դրութիւնը շատ բնական կը թուի յառաջադէմ երկիրներէ հասնող մեծամասնութեան մը համար, որոնց ապրած քաղաքներուն մէջ ասիկա սովորական երեւոյթ է, աւելի կամ նուազ տարողութեամբ:
Մեր հանրայայտ քաղաքական գործիչներէն եւ գրիչի մշակներէն Աւետիս Ահարոնեան որպէս ուսանող ապրած է Լոզան, այդ օրերուն, 1903-ին, այս երկրի գեղեցկութենէն, կարգ ու կանոնէն, գիւղատնտեսութենէն, կրթական համակարգէն, բանակի ծառայութեան պայմաններէն, երթեւեկութեան միջոցներէն, ընկերային փոխյարաբերութիւններէն եւ մանաւանդ մարդկային իրաւունքներէն ու մարդասիրական կառոյցներէն հմայուած` նամականիի դրութեամբ գրած է «Շուէյցերիական գիւղը» հատորը, հիմա Ժընեւի մէջ շնորհալի հայուհի մը ձեռնարկած է այս գիրքի ֆրանսերէնի թարգմանութեան, մինչ այդ, Երեւանի մէջ զուիցերիական դեսպանատան մեկենասութեամբ, 2013-ին լոյս տեսած է հատորին վերահրատարակութիւնը լուսապատճէնային դրութեամբ, կրկնակի հաճոյքով վերստին կարդացի Հայ Վիշտի երգիչին այս գործը` իր մշակած անփոխարինելի մեսրոպեան ուղղագրութեամբ. ուշագրաւ է, որ հեղինակը երանելի նկարագրութիւնները կ՛աւարտէ իր հայրենիքի վիճակին հետ բաղդատական մեկնաբանութիւններով:
Այդ օրէն անցած են հարիւր եւ տասը տարիներ, տրուած տեղեկութիւնները եւ նկարագրութիւնները մնացած են անփոփոխ: Կարգն ու սարքը հաստատուած են այժմէական չափանիշներով: Մինչ այդ արդի գիւտարարութեան միջոցները ներառուած են միշտ ապագայի հեռանկարներով:
Վերադառնալով մեր նիւթին` աղբագիտութեան եւ վերարտադրութեան, յաւակնութիւնը չունիմ գիտական այս մեծ մասնագիտութեան մասին խօսելու, սակայն տեսածս միայն բաւարար է` պատուհան մը բանալու քսանմէկերորդ դարու այս կարեւոր գիտութեան վրայ:
Ժընեւի մէջ կայք հաստատելէ ետք, իւրաքանչիւր քաղաքացիի նման, սկսանք տունէն իսկ զտել մեր աղբերը: Կարեւոր եւ շատ արագ թափելու բաժին մըն է ուտելիքներու աւելցուքներէն, պտուղի ու կանաչութեան կեղեւներէն կազմուած տոպրակը, որ օրական կը նետուի, այս նիւթերը պարարտացուցիչի կը վերածուին:
Բոլոր վերարտադրելի նիւթերը ունին իրենց խոշոր արկղերը, ապակեղէն` ընդհանրապէս խմիչքի եւ պահածոյի շիշեր, որոնց մետաղեայ կափարիչները պէտք է նետուին գարեջուրի եւ պահածոյի տուփերու մետաղներու արկղին մէջ: Թերթերը, թուղթերը, գիրքերը, տոպրակները, եւ խաւաքարտէ տուփերն ալ ունին իրենց յատուկ արկղը: Ջուրի, կաթի, պտուղի հիւթի, զովացուցիչներու, պնակներու եւ այլ բոլոր կերպընկալ նիւթերը կը բաժնուին երկու արկղերու մէջ մաքուր ու աղտոտ: Սուրճի գործիքներու ալիւմինիոմ մատնոցի նման տուփիկները այլ տեղ ունին:
Նկատած եմ որ այս բոլորէն մնացած իսկական աղբը չնչին տոկոս մը կը կազմէ: Այս բաժինին համար Զուիցերիոյ այլ նահանգներու մէջ քաղաքապետութեան կողմէ վաճառքի դրուած պարտադիր աղբի յատուկ տոպրակներ կան: Այս բաժինը ո՞ւր կ՛երթայ:
Բարեկամի մը հետ քաղաքէն դուրս, անտառներու մէջ պտոյտի պահուն ցոյց տուաւ գործարան մը, ուրկէ ելեկտրական հոսանքի հսկայական գիծեր դուրս կու գային, զարմանալին, սակայն, այդ աղբակոյտերէն արտադրուած ելեկտրականութեան հետ, որեւէ ապականութիւն պատճառող ծուխ կամ բուրմունք չկար: Այս ալ այլ գիտութիւն է:
Իւրաքանչիւր թաղի մէջ տեղ յատկացուած է այս արկղերուն համար, որոնց կողքին վանդակի նման սենեակ մը կայ, ուր ճշդուած օրերուն կը «թափուին» կահոյքներ եւ տնային ելեկտրական իրեր, այլ պահարան մըն ալ յատկացուած է հագուստեղէններու: Այս բոլորը կը հաւաքուին բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ` կարիքաւորներուն բաժնելու կամ յատուկ վաճառատուներու մէջ ծախելու համար: Ամբողջացնելու համար` ելեկտրական լամբերն ու մարտկոցները (պաթըրի) իրենց յատուկ աղբանոցները ունին մեծ շուկաներու մէջ: Այսպիսով, ԱՂԲ ըսուած նիւթը կը զտուի աւելի քան տասը տեսակներու:
Վերջերս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած բարեկամի մը հետ երբ այս նիւթի մասին կը խօսէի, կը պատմէր, թէ հոն քաղաքացիները երեք տարբեր տոպրակներու մէջ կը յանձնեն իրենց թափօնը, վերոնշեալ նիւթը ներկայացնելէս ետք, եզրակացուց, թէ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը իր քաղաքացիները ձրիօրէն կ՛աշխատցնէ այս գործին համար: Իմ համոզումով, զուիցերիացին խոր գիտակցութիւնը ունի իր կատարած գործին, եւ` մեծ հաճոյքով` զայն նկատելով հայրենասիրութեան հիմնական պարտաւորութիւններէն մին:
Փոխադարձաբար, երբ վերջերս Ժընեւի կայարանին մէջ աղբի գեղեցիկ արկղեր տեղադրուեցան, երկաթուղագիծի հաստատութիւնը մամուլի մէջ շնորհակալական ծանուցումներով ողջունեց ժողովուրդին պարտաճանաչ գործածութիւնը:
Լիբանանի մէջ անցնող չորս ամիսներուն կարելի չէ՞ր նախաքայլ մը առնել` սկսելու համար նման ծրագրի մը գործադրութեան: Ընթերցողը սա պահուն պիտի ըսէ` Զուիցերիա նստած սուրիահայը նախ իր երկրի վիճակին մասին թող մտածէ, ուր պատերազմ ու քանդում կը տիրէ:
Պարտք կը զգամ յիշել, թէ Հալէպի մեր թաղերու աղբահաւաքները այս զտումի աշխատանքը կը կատարեն իրենց կառքերուն վրայ եւ զտուած նիւթերը կը վաճառեն նախանիւթերու վերարտադրութեամբ աշխատող թուղթի, կերպընկալի, ապակիի, մետաղի եւ այլ գործարաններու, ուտեստեղէններէն` չոր հացն ու կանաչեղէնը կը ծախեն ագարակապաններու: Այդ համեստ բանուոր դասակարգը հալածուած է, սակայն, քաղաքապետութեան պաշտօնեաներուն կողմէ, որովհետեւ կապալառուները, որոնք պետութենէն աճուրդով գնած են աղբը, դժգոհ են անոնց գործունէութենէն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, որ հայկական փոքրիկ պետականութեան մըն է, ցարդ յաջողեցաւ շրջանի աղբը հաւաքել: Կրնայ նաեւ իր սահմաններէն ներս Զուիցերիոյ կամ յառաջադէմ երկիրներու օրինակէն մեկնած` նման փորձ մը կատարել, հաստատելով հայու նախաձեռնող նկարագիրը, կասկած չունիմ, որ լաւ դաս մը կրնայ տալ խաղասեղանի վրայ նստած այն քաղաքական դէմքերուն, որոնք քաղաքացիին առողջութիւնէն ու երկրին մաքրութենէն ու տնտեսութենէն գերադասած են իրենց անյագ ախորժակները:
Ժընեւ