Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Իրաւունք Բոլորին

Նոյեմբեր 3, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

zarakolu_110315

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Ապրիլին այցելեցի Թէսաղոնիկէ: Տեսայ 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան յայտարարուած հրապարակը: Նացիներու գրաւման օրերուն քաղաքի հրեաները այս հրապարակէն հալածանքներով, արհամարհանքով ղրկուած էին Օշուիցի ողջակիզման ճամբար: Այդ դէպքը սաֆարատ հրեաներու մեծագոյն կեդրոնը հանդիսացող Թէսաղոնիկէի վերջակէտն է: Հրեաներուն թանգարանին մէջ Թէսաղոնիկէին քայլ առ քայլ «ազգային» քաղաքի մը վերածուիլը տեսանք: Զմիւռնիոյ հրդեհին նման փորձանք մըն ալ, 1917-ին, Վարտարէն դէպի ներքեւ յարող ուժեղ հիւսիսային քամիին ալ ազդեցութեամբ հրոյ ճարակ դարձուցած էր Թէսաղոնիկէն: Ա. աշխարհամարտի այդ օրերուն Թէսաղոնիկէ խարսխուած ֆրանսական զօրամասին` հրդեհը մարելու համար ոչ մէկ ջանք վատնելը, նոյնիսկ հրդեհին ծաւալման համար աշխատիլն ալ քաղաքի առասպելներէն է:

ineba_110315

Ինչպէս բազմազգի Թէսաղոնիկէն, «կեաւուր» Զմիւռնիան ալ անվերադարձ կերպով կորսնցուցած են իրենց յատկութիւնը:

2007-ին Սարայեւոյի մէջ այցելած էի հրեաներուն սրբավայրը, որ թանգարանի վերածուած էր: Տարեց սաֆարատ պահակին հետ փորձած էի իմ խեղճուկ սպաներէնով զրուցել: Անցեալին 20 հազար հրեայ բնակիչ ունէր Սարայեւոն: Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուէր հակաֆաշական դիմադրութիւնը: Սաֆարատներ 500 տարի է, որ կը պահեն լատինօ կոչուած հին սպաներէնը: Թուրքիոյ հրեաներուն հրատարակած թրքերէն «Շալոմ» թերթին երկու էջերը այս լեզուով լոյս կը տեսնեն:

Երեւոյթը նման է Ողջակիզումին զոհ գացած Արեւելեան Եւրոպայի հրեաներուն, որոնք հին գերմաներէնով` ետիշերէնով կը խօսէին:

Նախորդ շաբաթ սպանական խորհրդարանը, նոր օրինագիծ մը վաւերացնելով, երկքաղաքացիութեան հնարաւորութիւն տուաւ սաֆարատ հրեաներուն:

Նման բնոյթով օրէնք մը արդէն ի զօրու էր, բայց ան կը մերժէր երկքաղաքացիութիւնը:

Սպանիոյ Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւորը համաշխարհային մամուլին ուշադրութիւնը իր վրայ կը պահէր մինչեւ Ի. դարու կէսերը: Թէեւ սպանական գաղութատիրութեան վերջին երկու երկիրները` Ֆիլիփինեան կղզիները եւ Քուպան, իր օրով ձեռքէ ելան, բայց ան շարունակեց ժողովրդականութիւն վայելել: Գահի այժմու աթոռակալներն ալ իր տոհմէն սերած են: Սպանիոյ հանրապետութիւնը թէեւ 1931-ին վերջ դրաւ անոր իշխանութեան, բայց զօրավար Ֆրանքոյի մահէն ետք դարձեալ իր թոռն է, որ պիտի գահակալէր Սպանիոյ մէջ:

Պալատի մասին երբ կը խօսուի, անխուսափելի է հասարակութիւնը հետաքրքրող սիրոյ հեքիաթները: ԺԹ. դարու վերջերուն եւրոպական մամուլի էջերը Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիի թոռնուհիին սիրահարելուն, այս վերջինին կաթողիկէ դաւանանքին անցնելուն եւ այսպէսով ալ ամուսնանալնուն նիւթերով լեցուն էր:

Իսկ երբ գահի, թագաւորի մասին կը խօսուի, դարձեալ անխուսափելի է անիշխանականներու դերակատարութիւնը: Քաթալոն կին անիշխանական մըն ալ ազնուական հարսնեւորներու շարասիւնին վրայ ռումբը արձակեց: Ա՜խ այս անջատողական գաթալանները, մինչեւ օրս կը շարունակեն անկարգութիւնը եւ կ՛ոտնակոխեն Սպանիոյ սահմանադրութիւնը:

Իսկ մեր այս չես գիտեր` քանիերորդ Ալֆոնսոն բնաւ բարի գործ մը չունի՞: Անշո՛ւշտ ունի, ան Չինաստան այցելող Սպանիոյ առաջին թագաւորն է: Տակաւին, Համիտի իշխանութեան օրերուն դէպի Կոստանդնուպոլիս իր այցելութիւնը այս առումով սկզբնակէտի մը հանգամանք ունի:

Սպանական-օսմանեան յարաբերութիւններու պատմութիւնը Միջերկրականին տիրապետելու պատմութիւն մըն է միաժամանակ: Պատմութեան մէջ «Ինեպահթը» անունով ծանօթ Լըփանթոյի ծովային պատերազմին ոչնչացուցած էր օսմանեան նաւատորմը: Այսպիսով, երբ Արեւմուտքի դռները փակուեցան Լեւանթի դիմաց, նոր աշխարհի յայտնաբերումով Սպանիա եւ Փորթուգալ գաղութատիրական հսկայ կայսրութիւններու վերածուեցան:

Օսմանեան-սպանական առաջին խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ առեւտուրի համաձայնութիւնը կնքուեցաւ 1782-ի սեպտեմբերին, բարեկարգումներով ծանօթ Սելիմ Գ.-ի օրով: Տարի մը անց ալ բացուեցաւ Սպանիոյ առաջին դեսպանատունը:

Այս յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ հաստատման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Սպանիայէն վտարուած, բայց սպանախօսութիւնը շարունակող սաֆարատ հրեաները:

Ահա մեր Ալֆոնսօ թագաւորն ալ Պոլիս այցելութեան ընթացքին 400 տարի անց հանդիպեցաւ իր համերկրացիներուն հետ եւ ձեւով մը ներողութիւն խնդրելով` զիրենք Սպանիա հրաւիրեց:

Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին Թուրքիա երկդիմի քաղաքականութիւն որդեգրեց: Անգարայի դեսպանատան մէջ ֆաշական Ֆրանքոյի կողմնակիցները, Պոլսի հիւպատոսարանի մէջ ալ հանրապետականները կը գործէին:

ԺԴ. դարուն հրեաները Սպանիոյ մէջ 300 հազար բնակիչներով աշխարհի մեծագոյն հրեայ համայնքը կը կազմէին: Այսօր այդ թիւը նուազած է 40-50 հազարի: 1478-ին հիմնուեցաւ կաթողիկէ արմատականութեան խորհրդանիշը համարուող Կրօնական ատեանը: Իսկ 1492-ին Արակոնի արքայ Ֆերտինանտ Բ. եւ Քաստիլիոյ թագուհի Իզապէլլա Ա. պարտադրեցին, որ երկրի բոլոր բնակիչները ընդունին կաթողիկէ դաւանանքը: Հրեաները կա՛մ կրօնափոխ պիտի ըլլային, կա՛մ ալ լքէին երկիրը: Անտալուսի մահմետականներն ալ ենթարկուեցան նոյն պարտադրանքին: 1609-ին, երբ տեսնուեցաւ, որ ակնկալուածէն շատ աւելի մեծ թիւով իսլամադաւաններ կրօնափոխ եղած են, նոր հրովարտակով մը երկրէն վտարուեցան մորիսքոս կոչեալ կրօնափոխ իսլամներն ալ:

Սպանիոյ արդարադատութեան նախարարը նոր օրինագիծը կը ներկայացնէր հետեւեալ բացատրութիւնով. «Սպանիոյ պատմութեան որոշ մէկ հատուածը յստակացնելու համար բաւական երկար ճանապարհ մը անցանք»:

1998-ին «Սէ.Էռ.Տէ.Ա.»-ի Փարիզեան երկխօսութեան ժողովին, երբ կը քննարկուէր 1915-ի նիւթը, յայտնած էի, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջնակարգ պարտականութիւնն է աքսորուած կամ բնակչութեան փոխանակումով տեղահան եղած իր նախկին քաղաքացիներուն քաղաքացիութեան իրաւունքը ապահովել եւ անցագիր շնորհել: Այս առաջարկի ներշնչումը կ՛առնէի Սպանիոյ արքայ Ալֆոնսոյի` դեռ ԺԹ. դարու վերջերուն սաֆարատ հրեաներուն ուղղեալ հրաւէրէն:

Մեր Թայեոն ալ հետեւեցաւ Ալֆոնսոյի օրինակին եւ քանի մը տարի առաջ կատարած աթէնքեան այցելութեան ետ հրաւիրեց Իսմեթի կողմէ վտարուած յոյները: Ապարդիւն մնաց այդ փորձը, հակառակ որ անոնք դեռ կը կրեն Թուրքիոյ Հանրապետութեան անցագիրները:

Ան չէ յարգած նաեւ Հէյպելի կղզիի հոգեւոր ճեմարանը բանալու մասին խոստումը: Յամառած է` «Աթէնքի մէջ մզկիթ կ՛ուզեմ» ըսելով:

«Ակօս»

Նախորդը

Թուրքիա Մտադիր Էր Սուրիոյ Մէջ Թիւրքմենական Ինքնավար Շրջան Մը Ստեղծել

Յաջորդը

Թել Ապիատի Արաբները, Քիւրտերը Եւ Հայերը Քաղաքը Կը Յայտարարեն Քրտական Շրջանի Մաս

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?