Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Քաղաքականութիւնը երբ արուեստ մըն է եւ
ծառայութիւն, եւ ոչ երբեք` շահագործում,
իտէալի մը համար գործողութիւն է`
իրականութիւններու ընդմէջէն:
Շարլ տը Կոլ, մամուլի հետ զրոյց,
30 յունիս 1955
Երբ տեղատուութիւն եւ կորաքամակ պարտուողական քաղաքականութիւն ընդունուած խոհեմութիւն էր, Շարլ տը Կոլ ընտրեց իտէալի ծառայութիւնը: Այս պատճառով ալ իր խօսքը, հարստացած կենսափորձով եւ իտէալով, արհեստական չէ, կոճղի հաստութեամբ իմաստութիւն է` սեփական ժողովուրդի սահմաններէն անդին :
Միշտ խորհած եմ, որ իրաւ մեծերու օրինակը եւ գաղափարները իսկական դպրոց են, եթէ ուզենք հետեւիլ եւ հասկնալ: Խօսքը իրաւ մեծերու մասին է, մարդոց, որոնք յաջողած են կը յաջողին իրենց եսէն անդին երթալ, գերանցում կատարել` իւրացնելով ԺԶ. դարու իմաստասէրին մտածումը, որ կ’ըսէր, թէ` «ես-ը ատելի է»: Բայց այս միշտ ըսուած է, կրօններն ալ ըսած են, բայց «ես»-ը միշտ մնացած է տիրակալ:
Մեր ապրած երկիրներուն մէջ` Եւրոպա, Ամերիկաներ, Ասիա, Ափրիկէ, Ովկիանիա, քաղաքական-հանրային կեանքի դերակատարներէն քանի՞ պայծառ դէմքեր իրապէս յաջողած են իրենց եսի գերանցումը կատարել: ԵՍ-ը` որ նիւթ է, որ փառասիրութիւն է, ՄԻՒՍ-ը կոխկռտելով բարձրանալու ախտավարակ հոգեվիճակ, զոր կը քննադատենք` ՄԻՒՍ-ին պարագան աչքի առաջ ունենալով: Բայց իրականութիւն եւ իտէալ կը մնան ստուերի մէջ, կը զարգանայ քսակի սակաւապետութիւնը, զոր մեր ժամանակակիցները կը կոչեն «օլիկարխներ», որոնց շուրջ կը դառնան մանր բախտախնդիրներ: Համատարած ախտ մը:
Եթէ, ինչպէս կ’ըսէ պարտուած Ֆրանսայի ազատարար Շարլ տը Կոլ, քաղաքական կեանքը եւ անոր դերակատարները ուզենք գնահատել, «ծառայութիւն եւ ոչ երբեք` շահագործում» չափանիշով, եւ նոյն դերակատարները, մեծ եւ պզտիկ հրաշք-պահու մը իրենք զիրենք դիտեն եւ դատեն նոյն չափանիշով, ժամանակակից (նաեւ երէկի) ընկերութիւնները իրենց առջեւ չեն (չէին) գտներ այն բոլոր բարդութիւնները (յոգնակի), որոնք կը սպառնան ոչ միայն խաղաղութեան, այլ` ընդհանրապէս այն հրաշքին, որ մարդը եւ կեանքն են մոլորակի վրայ, տիեզերքի անհունութեան մէջ բացառութիւն մը:
Իտէալը երբ առաջնորդող ըլլայ, ղեկավարը կը տեսնէ եւ կը դատէ անմիջականէն անդին, այսինքն կ’ունենայ հեռանկար:
Մարդու ներկայութեան եւ բնութեան աւերման սպառնալիքին անդրադարձողներ կան, բայց անոնք ընդհանրապէս չունին կացութիւնը բարեշրջելու լծակները: Գայթակղութիւններ կ’իմացուին, ինչպէս` մեր օրերուն առեւտրական պատճառներով խարդախուած ինքնաշարժներու պարագային, կացութիւնները կ’ենթարկուին քնացնող գեղագիտական գործողութիւններու եւ` այդքան: Քաղաքական կեանքի մէջ բազմերես եւ անսահմանափակ ընչաքաղցութիւնը, նիւթական եւ դիրքապաշտական, դարձած է անհակակշռելի: Խօսքի ասպետներ կան, որոնք կը ճառեն արդարութենէ, բայց միաժամանակ կը գտնուին պետական քանի մը պաշտօններու վրայ եւ կը ստանան մեծ գումարներ` քանի մը անգամ գումարուելով: Պաշտօնի բերմամբ գլխապտոյտ պատճառող ճաշարանի ծախսեր կան, երբեմն միայն կ’իմացուին: Այդ ճաշարանները թաղի աննշան ճաշարանները չեն: Անդին հազարաւորներ բարեսիրական կաթսաներէ պնակ մը կերակուր կը սպասեն:
Հանրային պաշտօնները վարելու համար ոչ ոք կարծէք կարեւորութիւն կու տայ պատրաստութեան եւ մարդկային որակին, որ առաքինութիւն է նաեւ: Միապետական Ֆրանսայի մէջ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ պաշտօնները կը գնուէին: Եթէ պաշտօնը ունենալու համար ենթական կը վճարէր թագաւորին, ձեւերը կային այդ ներդրումը հասութաբեր դարձնելու, այսինքն` ժողովուրդը այս կամ այն ձեւով կեղեքելու: Իսկ պաշտօնը գնելու համար ալ միջոցներ պէտք էր ունենալ: Այսօր ալ նոյն ոգիով կ’առաջնորդուի քաղաքական աշխարհը: Պաշտօններ ձեռք կը բերուին ուղղակի վճարումով կամ դառնալով ստրուկ: Դիրքի չարաշահումը համատարած է: Այս` անկախաբար կաշառակերութենէ:
Հայ կեանքը, Հայաստան եւ սփիւռք, զերծ չէ ախտէն, մինչ այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունինք բանիմաց, անշահախնդիր եւ օրինակ ծառայող առաջնորդներու, որոնք իրենց դրամապանակէն եւ լուսապսակէն տարբեր գործերը առաջնահերթ համարեն:
Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, կան քաղաքական դէմքեր, որոնք երբեք չեն աշխատած, զբաղած են քաղաքականութեամբ, մնայուն եւ ապահով պաշտօններ, որոնք դարձած են աճող հասոյթի աղբիւր, այսինքն քաղաքականութիւնը եղած է իրենց կրպակը: Ոչ միայն Ֆրանսա: Խորհրդային հաւասարութեան համակարգէն հազիւ դուրս եկած, քաղաքական կեանքին հեռուէն կամ մօտէն առընչուողներ, նորանկախ պետութիւններ, աղքատ թէ հարուստ երկիրներու մէջ յաջողած են առանց քրտինքի տէր դառնալ հարստութեան (դրամական եւ կալուածներու): Ոչ ոք կը համարձակի հաշուետուութիւն պահանջել եւ իրականացնել, քանի որ օրէնքը կը հակակշռուի նոյնինքն սակաւապետութեան կողմէ: Օրին, Հայաստանի մէջ, վարչապետի մը երբ հարց տրուեցաւ քսան տարի առաջ, որ հաշուեքննութիւն պէտք է կատարել, անկախ եւ մասնագիտական եղանակով, audit, օտիթ, ըսաւ` «աուտիդ կ’անենք»… Դեռ չիմացանք, որ աուտիթ արուա՞ծ է, եւ թէ ժողովուրդէն խլուածը ինչպէ՞ս պիտի վերադարձուի ժողովուրդին:
Սփիւռքի մէջ հանգամանքներ (գրեթէ) կը գնուին` բարերարութեամբ: Բարեսրտութիւն, բարերարութիւն, օժանդակութիւն լաւ բաներ են, քաջալերելի, պայմանաւ որ անոնց փոխարժէքը սնափառութեան գովերգանք չըլլայ, այդ սնափառութիւնն ալ չհովահարուի պաշտօններով, որոնց համար ոչ մէկ ձեւով ատակ են սնափառները: Ինչպէ՞ս կարելի է մեր պատմութենէն եւ մշակոյթէն անտեղեակ ըլլալ, մեր ժողովուրդի (Հայաստան եւ սփիւռք) բարդ կացութեան եւ մաշումներուն լուծման ծրագիր չունենալ, եւ յանկարծ գտնուիլ տատանող նաւուն ղեկին առջեւ: Մեր ազգի ղեկավարումը փարսախներով հեռու է Շարլ տը Կոլի բանաձեւած իմաստութենէն. «Քաղաքականութիւնը երբ արուեստ մըն է եւ ծառայութիւն, եւ ոչ երբեք` շահագործում, իտէալի մը համար գործողութիւն է` իրականութիւններու ընդմէջէն»: Ան ծառայութիւն է, ինչպէս ծառայեցին Արամ Մանուկեան, որ մէկ սենեակ ունէր, Սիմոն Զաւարեան, որ երկրորդ կարգի գնացքով կը ճամբորդէր, Մահաթմա Կանտի, որ իր բուրդը ինք կը մանէր, ապարանք չունէր, բայց հարիւր միլիոններով մարդիկ զինք կը լսէին…
Շարլ տը Կոլի խօսքը կարելի չէ՞ շրջանակի մէջ առնել եւ կախել իշխանութիւններու պաշտօնատուներուն, գրասենեակներու եւ եկեղեցիներու գաւիթին մէջ:
Ընդհանրապէս մարդկային ընկերութիւնը, նաեւ հայկական, ընչաքաղցութենէ եւ սնափառութենէ ձերբազատած ղեկավարումի կարիք ունի: Եթէ այդ ազատագրումը տեղի չունենայ, աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ գայթակղութիւնները անպակաս պիտի ըլլան, որոնց հետեւանքը անվերականգնելի մաշումն է:
Բարոյականացումը ժամանավրէպ ըմբռնում չէ: Ընկերութեան վերականգնումը անով կ’ըլլայ:
Եթէ միայն կարենայինք իսկական «աուտիթ անել»` առանց ճապկումներու:
Գիտակից զանգուածը պիտի ստեղծէ պայմանները «իսկական աուտիթի»:
Եթէ այդ լայնածիր «աուտիթ»-ը տեղի չունենայ, մեր պարագային, հայրենալքումը կը շարունակուի եւ հայրենադարձութիւնը կը մնայ տօնական օրերու հանգամանքներ օրօրող-հովահարող երազ: Կամ պարզապէս` դիմակահանդէս: Դիմակներուն ետին գտնուողները զիրար կը ճանչնան եւ այդպէս ալ կը խաղան` վիճելով հանդերձ: Զուարճացող հանդիսատեսները զոհերն են:
Համակարգին մաս կը կազմեն լրատուամիջոցները, որոնք փուչիկի նմանող քուէները կը տանին իրենց հովերու թեւերուն վրայ: Անոնք նաեւ նուագարանի աղմուկ ստեղծող տուփերն են, երբ ծառայութիւն եւ իտէալ կը մոռցուին:
Իրատեսութիւնը չշփոթել լոյսի խաղերուն հետ:
Հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, աստ եւ անդ, երբեմն յանդգնութեամբ «աուտիթ» պէտք է ընել եւ պահանջել, նոյնիսկ եթէ պիտի ըլլայ ատամներու կճրտոց:
Որպէսզի «քաթարսիս» ըլլայ, catharsis, ինքնամաքրում եւ ընդհանրապէս մաքրում:
Փոթոմաքի, Սենի, Նեղոսի եւ Հրազդանի ափին, նաեւ` հեռուներ…
20 Հոկտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան