Սարգիս Զէյթլեան. Հայ Քաղաքական Մտքի Մարտիկը* (Սրտի Խօսք)
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ 1956-ի` Սուէզի եւ Հունգարիոյ զոյգ տագնապներէն ետք, մօտաւորապէս 10 տարի, աշխարհը համեմատական խաղաղ, այսինքն արիւնալի պատերազմներէ հեռու ժամանակաշրջան մը բոլորեց, մինչեւ որ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը նոր ցնցումի ենթարկուեցաւ, այս անգամ` 1967-ի արաբ իսրայէլեան պատերազմով: Իսրայէլ գրաւեց Սինայի թերակղզին, Արեւմտեան ափը, ինչպէս նաեւ` Կոլանի բարձունքները: Այս պատերազմը հիմնովին տակնուվրայ ըրաւ ոչ միայն Մ. Արեւելքը, այլեւ լուրջ ցնցումներ...



















