Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 10. Միջազգային Օրէնքը, Խօսքի Ազատութիւնն Ու Ցեղասպանութեան Ժխտումը

October 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Kevork103015

Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային յայտարարութեան 19-րդ յօդուածը կը նշէ. «Ամէն մարդ ազատ կարծիքի ու արտայայտութեան իրաւունք ունի, այս իրաւունքը կ՛ընդգրկէ առանց միջամտութեան կարծիքներ ունենալ, գաղափարներ եւ տեղեկութիւն փնտռել, ստանալ եւ տարածել` հաղորդակցութեան որեւէ միջոցով, անկախ գոյութիւն ունեցող պետական սահմաններէն»:

Խօսքի ազատութեան իրաւունքը, ինչպէս բոլոր մարդկային իրաւունքները, որոշ սահմանափակումներ ունի: Որովհետեւ, ընդհանրապէս քաղաքացիական ազատութիւնները պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն ունին ընկերութեան խաղաղութիւնը պահպանելու: Այս ծիրին մէջ, նոյն յայտարարութեան 29-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը կը հաստատէ. «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու գործադրման ժամանակ, ամէն ոք, սահմանափակումի ենթարկուած է այնքա՛ն, որքան օրէնքը կը սահմանափակէ, միմիայն ապահովելու համար ուրիշներուն ճանչցուած ու յարգուած իրաւունքներուն ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար բարոյականութեան, հանրային կարգ ու կանոնի եւ ընդհանրապէս ժողովրդավար ընկերութեան բարօրութեան արդար պահանջները»:

Նմանապէս, մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքի կարեւորագոյն պայմանագրութիւններէն` Քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներուն միջազգային համաձայնագիրի 19-րդ յօդուածի երրորդ պարբերութիւնը կ՛ըսէ. «Խօսքի ազատութեան իրաւունքի կիրարկումը իր մէջ պարտաւորութիւններ ու պատասխանատուութիւններ կը պարփակէ եւ այս պատճառով կրնայ որոշ սահմանափակումներու ենթակայ ըլլալ, պայմանով որ այդ սահմանափակումները կարեւոր ըլլան եւ օրէնքով հաստատուին`

ա.) Յարգելու համար ուրիշներուն իրաւունքները, վարկն ու պատիւը:

բ.) Պաշտպանելու համար երկրի մը ազգային անվտանգութիւնը, հանրային կարգ ու կանոնը, հանրային առողջութիւնն ու բարոյական արժէքները»: Նոյն համաձայնագիրի 20-րդ յօդուածը կ՛ըսէ` «բ.) Որեւէ ջատագովութիւն ազգային, ցեղային կամ կրօնական ատելութեան, որ թշնամանքի, խտրականութեան կամ բռնութեան կ՛առաջնորդէ, պէտք է օրէնքով արգիլուի»:

Միջազգային օրէնքի վերոնշեալ յօդուածները Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ  դատավճիռին հետ բաղդատութեան ու քննութեան ենթարկելով կարելի է հետեւեալ մեկնաբանութիւնները կատարել.

Ա. ՄԻԵԴ-ը բացայայտօրէն անտեսած ու խախտած է միջազգային օրէնքով ճշդուած չափանիշներու սկզբունքները: Դատարանը իրաւական-արդար դատումներէ հեռու, դատապարտելիօրէն քաղաքականացած եւ անարդար վճիռ արձակած է: Փերինչեքի` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը խօսքի ազատութեան իրաւունքի սահմաններուն մէջ տեսնող դատարանը իր այս որոշումով կ՛անարգէ ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկային իրաւանց գերագոյն խախտում եւ անոր դատապարտումն ու կանխարգիլումը միջազգային օրէնքին համաձայն «erga omnes»` բոլորին համար պարտաւորութիւն է:

Բ. Դատարանին որոշումը չի նպաստեր ներկայի ու ապագայի դաժան ոճիրներու կանխարգիլման ու դատապարտման, որովհետեւ խօսքի ազատութեան պատրուակին տակ, նման ժխտումներ կը նպաստեն ցեղասպան կողմին վարած ուրացման քաղաքականութեան աշխուժացման եւ անպատժելիութեան շարունակութեան:

Գ. Փերինչեքին խօսքերը, նոյնինքն ՄԻԵԴ-ի դատավճիռին դէմ քուէարկող եօթը դատաւորներուն համաձայն, անարգական էին, Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակն ու վարկը կը խեղաթիւրէին, կ՛արդարացնէին եւ կը պաշտպանէին Օսմանեան կայսրութեան իրագործած ջարդերը եւ իրենց մէջ ցեղապաշտական-ազգայնամոլական մօտեցումներ ունէին: Այս բոլորը վտանգաւոր խախտումներ են մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն:

Դ. Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի չէ խօսքի ազատութեան պարունակին մէջ տեսնել, որովհետեւ ուրացումը կը վարկաբեկէ ամբողջ հայութիւնն ու քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, կը վիրաւորէ անոնց արժանապատուութիւնը, կը խախտէ ընկերային բարօրութեան արժեչափերը, ցեղապաշտական մօտեցումներու, հրահրումներու, հաւանական բախումներու եւ անկարգութիւններու դուռ կը բանայ:

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելը արդարացուած ու հիմնաւորուած է միջազգային օրէնքին ճշդած վերոնշեալ յօդուածներուն եւ այլ պայմանագրութիւններու մէջ: Յամենայն դէպս, նմանատիպ անարդար եւ յուսալքող երեւոյթներ յառաջիկային ալ կրնան կրկնուիլ, կը մնայ զգուշ ըլլալ, որ այս քննարկումները չշեղեն մեր ընթացքը Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական պահանջատիրութենէն եւ հատուցման անխուսափելիութենէն: Վերջաւորութեան, փոխհատուցումն ու Ցեղասպանութեան հետքերուն վերացումը նոյնքան կարեւոր են, եթէ ոչ աւելի, որքան Ցեղասպանութեան ժխտումին քրէականացումը: Ժխտումը քրէականացնելը համամարդկային անհրաժեշտութիւն է, իսկ հատուցումը` առաւելաբար հայկական-ներազգային: Չյուսահատինք եւ մեր ուժերը լաւագոյնս լարենք յառաջիկայ իրաւական թղթածրարներուն համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Նախագահը Կարեւոր Նկատած Է Վրաստանի Դերը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Պահպանման Իմաստով

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Դարձեալ Ելոյթ Պիտի Ունենայ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.