Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Սնունդը» Նիւթով

November 2, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05177

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան » սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանիքի սնունդը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ  Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք  դասախօսը նշեց, որ առողջութեան պահպանման համար պէտք ունինք մաքուր օդի եւ ջուրի, արեւի ու լոյսի, մարզանքի եւ հանգիստի, ինչպէս նաեւ պատշաճ սնունդի:

Յաճախ կը մոռնանք, թէ ընտանիքի անդամներուն պատշաճ սնունդը առողջ ըլլալու նախապայման է: Նոյնպէս հաւասակշռուած սնունդ պարունակող ճաշի պատրաստութիւնը թէ՛ գիտութիւն է եւ թէ՛ արուեստ:

Սննդագէտ  Մարիա Տագէսեան դասախօսութիւնը սկսաւ ճշդելով զանազան տեսակի սնունդներու կարեւորութիւնը ընտանիքի անդամներուն համար, յատկապէս երբ մեր միջավայրը ապականած է աղբերով եւ վնասակար նիւթերով: Սննդագէտը շեշտեց սնունդի ապահով եւ մաքուր պահպանման կարեւորութիւնը: Ան ներկաներուն նկատողութեան յանձնեց, որ երբ որեւէ հաստատութենէ շարունակաբար մեր սնունդը կը հայթայթենք եւ ապահով կ՛ըլլանք որակաւոր տուեալներով, շարունակենք նոյն վայրէն մեր գնումները կատարել եւ յաճախ չփոխենք:

Սննդագէտը թուեց զանազան սնունդներ, ինչպէս` միսը, կաթնեղէնները, որոնք կը կազմեն հիմնական բաժինը մեր առօրեայ սնունդին:

Միսը պէտք  է ըլլայ միշտ թարմ, յատկապէս նախընտրելի է, որ  մսավաճառը ամէնօրեայ դրութեամբ ապահովէ միսը: Միսը պէտք է ըլլայ կարմիր գոյնի, արիւնի որեւէ հետք չ՛ունենայ: Հաւու միսին պարագային անիկա կրկին անգամ պէտք է ըլլայ մաքուր, տարբեր գոյնի սպիներու գոյութիւնը ոչ ապահով միսի նշաններ են: Դասախօսը նշեց, որ հաւը նախընտրելի է չլուալ, որովհետեւ եփելով զայն բարձր ջերմաստիճանի վրայ, կը չէզոքացնենք տարբեր մանրէները:

Հաւկիթը պէտք է ըլլայ մաքուր եւ նախընտրելի է չլուալ: Հաւկիթը սառնարանին մէջ կարելի է պահել 2-3 շաբաթ:

Դասախօսը ներկայացուց թէ մեր առօրեայ նախաճաշի կէսօրուայ ճաշի եւ ընթրիքի զանազան ուտելիքներուն պարունակութիւնները ի՛նչ պէտք է ըլլան:

Նախեւառաջ հացեղէնները կը ներկայանան իբրեւ 60 առ հարիւրը մեր սնունդին: Հացը, յատկապէս սեւ հացը պէտք է ըլլայ մեր սնունդի անբաժանելի մասը` նկատի ունենալով բարձր քանակութեամբ «պէ» կենսանիւթի զանազան տեսակներու առկայութիւնը: Այս կենսանիւթը անհրաժեշտ է Ֆիզիքական աշխատանքի, յատկապէս ուղեղի աշխատանքին համար: Հացը կ՛ապահովէ բարձր տոկոսով ջերմուժ` մեր առօրեայ աշխատանքին:

Երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան բանջարեղէնները, որոնք կը պարունակեն զանազան կենսանիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են մեր մարմնին կազմաւորման եւ աշխատանքին:

Սննդագէտը թուեց նաեւ ընթեղէնները, ինչպէս` սիսեռը, ոսպը, ոլորակը եւ այլն, որոնք կը պարունակեն բարձր տոկոսով երկաթ, ինչպէս նաեւ կենսական աղերը եւ կենսանիւթեր:

Այս շարքի վերջին բաժինը կը հանդիսանայ միսը: Նախ եւ առաջ նկատի պէտք է ունենանք հաւու միսը, իր զանազան պատրաստութիւններով,  յատկապէս խաշուած, երկրորդ` ձուկը, ոչ տապկուած եւ վերջը` կարմիր միսը, առաւելագոյնը շաբաթը մէկ անգամ օգտագործելով:

Այս բոլորին մէջ նաեւ հիմնական դեր ունին կաթնեղէնները, յատկապէս նախաճաշի ցուցակին մէջ: Կաթնեղէնները կը պարունակեն բարձր տոկոսով քալսիոմ եւ փրոթէին:

Սննդագէտը բաւական մանրամասն խօսեցաւ ջուրի անհրաժեշտութեան, բաւարար օգտագործման, եւ ջուրի զանազան գործառոյթներուն մասին, յատկապէս օգտակար սնունդը ամբարելու ու  վնասակար սնունդը երիկամներուն ճամբով դուրս բերելու:

Վերջին բաժինով, դասախօսը բացատրեց քաֆէյինի վնասակար դերը,  յատկապէս բարձր քանակութեամբ օգտագործման պարագային: Քաֆէյինը շարունակաբար մարմինը կը չէզոքացնէ տարբեր կենսանիւթերէ, քալսիոմէ, ինչպէս նաեւ զանազան սնունդներէ:

Աւարտին, սննդագէտը զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100 Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակներուն Առիթով. «Շնորհիւ Մուսալեռցիներուն` Գրաբարը Տակաւին Կ՛ապրի»

Յաջորդը

Ծառահատում (Արփիկին Յիշատակին)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.