Մենք, բոլոր ներկայ եղողներս, ուխտել ենք միասին զոհուել Հայաստանի սուրբ գործին. դուք էլ խօսք տուէք, որ մեզ կը միանաք, որքան շատ լինինք` այնքան լաւ. առանձին գործելը ուժերի ջլատում կ՛առաջացնի:
… Մենք մի թշնամի ունենք. դա տաճիկն է, նրա դէմ պիտի կռուենք, մեր ուժերը պիտի չջլատենք եւ խումբը քայքայման չենթարկենք:
Ս. ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆ
Եթէ այս երկրի տէրը եւ ղեկավարը (հայն) է, ի՞նչ կարիք կայ Ռոմի (թուրքի) իշխանութեան. ինչո՞ւ պէտք է տուրք տրուի ուրիշին:
Հայը, խեղճը, ռայաթը պաշտպանելը լաւ է: Ռայաթ հայը աշիր դարձնելը նոյնպէս լաւ է: Հայը այնքան պէտք է ուժեղացնել, որ անոր աստղը պայծառանայ եւ ուժ ունենայ մինչեւ Շամ քշելու եկուոր անօրէնները:
ԱՐԱԲՕ
Հայ ժողովրդի գոյութեան հարցը մեր սեփական գոյութեան պատճառն է եղել եւ Դաշնակցութիւնը սկզբից ի վեր – Թուրքիայում, Կովկասում, Պարսկաստանում – եղել է նախ եւ առաջ յեղափոխական-ինքնապաշտպան կազմակերպութիւն:
… Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է:
… Լինել կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում:
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Ամբողջ 30 տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով: Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ` ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը, Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր` հայրենիքի սէրը, միակ կիրք մը` պայքարին տարփանքը, միակ իտէալ մը` ազատութեան իտէալը (Կը վկայէ Ռոստոմ):
ՔԵՌԻ
Մնա՜ք բարով, աւել պակաս հալալ արէք: Կտակում ենք ձեզ մեր վրէժը եւ այն գործը, որի համար մենք պատրաստ ենք կռուել մինչեւ վերջը: Վստահ եղէք, ձեր ընկերները ունեն բարոյական արիութիւն համարձակ քայլերով դիմելու դէպի կախաղան` որը անկասկած վաղ թէ ուշ մեր հետեւորդներին կը բարձրացնի դէպի ցանկալի վերածնութիւն… Եթէ մի օր երկինք բաց աչքերով նուիրի ձեզ բախտաւորութիւն` տեսնելու մեր գաղափարների յաղթանակը, զուարթ արշալոյսին` մեզ էլ յիշեցէք…
ԱՐԱՄ ԱՐԱՄԵԱՆ
ՀՅԴ Հարիւրամեայ Ուղին`
Հարիւր Դրուագով
5.- 1892-ի դեկտեմբերին կը սկսի դարբնումը Պոլսոյ ՀՅ դաշնակցութեան կուռ կազմակերպութեան, լուռ ու հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ Յովհաննէս Եուսուֆեանի (Մելիք)` որ Տրապիզոնէն հոն անցած էր 1892-ի վերջերը: Յեղափոխական ղեկավարներու ամբողջ սերունդ մը պտուղը կը կազմէ Մելիքի կազմակերպչական անխոնջ ճիգերուն:
6.- Դաշնակցական մկրտուած Արաբոյի նահատակութեամբ 1893-ի աշնան, սկիզբ կը դրուի ֆետայականութեան` Տարօնի մէջ: Ռուբէնի վկայութեամբ` «Արաբոն կը մեռնի չհասած իր նպատակին, բայց… հետագայ սերունդին ան թողուց թանկագին աւանդ մը, թէ հայն ալ կրնայ զէնք բարձրացնել եւ զէնքով կռուիլ քիւրտ տերեպէյիներու դէմ»:
7.- 1894-ի մայիսին, կազմակերպութիւնը ցուցական-պատժական գործունէութեան կ՛անցնի Պոլսոյ մէջ: Յովհաննէս Եուսուֆեան կը պատրաստէ յանդուգն ահաբեկիչներ, որոնք օր ցերեկով, բազմամարդ փողոցներու մէջ կը զարնեն դաւաճաններ ու կ՛անհետանան: 1895-ին եւս, մին միւս ետեւէ կը սպաննուին Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ մահուան դատապարտուած առաջնակարգ հայազգի լրտեսներ ու մատնիչներ:
8.- 1894-ի օգոստոսին «Դրօշակ» կը ձեռնարկէ «Այբուբեն»-ի հրատարակութեան, որուն առաջին բաժինը խմբագրած են Քրիստափոր եւ Զաւարեան, իսկ շարունակութիւնը` Ռոստոմ, որ շարքը կ՛ամբողջացնէ Անդրանիկ Ծրագիրը գրելով:
9.- 1895-ի աշնան, Սասնոյ լեռներուն վրայ, Սերոբի հետ թափ կ՛առնէ Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութիւնը: Երբ Բաղէշի մէջ ընդհանուր ջարդի արհաւիրքը կը տիրէր, Սերոբ զօրաւոր խումբով, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէ իր ծննդավայրին մէջ: Թշնամին «սալաւաթ» կանչելով առաջ կը խուժէ: Այն բոլոր գիւղերը, ուր խումբէն 2-3 հոգի կը գտնուէին, կոտորածէ ու կողոպուտէ զերծ մնացին: Ախլաթի 27 գիւղերը, Սերոբի խումբին շնորհիւ անվնաս ելան կոտորածէն:
10.- 1896 յունիսին տեղի կ՛ունենան Վանայ ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Դաշնակցութիւնը կրակի իր մկրտութիւնը կը ստանայ Վասպուրականի մէջ: Պետօ, Վարդան եւ Վազգէն կը հերոսացնեն կազմակերպութեան անունը:
11.- 1896-ի ամառը տեղի կ՛ունենան Դաշնակցութեան երկու մեծ նախաձեռնութիւնները մայրաքաղաքին մէջ` Օսմանեան դրամատան գրաւումը եւ Սամաթիոյ կռիւները: Անոնք կազմակերպուեցան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ, մեծ պետութիւնները Հայկական հարցին ի նպաստ ազդու միջամտութեան մղելու նպատակով (Դրամատան գրաւումը, յատկապէս, սպառնալիք մըն էր նաեւ եւրոպական շահերուն դէմ): Գրաւումը քաղաքական ահաբեկչութեան աննախընթաց օրինակ էր: