ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22-ին, քառասուն տարի առաջ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, օր ցերեկով ահաբեկուեցաւ Աւստրիոյ մէջ թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպան Տենիզ Թունելճիլը:
Ահաբեկչական յանդուգն գործողութեամբ մը Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ անունով նորայայտ խմբակցութիւն մը ցնցեց միջազգային հանրային կարծիքը:
Յանկարծ ճեղքուեցաւ լռութեան այն թանձրանիստ պատը, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ու հայրենազրկումի մեծագոյն անարդարութեան շուրջ հիւսուած էր թրքական ուրացումին եւ անոր հետ քայլ պահող մեծապետական անտարբերութեան կողմէ…
Այդպէ՛ս տրուեցաւ առաջին հատու ազդանշանը Հայ դատի ուժական պայքարի շղթայազերծման:
Արդարեւ, 22 հոկտեմբեր 1975-ի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին իրենց դէմ զէնք քաշած շէնքի պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունելճիլի գրասենեակը:
Յարձակման մանրամասնութիւնները օրին փոխանցած թրքական աղբիւրներուն համաձայն, ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ:
Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու ինքնաշարժ նստելով` անյայտացան…
Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւններով` գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով:
Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով` անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով ստանձնեցին Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը:
Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ 2 օր ետք` 24 հոկտեմբեր 1975-ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ:
Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ՛ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…
Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշդելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ, Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին` Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեց միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեց զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը:
Ֆրանսերէն եւ անգլերէնով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակցական թերթերուն կողմէ:
«Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հարազատ արձագանգ գտաւ 1970-ականներու պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ:
Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կ՛ազդարարէր.
«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններուն պիտի յիշեցնէ, թէ հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:
Արդարութեան մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, թէ Հայ դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է, եւ թէ, ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, լռութեան անարդար պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ «մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:
Ահա այսպէս շղթայազերծուեցաւ հոկտեմբերի այս օրերուն, 40 տարի առաջ, Հայ դատի ուժական պայքարի նորօրեայ զարթօնքը:
Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973-ին Գուրգէն Եանիքեան իրագործած էր ահաբեկչական քայլ մը Միացեալ Նահանգներու մէջ` սպաննելով տեղւոյն թուրք հիւպատոսը, նաեւ` 1975-ի յունուարին Լիբանանի մէջ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ, Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներու միջազգային հրապարակ մուտքով:
Մինչեւ 1980-ականներու առաջին կէսը Արդարութեան մարտիկները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը` յառաջացնելով միջազգային հանրային կարծիքին մօտ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ի նպաստ քաղաքական անհրաժեշտ ճնշումը:
1975 թուականի հոկտեմբեր 22-ի եւ 24-ի Վիեննայի ու Փարիզի թուրք դեսպաններուն ահաբեկումով թափ առած Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը իր անմիջական պտուղները տուաւ Հայ դատի քաղաքական արծարծման ճակատին վրայ:
Մէկ կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններ ու ատեաններ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական լուծում որոնել Հայկական Հարցին:
Իսկ միւս կողմէ` նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջէն սկսան աւելի բարձրաձայն հնչել հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը պահանջող կոչեր:
Այսպէ՛ս, Հայ դատի պահանջատիրութեան ուժական շղթայազերծման բամբ ազդանշանը տուաւ Վիեննայի թուրք դեսպանին դէմ կատարուած 22 հոկտեմբեր 1975-ի ահաբեկչական գործողութիւնը:
Ազդանշանը` նաեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ զարթօնքին, որ իր յաղթական արձագանգը պիտի գտնէր 13 տարի ետք թափ առած Արցախեան պահանջատիրական շարժման մէջ` յանգելով արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթանակին:
Վիեննայի թուրք դեսպանի ահաբեկման եւ ընդհանրապէս Հայ դատի ուժական պայքարին 40-ամեակը կը նշենք հիմնովին նոր պայմաններու մէջ: Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի իրողական ազատագրումով` Հայ դատի պայքարը թեւակոխած է նոր փուլ, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջին կողքին` ահա՛ շեշտը դրած է ամբողջական հատուցման հրամայականին վրայ:
Միաժամանակ` Վիեննայի արդարադատ հարուածին եւ Հայ դատի ուժական պայքարին 40-ամեակը յատուկ հնչեղութեամբ կ՛արձագանգէ այսօր, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն չնկատելու Եւրոպական Դատարանի վերջին` հոկտեմբեր
15-ի անարդար վճիռը, մեր աչքերուն առջեւ, յուսահատութեան եւ ծայրայեղ ցասումի կը մղէ արդար իրաւունք պահանջող եւ միջազգային անտարբերութեան բախող մարտունակ հայորդիները:
Ինչպէս որ հոկտեմբեր 1975-ին հայ քաղաքական միտքը կ՛ազդարարէր աշխարհի ճակատագրին հետ ըստ կամս վարուող մեծապետական ուժերուն` ծայրայեղ յուսալքութեան պէտք չէ մատնել իրաւազրկեալները` արդար դատի տէր ժողովուրդները, մանաւանդ երբ փոքր է անոնց ածուն եւ տկար է իրաւունքն ու արդարութիւնը սուրով խլելու անոնց ուժը: