Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 2015-ի Բարեփոխումները, Կուսակցութիւնները Եւ Ժողովուրդը
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն պիտի կայանայ 6 դեկտեմբեր 2015-ին, 18 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ պիտի քուէարկեն իրենց անհատական համոզումով, կամ` հետեւելով իրենց պատկանած կամ համակրած կուսակցութեանց ցուցմունքին: Առաջին հերթին, այժմու սահմանադրութեան եւ առաջարկուած բարեփոխումներուն ըստ էութեան ուսումնասիրութիւնը եւ գնահատութիւնը կ՛ենթադրեն իրաւաբանական հմտութիւն, մասնագիտական փորձառութիւն եւ պատմական ուսումնասիրութիւն` սկսելով Ն.Ք. 400 թուականէն Պղատոնի ծանօթ «Հանրապետութիւնը»-ը զրոյցէն մինչեւ մեր...


















