Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Նոր 11 Սեպտեմբե՞ր, Թէ Հերթական Ահաբեկչութիւն

Նոյեմբեր 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

France_111315

Տասնչորս տարի առաջ` 9/11-ի ատեն ընկերային ցանցերու աշխարհ չկար: Օրին աշխարհը ահաւոր ոճիրէ մը ցնցուեցաւ, եւ կարեկցական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն տեղ, ամէն մարդ կը դատապարտէր այդ հակամարդկային բռնարարքը: Դէպքին զգայացունց ըլլալը (յիշենք Պըն Լատենի հրէշացումը) առհասարակ մարդոց զգացական աշխարհին վրայ այնքան ազդած էր, որ տարիներ տեւեց, որպէսզի մարդիկ յստակատեսութեամբ դիտարկեն, վերլուծեն,  դատեն պատահածը, ըմբռնեն անոր խորքը եւ հետեւանքները:

9/11-ի յաջորդած ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն հետ, Իրաքի ներխուժումէն մինչեւ արաբական աշունը, ֆոլս ֆլեկ գործողութիւնները աւելի ակներեւ դարձան, միաժամանակ փրոքսի-միջնորդ կռուողներու հասկացողութիւնը հետզհետէ աւելի պարզուեցաւ:

Տուեալ գործողութիւն մը եւ իր հակազդեցութիւնը պատճառ-հետեւանքային կապակցութիւն կ՛ունենան: Քաղաքականութիւն վերլուծելու մէջ անհրաժեշտ է սպասել եւ տեսնել, թէ ո՛վ է գործողութենէն օգտուող կողմը, ի՛նչ են գործողութեան հետեւանքները` յաջորդող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները:

2001-ին ամբողջ աշխարհը «աղօթեց» Ամերիկայի համար. անշուշտ «Ֆէյսպուք» չկար այն ժամանակ` հեշթեկներով եւ նկարներով կարեկցելու համար, ցաւակցեցանք զոյգ աշտարակներու զոհերուն, իսկ այսօր նոյնը` Փարիզի չարաղէտ ահաբեկչութեան առիթով: Ի հարկէ Եւրոպայի մայրաքաղաքը Ալճերիոյ դէմ պատերազմէն ի վեր այս տարողութեամբ վայրագութեան չէ հանդիպած, եւ քաղաքակիրթ Առաջին աշխարհի` Արեւմուտքի մէջ իւրաքանչիւր զոհ «սուղ» կ՛արժէ, ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքի զոհերուն, որոնք սոսկ թիւեր ըլլան կարծես, ալ ո՞ւր մնաց հարիւրէ աւելի անմեղներու սպանութիւնը:

Սակայն ամէնօրեայ դրութեամբ վայրագութիւնը ամէնուրեք է` Սուրիա, Իրաք, Եմէն, Լիբանան, հայոց Արցախ (ուր երկու երիտասարդ զինուորներ նահատակուեցան),  եւ այլն: Խնդիրը այն չէ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ Ֆրանսային աւելի կը կարեկցին, քան Պէյրութին կամ Սուրիոյ: Եթէ բառացիօրէն պիտի հասկնանք ընկերային ցանցերու գրառումները, ապա եկեղեցիները բերնէ-բերան աղօթողներով լեցուն կ՛ըլլային: Խնդիրը ասկէ շատ աւելի խոր է:

Նախքան Փարիզի դէպքերը, նախատեսուած էր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին բարձր մակարդակի այցելութիւնը Ֆրանսա 16 նոյեմբերին: Ընթացիկ դէպքերուն պատճառով հանդիպումը յետաձգուեցաւ: Վիեննայի ժողովը եւս զուգադիպեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի որդեգրած ահաբեկչական գործողութիւններուն, մինչ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ իր գաղափարակից խմբաւորումներուն իրավիճակը բարւոք չէ գետնի վրայ. կարծես անոնք մարտադաշտի պարտութիւնը կը հատուցեն ահաբեկչական աւերիչ գործողութիւններով:

Ֆրանսական եռագոյնը հիմակուհիմա ֆէյսպուքեան էջերը գրաւած է, բայց չենք գիտեր` գուցէ ֆրանսական եռագոյնը միանայ իր արեւմտեան առանցքի` տարիքով կրտսեր, բայց աւելի հեղինակաւոր գործընկերոջ` 9/11-ի զոհ Ամերիկային` ռուսական համարձակ դերակատարութիւնը հակակշռելու արշաւին մէջ: Արդեօք Ֆրանսային ուղղուած պատգամը Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական դրուածքին մէջ իր մասնակցութեա՞ն կը վերաբերի: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ֆրանսայի վրայ լուսարձակները պայմանաւորուած ըլլան անոր արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւններով. փաստօրէն Ասատի գահընկէցութեան ձգտող երբեմնի Հոլլանտը այսօր անոր հետ ընդհանուր մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ:

Յամենայն դէպս, քաղաքական հաւանական դիպաշարները բազմաթիւ են: Ֆոլս ֆլեկ գործողութիւններու եւ փրոքսի պատգամաբեր կռուողներու վարկածները հաւանական կը մնան այս պահու դրութեամբ, երբ իսլամական ծայրայեղականներուն աջակցող, ֆինանսաւորող եւ գաղտագողի սնուցանող պետութիւններ կան: Թէ ինչո՛ւ Փարիզն էր թիրախը, հիմակուհիմա յստակ չէ: Քաղաքական շահարկո՞ւմն է թիրախը, թէ հերթական ահաբեկչութիւն է կատարուածը. օրերը կը փաստեն:

Յառաջիկայ իրադարձութիւնները թերեւս պարզաբանեն անցուդարձը:

 

15 նոյեմբեր 2015, Երեւան

Նախորդը

Վարդանեան. «Կառավարութիւնը Պարտաւոր Է Արմատական Լուծումներու Երթալու»

Յաջորդը

Օհանեան. «Ամէն Թիզ Հողի Համար Պիտի Կռուինք Այնպէս, Ինչպէս Կռուեցանք Արցախեան Ազատամարտի Տարիներուն»

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?