Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գարեգին Բ. Կը Խոստանայ ԹՈՒՄՕ
Կեդրոն Բանալ Նաեւ Էջմիածինի Մէջ
Նոյեմբեր 11-ին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն այցելած Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յայտարարած է, որ յառաջիկային ԹՈՒՄՕ կեդրոն պիտի հաստատուի նաեւ Էջմիածինի մէջ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ, ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանի եւ կեդրոնի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Բեկոր Փափազեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած է կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած` ստեղծուած պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագիրներուն:
ԹՈՒՄՕ յաճախող պատանիները վեհափառ հայրապետին ներկայացուցած են իրենց ստեղծած նոր խաղերն ու ծրագիրները: Իր կարգին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պատասխանած է անոնց հարցումներուն:
Աւարտին, Գարեգին Բ. իր օրհնութիւնը տուած է կեդրոնի հիմնադիրին, աշխատակազմին եւ սաներուն` բարձր գնահատելով ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան կրթութիւն ապահովելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը: Ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային նման կեդրոն կը հաստատուի նաեւ Էջմիածինի մէջ:
Նշենք, որ այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կ՛ընկերակցէին Մայր Աթոռի վարչական, տնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանը եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեանը:
Չայքովսքիի Անուան Երաժշտական Դպրոցը
Նորովի Պիտի Ներկայանայ Մայրաքաղաքին`
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Ջանքերով
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ կ՛իրականացուի Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի լայնածաւալ վերանորոգումը եւ արդիականացումը:
Հիմնովին կը վերանորոգուին 1973 թուականին կառուցուած շէնքին երեք մասնաշէնքերը (4958 քառ. մեթր): Վերանորոգման աշխատանքները կ՛ընդգրկեն շէնքին վերայատակագծումը, ուժեղացումը, տարհանման աստիճաններու կառուցում, ինչպէս նաեւ յարկ մը պիտի աւելնայ կեդրոնական մուտքի հատուածին վրայ: Նորոգուած են աստիճանները, փոխուած են դռներն ու պատուհանները, ջեռուցման, ելեկտրամատակարարման, ջրամատակարարման եւ կոյուղիի համակարգերը, տեղադրուած են օդափոխութեան եւ հակահրդեհային ջրային համակարգերը, ընթացքի մէջ է հակահրդեհային ազդանշանային եւ տեսահսկողութեան համակարգերուն տեղադրումը եւ նոր տանիքի կառուցումը:
Թեքահարթակներու կառուցումն ու վերելակի տեղադրումը ո՛չ միայն կարելիութիւն պիտի տան յենաշարժողական հարցեր ունեցողներուն ուսանելու այստեղ, այլեւ պիտի դիւրացնեն անոնց տեղաշարժը դպրոցին մէջ: Իսկ նոր կառուցուող բեմը ժամանակակից որակ պիտի հաղորդէ համերգասրահին:
Պիտի վերանորոգուի նաեւ շէնքին ներքին բակը. պիտի արդիականացուի լուսաւորութիւնը, պիտի տեղադրուին տաղաւարներ եւ նստարաններ: Այս բոլորը, դպրոցին շրջակայքը յարմարաւէտ եւ գեղեցիկ դարձնելէ բացի, յաւելեալ գրաւիչ պայմաններ պիտի ստեղծեն ուսման եւ ժամանցի համար:
Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութիւնն ալ իր ներդրումը ունեցած է ծրագրին` 10 հազար տոլար արժողութեամբ երաժշտական գործիքներ նուիրելով մասնագիտական դպրոցին:
Նախորդ տարիներուն հիմնադրամը տարբեր ծրագիրներով աջակցած է այս կրթօճախին: 2011 թուականին հիմնադրամի Զուիցերիոյ տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ հիմնուած է լսատեսողական սենեակ` անհրաժեշտ սարքաւորումներով, ձայնադարանով եւ երաժշտական գործիքներով: Վերանորոգումէ ետք մասնագիտական այս սենեակը պիտի գործէ արդիականացուած պայմաններով: Նշենք, որ 2012 թուականին հիմնադրամին Աւստրալիոյ տեղական մարմինը աջակցած է դպրոցին կահաւորման:
2014 թուականին կրթօճախը հանդիսաւորութեամբ նշեց հիմնադրման 75-ամեակը: Յիշեցնենք, որ սոյն դպրոցը հիմնուած է 1939 թուականին: Այսօր ունի աւելի քան 600 աշակերտ, որոնք հանրակրթականին զուգահեռ, բարձրակարգ երաժշտական կրթութիւն կը ստանան դպրոցին մէջ: Մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեան հարուստ աւանդոյթներով այս կրթօճախը անուանած է երաժիշտներու դարբնոց: Դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեանի խօսքով, տասնամեակներ շարունակ իրենց սաները մասնակցած են ազգային եւ միջազգային մրցոյթներու, շատերն ալ յաջողութեամբ հանդէս եկած են համաշխարհային բեմերէ: Պատահական չէ, որ դպրոցին մէջ գործող սիմֆոնիք եւ փողային նուագախումբերուն, ջութակահարներու անսամպլը, երգչախումբը համալրելու եկած է ճազ-պենտը: Հաղորդենք, որ տնօրէնը հպարտութեամբ նշած է, որ դպրոցին հիմը դրած է դպրոցի սան Ալեքսանդր Յարութիւնեանը:
Քոյր Արուսեակի Պարգեւատրում
Ֆրանսայի Պետական Շքանշանով
2015 նոյեմբերի 13-ին Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստից դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան քոյր Արուսեակ Սաճոնեանին` «Ֆրանսայի ազգային վաստակներու շքանշան»-ով պարգեւատրումի արարողութիւնը:
Շքանշանը հայ մայրապետին շնորհուած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ` ի գնահատումն անոր մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան: Շքանշանը յանձնուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէին կողմէ: Արարողութեան ներկայ եղած են` հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ յղութեան միաբան քոյրեր, Գթութեան միսիոներ քոյրեր, Յիսուսի փոքրիկ քոյրերու միաբանութեան քոյր Նոէլը, Շիրակի փոխմարզպետ Սէյրան Պետրոսեան, մարզպետի խորհրդական Յասմիկ Կիրակոսեան, Գիւմրիի փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեան, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:
Ֆրանսայի դեսպանը շքանշանը յանձնելէ առաջ իր խօսքին մէջ ըսած է. «Քոյր Արուսեակը ինծի համար երկու սկզբունք կը մարմնացնէ: Նախ` հաւատը առ Աստուած: Ասիկա նուազագոյնն է, որ պէտք է ունենայ միանձնուհին, բայց հաւա՛տն է, որ ուժ ու եռանդ կու տայ քոյր Արուսեակին եւ զինք կը դարձնէ հիացումի արժանի: Երկրորդ սկզբունքը հաւատն է առ մարդ արարածը, որուն ապացոյցն է այն ամէնը, զոր ան կ՛ընէ Գիւմրիի մէջ… Մարդ արարածը անոր գործունէութեան կիզակէտն է` երեխաներ, կարիքաւորներ, ծերեր, երիտասարդներու մասնագիտացում, որպէսզի իրենց տեղը կարենան գտնել կեանքի մէջ: Այսօր մեծ հպարտութեամբ ձեզ կը պարգեւատրենք «Ազգային արժանեաց շքանշան»-ով եւ անգամ մը եւս ձեզի կը փոխանցենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան երախտիքը: Երախտագիտութիւն կը յայտնենք ձեր ուժականութեան, ձեր բարեգործութեան համար, որ ամէն օր կը սփռէք ձեր շուրջը»:
Դեսպանը «անգամ մը եւս ձեզ կը պարգեւատրենք» ըսած է` նկատի ունենալով, որ ասիկա քոյր Արուսեակի երկրորդ պարգեւատրումն է Ֆրանսայի կողմէ: Ան նախապէս պարգեւատրուած է նաեւ Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն»-ի շքանշանով:
Դեսպանին ձեռամբ պարգեւատրումէն ետք արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ քոյր Արուսեակ ըսած է. «Շքանշանի տուչութիւնը համեստ կրօնաւորուհիի մը` մեծ նշանակութիւն ունի. ասիկա մեծութիւնն է Ֆրանսայի, որ այսօր ալ կը զատորոշուի իր մարդկային արժէքներով: Շնորհակալութիւն պրն. դեսպանին, որ գիտէ գնահատել մեր գործունէութիւնը` կարիքաւոր երեխաներու համար: Ես միշտ հպարտ եմ, որ հայ եմ, բայց միշտ հիացած եմ Ֆրանսայով եւ ֆրանսերէնով: Ֆրանսան, որ այնքան սուրբեր տուած է, միշտ կը մղէ զիս, որ աշխատիմ ֆրանսերէնի զօրացման եւ տարածումին համար:
Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսայի նախագահին` այս շքանշանին համար, զոր կ՛ընդունիմ ոչ թէ որպէս քոյր Արուսեակ, այլ` որպէս անդամ կրօնական միաբանութեան, որ միշտ քաջալերած է իմ գործունէութիւնը, նաեւ զայն կ՛ընդունիմ մեր երեխաներուն եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին անունով` յուսալով, որ մեր ապագան աւելի պայծառ կ՛ըլլայ»:
Շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը աւարտած է «Տիրամայր Հայաստան»-ի երգչախումբի համերգով եւ հիւրասիրութեամբ:
«Գուգարք» Մանկական Ճամբարին
Տրամադրուած Է 10 Համակարգիչ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Գուգարք» մանկական ճամբարին տրամադրած է 10 համակարգիչ:
Լոռիի մարզի Վահագնաձոր գիւղին մէջ արդէն 57 տարի է, որ կը գործէ «Գուգարք» մանկական ճամբարը, ուր ամէն տարի կը հիւրընկալուին 7-16 տարեկան պատանիներ: Հոն ամէն տարի արձակուրդ կ՛անցընեն աւելի քան 1200 փոքրիկներ, հիմնականին մէջ` Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերէն:
Ճամբարը արդիականացնելու եւ փոքրիկներուն համակարգչային գիտելիքներ փոխանցելու համար անհրաժեշտ էր համակարգչային սենեակ: «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը օժանդակած է «Գուգարք»-ի տնօրէնութեան` տրամադրելով 10 համակարգիչ: Ընկերութեան աշխատակիցները աջակցած են անոնց տեղադրութեան:
«Ժամանակակից աշխարհին մէջ համակարգչային գիտելիքները էական նշանակութիւն ունին գիտելիքի ձեռքբերման, ուսումնասիրութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ` տարեկիցներու հետ շփուելու առումով: Համակարգչային սենեակի հիմնումը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ փոքրիկներուն` Լոռիի գեղատեսիլ բնութիւնը վայելելու, այլ մարզերէ ճամբար եկած իրենց հասակակիցներուն հետ հաղորդակցելու հետ միատեղ` միաժամանակ ձեռք բերել համակարգչային տարրական գիտելիքներ», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Հայ Օգնութեան Ֆոնտը Վերանորոգած Է
Տաւուշի Չորաթան Գիւղի Մանկապարտէզը
Տաւուշի մարզի Չորաթան գիւղի մանուկները արդէն կրնան յաճախել ամբողջութեամբ նորոգուած եւ կահաւորուած մանկապարտէզի շէնք:
1990-ականներուն հակառակորդին յարձակումներէն խուսափելու համար Չորաթանի մշակոյթի տուն տեղափոխուած մանկապարտէզը այսքան տարի է, որ հիմնովին չէր վերանորոգուած: Հայ օգնութեան ֆոնտին ջանքերով այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ: Հայ օգնութեան ֆոնտին Հայաստանի մասնաճիւղէն տեղեկացուցած են, որ այս տարի սահմանամերձ գիւղի նախակրթարանին աջակցող միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններուն միացած է նաեւ Հայ օգնութեան ֆոնտը` իր «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզին մէջ» ծրագրով վերանորոգելով Մշակոյթի տան մանկապարտէզին պատկանող հատուածը:
«Մեր մանկապարտէզը դարձած է փոքրիկ դրախտավայր մը: Հայ օգնութեան ֆոնտին կողմէ կատարուածը բառերով եւ թիւերով նկարագրելը անհնար է: Զարմացած են ե՛ւ ծնողները, ե՛ւ փոքրիկները: Ծնողները կատակելով կը նշեն, որ այս պայմաններուն համար կը ցանկան յաւելեալ զաւակներ ունենալ», դպրոցի բացման հանդիսութեան ընթացքին ըսած է Չորաթանի մանկապարտէզի տնօրէն Օֆելեա Քալանթարեան:
«Մեր երկիրը սահմանէն կը սկսի, եւ եթէ բոլորը հասկնան այս եւ այս մտածելակերպով առաջնորդուին, ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ», իր կարգին նշած է Հայ օգնութեան ֆոնտի կրթական ծրագիրներու ղեկավար Էդուարդ Կարապետեանը: Ի նշան երախտագիտութեան` Չորաթան գիւղը շնորհակալագիրներ յանձնած է «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզին մէջ» ծրագրի բարերար Մարտիկեան ընտանիքին եւ Հայ օգնութեան ֆոնտին:
Նախակրթարանին օժանդակած է նաեւ «Ֆոքըս ան չիլտրըն նաու» կազմակերպութիւնը` վերանորոգելով ենթակառոյցները եւ գոյք տրամադրելով: Մանկապարտէզը ընդգրկուած է 2013-ին սկսած Հայ օգնութեան ֆոնտին «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզին մէջ» 5-ամեայ ծրագրի մանկապարտէզներուն տրամադրուող սնունդին միջոցով թերսնման դէմ պայքարի ծրագրին մէջ: Յառաջիկային Հայ օգնութեան ֆոնտին օգնութեամբ պիտի կահաւորուի նաեւ մանկապարտէզին խոհանոցը եւ պիտի տրամադրուին պակսող գոյքերը: